Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Մատրիտի Մէջ Թուրքիոյ, Շուէտի, Ֆինլանտայի Եւ ՕԹԱՆ-ի Միջեւ Քառակողմ Վեհաժողով

June 28, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան, ՕԹԱՆ-ը եւ դաշինքին անդամակցելու ցանկութիւն յայտնած երկու թեկնածու երկիրներ` Ֆինլանտան եւ Շուէտը, երեքշաբթի օր Մատրիտի մէջ բարձր մակարդակով բանակցութիւններ պիտի ունենան: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ այս մասին «Հապերթիւրք» պատկերասփիւռի կայանէն յայտնած է Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն:

Քալընի համաձայն, հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի խնդրանքով: Ան միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ Թուրքիան մտադիր չէ հրաժարիլ Շուէտին ու Ֆինլանտային ուղղուած` Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) ահաբեկչական կազմակերպութիւն ճանչնալու իր պահանջներէն:

«Մատրիտի մէջ սպասուող վեհաժողովը ղեկավարներու մակարդակով պիտի ըլլայ», ըսաւ Էրտողանի բանբերը եւ նշեց. «Թուրքիան կը սպասէ, որ Շուէտն ու Ֆինլանտան ՔԱԿ-ի եւ անոր առնչակից կազմակերպութիւններուն դէմ յստակ եւ աներկբայելի կեցուածք որդեգրեն»:

«Այս վեհաժողովին մեր մասնակցութիւնը չի նշանակեր, որ մեր դիրքերէն պիտի նահանջենք», ընդգծած է Քալըն:

«Թուրքիան Շուէտէն եւ Ֆինլանտայէն պաշտօնատարներու հետ անոնց` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան հարցով երկու ժողովներ գումարեց», նշած է ան` աւելցնելով. «Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի օգնական Սետաթ Էօնալ երկուշաբթի օր Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսել պիտի մեկնի` այդ ժողովներուն երրորդ փուլը գումարելու համար»:

Խօսելով Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն մասին` Քալըն յայտնած է, որ Թուրքիան պիտի չմիանայ այն պատժամիջոցներուն, որոնք Արեւմուտքը հաստատած է Ռուսիոյ դէմ ուքրանական ճգնաժամին պատճառով:

«Մենք Ռուսիոյ նկատմամբ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն կը վարենք… Մենք պատժամիջոցներ չենք կիրարկեր եւ ատոնց պիտի չմիանանք: Մենք պէտք է նայինք մեր սեփական շահերուն: Եթէ բոլորը կամուրջները քանդեն, ո՞վ պիտի խօսի Ռուսիոյ հետ:

«Ռուսիոյ հետ մեր տնտեսական յարաբերութիւնները այնպիսի բնոյթ կը կրեն, որ պատժամիջոցներու կիրարկումը աւելի վնաս պիտի հասցնէ Թուրքիոյ տնտեսութեան, քան Ռուսիոյ: Մենք (պատժամիջոցներու հարցին մէջ) յստակ դիրքորոշում որդեգրած ենք: Ատիկա ընդունուած է նաեւ Արեւմուտքին կողմէ», ըսած է Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի բանբերը:

Այսօր Չի Բացառուիր Մատրիտի Մէջ
Պայտըն–Էրտողան Հանդիպումը

Այսօր Մատրիտի մէջ մեկնարկող ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ չի բացառուիր Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ նախագահներ Ճոզըֆ Պայտընի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ հանդիպումը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ երէկ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն:

Անոր համաձայն, Պայտընի եւ Էրտողանի հանդիպումը նուիրուած պիտի ըլլայ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան եւ այդ հարցին մէջ Անգարայի ներկայացուցած առարկութիւններուն:

«Նախագահ Պայտըն ուշադրութեամբ կը հետեւի խնդիրին շուրջ ծաւալող դիւանագիտական զարգացումներուն», նշած է Սալիվըն:

Նախորդը

Ռուսիան Վերջին 100 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Դիմագրաւած Է Արտաքին Պարտքի Վճարման Անկարողութիւն

Յաջորդը

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի. Միացեալ Նահանգներ Մտադիր Են Ուքրանիոյ Մեծ Հեռահարութեամբ Հակահրթիռային Պաշտպանութեան Համակարգեր Մատակարարել

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.