Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եօթներու Խմբակ»-ի Ղեկավարներ. «Ուքրանիան Ինք Պէտք Է Խաղաղ Լուծման Մասին Որոշում Տայ` Առանց Արտաքին Ճնշումի»

June 28, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Եօթներու խմբակ»-ի ղեկավարները 27 յունիսին, Պերլինի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովի ընթացքին որդեգրած են Ուքրանիոյ տագնապին մասին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ խմբակի անդամ երկիրները պիտի շարունակեն աջակցիլ Ուքրանիոյ, անոր գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան:

Անոնք կը նշեն, որ Ուքրանիան ինք պէտք է որոշում տայ խաղաղ լուծման մասին` առանց արտաքին ճնշումի:

«Մենք կը մնանք ցնցուած եւ կը շարունակենք դատապարտել Պիելոռուսիոյ աջակցութեամբ Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ վրայ դաժան, անհիմն, չարդարացուած եւ անօրինական յարձակումը: Մենք կը դատապարտենք եւ չենք ճանչնար Ռուսիոյ կողմէ ուժի միջոցով սահմանները վերափոխելու շարունակական փորձերը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

«Եօթներու խմբակ»-ի ղեկավարները նաեւ մտահոգութիւն յայտնած են Պիելոռուսիոյ հիւլէական մարտագլխիկներով հրթիռներ փոխանցելու Ռուսիոյ մտադրութիւններուն առնչութեամբ:

«Մենք կը վերահաստատենք մեր դատապարտումը Ռուսիոյ կողմէ հիւլէական հռետորաբանութեան եւ ազդանշաններու չարդարացուած կիրարկման վերաբերեալ: Ռուսիան պէտք է կատարէ իր միջազգային պարտաւորութիւնները, ներառեալ այն, որ կ՛արգիլէ քիմիական, կենսաբանական կամ հիւլէական զէնքի օգտագործումը: Մենք Ռուսիոյ կոչ կ՛ուղղենք գործելու պատասխանատուութեամբ եւ զսպուածութիւն ցուցաբերելու, եւ կը կրկնենք, որ նման զէնքի որեւէ օգտագործում անընդունելի պիտի ըլլայ եւ պիտի ունենայ սարսափելի հետեւանքներ: Այդ առնչութեամբ մենք լուրջ մտահոգութիւն կը յայտնենք Պիելոռուսիոյ հիւլէական հզօրութեամբ հրթիռներու հաւանական տրամադրման մասին Ռուսիոյ յայտարարութենէն ետք», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Եօթներու խմբակ»-ի երկիրները նաեւ Ռուսիոյ կոչ կ՛ուղղեն երաշխաւորելու Սեւ ծովու ուքրանական նաւահանգիստներէն գիւղատնտեսական ապրանքներով նաւերու ազատ նաւարկումը:

Կ՛ընդգծուի, որ «Եօթներու խմբակ»-ի երկիրները մտադիր են խստօրէն աջակցիլ Ուքրանիոյ հացահատիկի, բուսական իւղի եւ գիւղատնտեսական այլ ապրանքներու արտադրութեան եւ արտածման հարցին մէջ:

Բացի ատկէ, «Եօթներու խմբակ»-ի երկիրները համաձայնած են ուղիներ փնտռել ռուսական ապրանքներու վրայ դրուած մաքսատուրքերէն եկամուտները Ուքրանիա ուղարկելու համար:

«Մենք վճռականօրէն պիտի կրճատենք Ռուսիոյ եկամուտները, ներառեալ ոսկիի վաճառքէն», կ՛ըսուի փաստաթուղթին մէջ:

Միւս կողմէ, Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի երէկ տեղի ունեցած առցանց հանդիպումի ժամանակ «Եօթներու խմբակ»-ի ղեկավարներուն ըսած է, որ կ՛ուզէ, որ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը աւարտի մինչեւ 2022 թուականի վերջը: Այս մասին «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած է անոր խօսքերուն ծանօթ աղբիւր մը:

Զելենսքի Պաւարիոյ Ալպեան լեռներուն վրայ գտնուող «Շլոս Էլմաու» ամրոցին մէջ առաւօտեան նիստի ընթացքին կոչ ուղղած է մեծ ջանքեր գործադրելու` պատերազմը մինչեւ ձմեռ աւարտելու համար: Աղբիւրը կը նշէ, որ Զելենսքիի ուղերձը յստակ նշան էր, թէ պատերազմի ընթացքը ինչպէս կը տեսնէ:

Բացի ատկէ, նոյն աղբիւրին համաձայն, Զելենսքին իր խօսքին մէջ խնդրած է Քիեւին հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր տրամադրել, խստացնել Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները, տրամադրել անվտանգութեան երաշխիքներ, աջակցիլ երկրի վերականգնման, ինչպէս նաեւ օգնել հացահատիկի արտածման:

 

 

Նախորդը

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի. Միացեալ Նահանգներ Մտադիր Են Ուքրանիոյ Մեծ Հեռահարութեամբ Հակահրթիռային Պաշտպանութեան Համակարգեր Մատակարարել

Յաջորդը

Վրաստանը, Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը Միացեալ Ռազմափորձեր Պիտի Կատարեն

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.