Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իսրայէլի Կողմէ Դամասկոսի Օդակայանի Ռմբակոծումը Չափազանց Վտանգաւոր Է» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յունիս 24, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յայտնեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ քննարկած է երկու երկիրներուն միջեւ մուտքի անցագիրները ջնջելու եւ առեւտրական շրջանառութեան ծաւալը աւելցնելու հարցերը:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը աւելցուց. «Կը յուսանք մօտիկ ապագային Թեհրանի մէջ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ ժողովներ տեսնել»:

«Սիոնական գոյացութիւնը չի կրնար մեր շրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան սպառնալ», ըսաւ ան:

Ինչ կը վերաբերի Ուքրանիոյ տագնապին, Իրանի արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ «ուքրանական տագնապի արմատը ՕԹԱՆ-ի միջամտութիւններուն մէջ է», սակայն Իրան «պատերազմը տագնապի լուծում չի նկատեր եւ կ՛ողջունէ քաղաքական ու դիւանագիտական լուծումը»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը  իր կարգին ըսաւ. «Կեդրոնացանք տնտեսական եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման վրայ, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ եւ Իրանի դէմ ամերիկեան ոչ օրինական քայլերը»:

«Կարգ մը երկիրներ արգելք կ՛ըլլան Ասթանայի հարթակի ծիրին մէջ Սուրիոյ վերաբերեալ ՄԱԿ-ի որոշումներուն» ըսաւ Լաւրով` աւելցնելով, որ Մոսկուա շեշտած է սուրիական տագնապի լուծման վերաբերեալ ՄԱԿ-ի թիւ 2254 որոշումի գործադրութեան կարեւորութիւնը` նաեւ կոչ ուղղելով ՄԱԿ-ի մէջ քննարկելու Դամասկոսի միջազգային օդակայանին դէմ իսրայէլեան վերջին յարձակումը:

«Դժբախտաբար, վերջին դէպքը չափազանց վտանգաւոր է: Քաղաքային օդակայանին մէջ աշխատանքի վրայ յարձակում մըն էր եւ իրողապէս յանգեցաւ այդ օդակայանի քանի մը շաբաթով դադրեցման` առաւել եւս օդի ճամբով մարդասիրական մատակարարումները հասցնելու արգելքին», աւելցուց ան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ նշեց. «Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ ուժանիւթի ոլորտին մէջ գործակցութիւնը խոստմնալից հորիզոններ ունի»:

Նախորդը

«Դիմադրութեան» Շարժման Ներկայացուցիչները Եռօրեայ Այցելութիւն Տուին Արցախ

Յաջորդը

Լափիտ Այցելեց Թուրքիա. «Աշխատանք Կը Տանինք Իսրայէլի Հետ Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւնը Բարձրացնելու Դեսպաններու Մակարդակին Եւ Թուրքիոյ Մէջ Ահաբեկչական Յարձակումներ Չենք Արտօներ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ
Միջազգային

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?