Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիոյ դէմ հացահատիկի կամ սննդեղէնի վերաբերեալ պատժամիջոցներ չկան` նշելով. «Այլեւս յստակ է, թէ Ռուսիոյ թիւ մէկ նպատակը Ուքրանիոյ անձնատուութիւնն է, եւ ոչ ոք կը կարծէ, թէ պատերազմը շաբաթներու կամ ամիսներու ընթացքին պիտի աւարտի: Կը մաղթեմ, որ այս տարի աւարտի»:
«Ռուսական ներխուժումը մէկ նպատակ ունի` Ուքրանիան ծունկի բերել, եւ Ուքրանիոյ պիտի տրամադրենք պաշտպանական օժանդակութիւններ, որոնք կը ներառեն «Սեզար» հրետանիներ, եւ անոնք պաշտպանական օժանդակութիւններ են, որոնք չեն ներառեր երկրին սահմաններէն դուրս յարձակումի համար զէնքեր», ըսաւ Մաքրոն:
Ֆրանսայի նախագահը աւելցուց. «Ռուսիան ահաբեկչութեան հովանաւոր երկիր որակելու նպատակ չունինք. ատիկա ճշդելը կը ձգենք Միջազգային քրէական դատարանի դատաւորներուն»:
Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց իր կարգին «Եօթներու խմբակ»-ի վեհաժողովի աւարտին յայտնեց. «Ռուսիոյ մէջ կացութիւնը Ուքրանիոյ դէմ անոր պատերազմին նախորդող վիճակին պիտի չվերադառնայ»:
«Ուքրանիոյ կը կարեկցինք եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` այդ պատերազմին մէջ յաղթանակ չարձանագրելու շուրջ համաձայն ենք», ըսաւ Գերմանիոյ վարչապետը:
«Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ պատերազմը աշխարհի տարածքին աւելի քան 300 միլիոն մարդ սովի եզրին կանգնեցուց, եւ անիկա շարք մը երկիրներու համար, մասնաւորաբար Ափրիկէի երկիրներուն համար գոյութենական վտանգէն», յայտնեց Շոլց:
«Ուքրանիոյ պատերազմին գինը Փութինի համար քաղաքական եւ տնտեսական գետնի վրայ մեծ պիտի ըլլայ», ընդգծեց Գերմանիոյ վարչապետը:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց. որ «Տոնպասի պաշտպանութեան համար յատուկ զինուորական գործողութիւնը կ՛ընթանայ ըստ ճշդուած ծրագիրին»` աւելցնելով, որ պատերազմը «կրնայ մէկ օրուան մէջ աւարտիլ, եթէ ուքրանական ուժերը իրենց զէնքերը վար դնեն»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ զինուորական գործողութեան աւարտին համար ժամկէտ ճշդուա՞ծ է, Փեսքով ըսաւ. «Ո՛չ»:
Մեկնաբանելով Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտոմիր Զելենսքիի այն յոյսը, որ պատերազմը պաղ եղանակի սկիզբէն առաջ աւարտի, Քրեմլինի բանբերը շեշտեց. «Ուքրանական կողմը կրնայ այսօրուան աւարտէն առաջ ամէն ինչ աւարտել, որովհետեւ մենք կարիքը ունինք ազգայնական փաղանգներուն եւ ուքրանական բանակին զէնքերը վար դնելու հրամանի մը, եւ Ռուսիոյ պայմաններուն գործադրութեան»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին նշեց. «Արեւմտեան զէնքերու Ուքրանիա հոսքը որքան աւելնայ, տագնապը այդքան կ՛երկարի»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ մեծ ցաւով իմացած է լուրը Քրեմենչուքի մէջ առեւտրական համալիրի մը հրթիռակոծման, երբ այդտեղ քաղաքայիններ կը գտնուէին, եւ զոհերու ու վիրաւորներու արձանագրումը:
«Վերջին օրերուն շարք մը քաղաքներու, ներառեալ Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ բնակուած շէնքեր թիրախ դարձուցած յարձակումները անգամ մը եւս ցոյց տուին պատերազմին ահաւորութիւնն ու մնայուն խաղաղութեան հրատապ կարիքը», ըսաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ «ուժեղ կերպով» վերահաստատեց «այդ քանդիչ պատերազմը կարելի եղածին չափ շուտ աւարտելու եւ դիւանագիտական լուծումին առաջնահերթութիւն տալու իր կոչը»:
Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահն ու Միացեալ Նահանգներու նախագահը «Թուիթըր»-ի վրայ անջատ գրառումներ կատարելով «սարսափելի» որակած էին Քրեմենչուքի մէջ առեւտրական համալիրին հրթիռակոծումը:
Յիշեցնենք, որ դէպքին ընթացքին առեւտրական կեդրոնին մէջ եղած են 1000 այցելուներ, որոնցմէ 16-ը մահացած է, 59-ը` վիրաւորուած, իսկ աւելի քան 40-ի ճակատագիրը կը մնայ անյայտ:
Լաւրով յայտնեց. «Ռուսական ուժերու ուքրանական Քերմենչուք քաղաքին մէջ առեւտրական համալիրի ռմբակոծումի յանցանքով ամբաստանելը անհիմն է»:


