Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաքի Վարչապետը Սէուտական Արաբիա Եւ Իրան Այցելեց

Յունիս 27, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազիմի շաբաթ օր այցելեց Սէուտական Արաբիա, իսկ երէկ` Իրան:

Սէուտական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը Ժետտայի Քասր Սալամի արքունիքին մէջ հանդիպում ունեցած է Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազեմիի հետ:

Անոնք ունեցած են պաշտօնական բանակցութիւններ, որոնց ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներու երկկողմանի յարաբերութիւններն ու համագործակցութեան ոլորտները, ինչպէս նաեւ տեսակէտներու փոխանակում կատարուած է շարք մը հարցերու շուրջ, «ինչ որ կը նպաստէ ու կ՛ամրապնդէ շրջանային անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը:

Իրաքի վարչապետի գրասենեակը իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ հանդիպումի ընթացքին ամրապնդուած է տնտեսական գործակցութիւնը, կենսոլորտային համագործակցութիւնն ու շրջանի յարատեւ զարգացումը:

«Երկու երկիրները ընդգծեցին Իրաքի` շրջանին մէջ տեսակէտները կամրջելու եւ հանդարտեցման ու շինինչ երկխօսութեան ջանքերը յառաջ մղելու նշանակալից դերակատարութիւնը», նշեց հաղորդագրութիւնը:

Ժետտա իր այցելութենէն մէկ օր ետք, Իրաքի վարչապետը այցելեց նաեւ Թեհրան, ուր հանդիպում ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ: Վերջինս Քազիմիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Իրանն ու Իրաքը կը հաստատեն շրջանին երկիրներուն մէջ անոնց ղեկավարներուն միացեալ աշխատանքին միջոցով խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը»:

«Մենք կ՛ողջունենք շրջանի երկիրներուն միջեւ խնդիրներու լուծումներ գտնելու համար երկխօսութիւնը», ըսաւ Ռայիսի` աւելցնելով. «Օտարերկրեայ միջամտութիւնը շրջանին մէջ խնդիրները չի լուծեր, այլ զանոնք կ՛աւելցնէ»:

«Եմէնի մէջ պատերազմի շարունակութիւնը միայն ժողովուրդի տառապանքի յաւելման կը յանգեցնէ», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով` «միջեմէնեան երկխօսութեան ձեռնարկելու»:

«Սիոնական գոյացութեան շրջանի կարգ մը երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համար առած քայլերը բացարձակապէս անոր անվտանգութիւն պիտի չապահովեն», նշեց Իրանի նախագահը:

Իրաքի վարչապետը իր կարգին յայտնեց. «Իրանի նախագահին հետ քննարկեցինք շրջանին դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ հանդարտեցման շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցինք»:

Իրաքի վարչապետի Սէուտական Արաբիա եւ Իրան կատարած իրերայաջորդ այցելութիւններէն առաջ իրաքեան աղբիւրներ «Մայատին»-ին յայտնած էին, որ այդ այցելութիւնը «վերջերս, այսինքն` անցեալ ռամատան ամսուան աւարտին Պաղտատի մէջ Ռիատի եւ Թեհրանի ունեցած բանակցութիւններու ծիրին մէջ է»:

«Ռիատի եւ Թեհրանի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին շարք մը կարեւոր թղթածրարներ, ներառեալ ինչ կը վերաբերի Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնման իրաքեան միջնորդութեան», նշած էին աղբիւրները:

 

Նախորդը

Ռուսական Բանակը Գրաւած Է Սեւերոտոնեցք Քաղաքը

Յաջորդը

Այսօր Պաքուի Մէջ Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ, Ղազախստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Շուրջ Մեր Բանակցութիւնները  Կը Շարունակուին, Եւ Կը Յուսանք Յառաջիկայ  Շաբթուան Ընթացքին Բանի Մը Հասնիլ»
Միջազգային

Թրամփ. «Կազայի Շուրջ Մեր Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Կը Յուսանք Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին Բանի Մը Հասնիլ»

Յուլիս 15, 2025
Սուէյտայի Մէջ Զինեալ Բախումներ  30 Զոհ Եւ 100 Վիրաւոր Կը Պատճառեն
Միջազգային

Սուէյտայի Մէջ Զինեալ Բախումներ 30 Զոհ Եւ 100 Վիրաւոր Կը Պատճառեն

Յուլիս 15, 2025
Թրամփ Փութինին Ուքրանիոյ Պատերազմը  Դադրեցնելու 50 Օրուան Պայմանաժամ Կը Ճշդէ
Միջազգային

Թրամփ Փութինին Ուքրանիոյ Պատերազմը Դադրեցնելու 50 Օրուան Պայմանաժամ Կը Ճշդէ

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?