Միջազգային

Պրիւքսելի Մէջ Ստորագրուեցան Շուէտի Եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Մասին Արձանագրութիւնները

Պրիւքսելի Մէջ Ստորագրուեցան Շուէտի Եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Մասին Արձանագրութիւնները

Երէկ Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի կեդրոնատեղիին մէջ ստորագրուեցան Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` դաշինքին անդամակցութեան մասին պաշտօնական արձանագրութիւնները: Փաստաթուղթին տակ իրենց ստորագրութիւնները դրին Շուէտի եւ Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարարներ Անն Լինտէն եւ Փեքա Հաւիսթոն, ինչպէս նաեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ 30 պետութիւններու դեսպանները: Արձանագրութիւններուն ստորագրումէն ետք դաշինքի անդամ պետութիւններու խորհրդարաններուն մէջ ընթացք պիտի առնէ անոնց վաւերացման հոլովոյթը, որուն աւարտէն ետք միայն Հիւսիսային Եւրոպայի այս երկու...

Լուքաշենքօ. «Սով Պիտի Ըլլայ»

Լուքաշենքօ. «Սով Պիտի Ըլլայ»

Պիելոռուսիոյ ղեկավար Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի կարծիքով` աշխարհի վրայ «սով պիտի ըլլայ»: Եւ ատոր պատճառը միայն ուքրանական հացահատիկի արտածման արգելակումը չէ: Այս մասին հաղորդեց ՊԵԼԹԱ-ն: «Ամէն օր աշխարհը կը վախցնեն մինչեւ աշուն եւ ձմեռ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր մեծագոյն սովով: Սով պիտի ըլլայ, եւ ոչ միայն այն պատճառով, որ ուքրանական հացահատիկը դուրս չէ բերուած», ըսած է Լուքաշենքօ: Ան Արեւմուտքը մեղադրած է...

Էրտողան 19 Յուլիսին Պիտի Այցելէ Իրան` Քննարկելու Համար Շրջանային Հարցեր

Էրտողան 19 Յուլիսին Պիտի Այցելէ Իրան` Քննարկելու Համար Շրջանային Հարցեր

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Իրան այցելութեան թուականը յայտնի է: Այս մասին երէկ հաղորդեց «Ահապեր»-ը: Այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ 19 յուլիսին: Ան պիտի հանդիպի Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ: Կը նախատեսուի, որ հանդիպումներու ընթացքին պիտի քննարկուին շրջանային հարցեր: Նախքան այդ, ԻՐՆԱ երէկ հաղորդած էր, որ Իրանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Իրանի, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու...

«Միացեալ Նահանգներն Ու Ռուսիան Իրաւունք Չունին Թուրքիոյ Որեւէ Բան Ըսելու»   Կը Յայտնէ Չաւուշօղլու

«Միացեալ Նահանգներն Ու Ռուսիան Իրաւունք Չունին Թուրքիոյ Որեւէ Բան Ըսելու» Կը Յայտնէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, անդրադառնալով հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ զինեալ ուժերուն ծրագրած զինուորական գործողութեան եւ ատոր վերաբերեալ Ռուսիոյ առարկութիւններուն, ըսած է. «Թուրքիան ինք կը լուծէ սուրիական տարածքէն բխող խնդիրները: Եթէ վտանգ ըլլայ, մեր երկիրը պիտի չնայի ուրիշներուն եւ պիտի վերացնէ խնդիրը»: Այս մասին հաղորդեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Ան ընդգծած է, որ ո՛չ Միացեալ Նահանգները, ո՛չ ալ Ռուսիան իրաւունք...

«Ֆինլանտայի Եւ Շուէտի Մէջ ՕԹԱՆ-ի Ռազմակայաններու Տեղակայումը Պիտի Վտանգէ Անոնց Բնակիչները»  Կ՛ըսէ Վոլոտին

«Ֆինլանտայի Եւ Շուէտի Մէջ ՕԹԱՆ-ի Ռազմակայաններու Տեղակայումը Պիտի Վտանգէ Անոնց Բնակիչները» Կ՛ըսէ Վոլոտին

Հիւսիսատլանտեան դաշինքի ռազմակայաններու տեղակայումը պիտի չպաշտպանէ Ֆինլանտան եւ Շուէտը, այլ ընդհակառակը` միայն պիտի վտանգէ տեղւոյն բնակիչները: Այս մասին «Թելեկրամ»-ի վրայ գրած է Ռուսիոյ Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտին: «ՕԹԱՆ-ի ռազմակայաններուն տեղակայումը ո՛չ Ֆինլանտան, ո՛չ Շուէտը պիտի պաշտպանէ: Ընդհակառակը: Հարուածի տակ պիտի դնէ բնակիչները քաղաքներուն, ուր պիտի տեղակայուին զինուորական ենթակառոյցները», գրած է Վոլոտին: Նախքան այդ, Ֆինլանտայի Լափենրանթա քաղաքի քաղաքապետ Քիմմօ Եարվուն առաջարկած...

«Ամերիկայի, Արեւմուտքի Եւ Թուրքիոյ` ՏԱՀԵՇ-ի Եւ  «Ժապհաթ Նուսրա»-ի Զինեալները Իտլիպէն Ուքրանիա Տեղափոխելը Մեզի Համար Անակնկալ Չէ»  Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Մէջ Սուրիոյ Դեսպանը

«Ամերիկայի, Արեւմուտքի Եւ Թուրքիոյ` ՏԱՀԵՇ-ի Եւ «Ժապհաթ Նուսրա»-ի Զինեալները Իտլիպէն Ուքրանիա Տեղափոխելը Մեզի Համար Անակնկալ Չէ» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Մէջ Սուրիոյ Դեսպանը

Ռուսիոյ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ռիատ Հատտատ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու, Արեւմուտքի եւ Թուրքիոյ` ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ եւ «Ժապհաթ Նուսրա» խմբաւորումներուն զինեալները Իտլիպէն Ուքրանիա տեղափոխելը մեզի համար անակնկալ չէ, որովհետեւ այդ խմբաւորումները տարբեր անուններ ունին, սակայն Արեւմուտքը զանոնք կ՛օգտագործէ իբրեւ խաղաղասէր ժողովուրդներու դէմ գործիքներ»: Սուրիոյ դեսպանը ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Այս ձեւով, Ուքրանիան ահաբեկիչներու եւ վարձկաններու հաւաքման կեդրոնի կը վերածուի, ինչ որ իր...

Ռուսիոյ Ազգային Պահակագունդը ԵԱՀԿ-ի Պաշտօնատարներու` Ուքրանիոյ Գաղտնի Սպասարկութեան Հետ Գործակցութեան Մասին Փաստեր Յայտնաբերած Է

Ռուսիոյ Ազգային Պահակագունդը ԵԱՀԿ-ի Պաշտօնատարներու` Ուքրանիոյ Գաղտնի Սպասարկութեան Հետ Գործակցութեան Մասին Փաստեր Յայտնաբերած Է

Ռուսիոյ Ազգային պահակագունդի մասնայատուկ ուժերը Խերսոնի մէջ ուքրանացի հրամանատար Վիաչեսլաւ Սաւչենքոյի տան մէջ յայտնաբերած են փաստաթուղթեր, որոնք կ՛ապացուցեն, թէ ԵԱՀԿ-ը կապի մէջ է ուքրանական գաղտնի սպասարկութեան հետ: Փաստաթուղթերէն նաեւ ի յայտ կու գայ, թէ ԵԱՀԿ-ի առաքելութեան ներկայացուցիչները գտնուած են Խերսոնի մէջ եւ Սաւչենքոյի անձնական հոգատարութիւնը վայելած են: Ականատեսներ նաեւ յայտնած են. «Կազմակերպութեան պաշտօնեաները կանոնաւոր կերպով կ՛այցելէին նշեալ պալատ»: Այս փաստաթուղթերուն...

Բրիտանական Գաղտնի Սպասարկութեան Համաձայն`  Ռուսիան Լուկանսքին Տիրելէ Ետք Պիտի Կեդրոնանայ Տոնեցքի Վրայ

Բրիտանական Գաղտնի Սպասարկութեան Համաձայն` Ռուսիան Լուկանսքին Տիրելէ Ետք Պիտի Կեդրոնանայ Տոնեցքի Վրայ

Բրիտանիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը յայտնեց, որ ռուսական ուժերը Լուկանսք քաղաքին շուրջ մէկ շաբաթէ ի վեր մագլցում արձանագրած բախումներէ ետք յառաջխաղացք արձանագրած են: «Ռուսիան Լուկանսքի վրայ վերահսկողութիւն հաստատելէ ետք պիտի կեդրոնանայ Տոնեցքի շրջան մուտք գործելուն վրայ», նշեց գաղտնի սպասարկութիւնը: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կիրակի օր յայտարարած էր, թէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու նախագահ Վլատիմիր Փութինին տեղեկացուցած է, թէ Լուկանսքի ժողովրդային հանրապետութեան հողերը...

Քրեմլին Մեկնաբանած Է Ուզպեքիստանի Մէջ Վերջին Դէպքերը

Քրեմլին Մեկնաբանած Է Ուզպեքիստանի Մէջ Վերջին Դէպքերը

Ղարաքալփաքստանի մէջ տիրող կացութիւնը Ուզպեքիստանի ներքին գործն է: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Ուզպեքիստանը մեր դաշնակիցն է, բարեկամ երկիրն է, մեր շատ կարեւոր գործընկերն է: Այն ինչ որ Ուզպեքիստանի մէջ տեղի կ՛ունենայ, այդ երկրին ներքին գործն է», ըսած է Քրեմլինի բանբերը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ Մոսկուան կը հետեւի՞ Ղարաքալփաքստանի...

Ապտոլլահեան. «Իրան Սուրիոյ Մէջ Որեւէ Զինուորական Քայլի Դէմ Է Եւ Ջանք Պիտի Թափէ Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Տագնապ Մը Կանխարգիլելու Համար»

Ապտոլլահեան. «Իրան Սուրիոյ Մէջ Որեւէ Զինուորական Քայլի Դէմ Է Եւ Ջանք Պիտի Թափէ Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Տագնապ Մը Կանխարգիլելու Համար»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յայտնեց, որ շաբաթ օր Դամասկոս իր այցելութեան ընթացքին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին ներկայացուցած է «ապահովական մտավախութիւնները, որ քանի մը օր առաջ Անգարա այցելութեանս ընթացքին ինծի յայտնեցին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն ու արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն»: Ապտոլլահեան «Ինսթակրամ»-ի վրայ գրեց. «Անկեղծօրէն յայտնեցինք, թէ Իրանի իսլամական հանրապետութեան դիրքորոշումը խնդիրները երկխօսութեան ու գործակցութեան ճամբով...

Ուքրանիան «Թոչքա-Ու» Թեւաւոր Հրթիռներով Եւ Անօդաչու Թռչող Սարքերով Հարուածած Է Ռուսիոյ Տարածքը

Ուքրանիան «Թոչքա-Ու» Թեւաւոր Հրթիռներով Եւ Անօդաչու Թռչող Սարքերով Հարուածած Է Ռուսիոյ Տարածքը

Կիրակի գիշեր ուքրանական զօրքերը «Թոչքա-Ու» հրթիռներով եւ «Ռէյս» անօդաչու թռչող սարքերով հարուածած են Ռուսիոյ Քուրսքի եւ Պելկորոտի մարզերու տարածքները: Այս մասին հաղորդեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: «Այս գիշեր Մոսկուայի ժամանակացոյցով ժամը 03:00-էն մինչեւ 03:30 Քիեւի վարչակարգը «Թոչքա-Ու» թեւաւոր հրթիռներով տարանջատուող զինատեսակներով եւ «Թու-143 Ռէյս» անօդաչու թռչող սարքերով դիտաւորեալ կերպով հարուած հասցուցած է Պելկորոտի եւ Քուրսքի բնակելի թաղամասերուն, ուր զինուորական կէտեր չկան»,...

Ռուսիան Դադրեցուցած Է Եւրոպական Խորհուրդին Հետ Համաձայնագիրներուն Իր Մասնակցութիւնը

Ռուսիան Դադրեցուցած Է Եւրոպական Խորհուրդին Հետ Համաձայնագիրներուն Իր Մասնակցութիւնը

Ռուսիան կը դադրեցնէ Եւրոպական խորհուրդի մասնակի եւ ընդլայնուած համաձայնագիրներուն իր մասնակցութիւնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին հրամանագիրը ստորագրած է Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին: «Նասթոյաշչեյէ Վրեմիա»-ի համաձայն, խօսքը ութ համաձայնագիրներու մասին է, որոնց մասնակցութիւնը կ՛աւարտի 16 մարտ 2023-ին: Եւրոպական խորհուրդը Ուքրանիոյ վրայ յարձակումին յաջորդ օրը` 25 փետրուարին որդեգրած է կազմակերպութեան կանոնադրական կառոյցներուն մէջ Ռուսիոյ ներկայութիւնը «սառեցնելու խտրական որոշում:...

«Ռուսիոյ Եւ Արեւմուտքի Միջեւ «Երկաթէ Վարագոյր»-ը Արդէն Կ՛իջնէ»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Ռուսիոյ Եւ Արեւմուտքի Միջեւ «Երկաթէ Վարագոյր»-ը Արդէն Կ՛իջնէ» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի միջեւ «երկաթէ վարագոյր»-ը արդէն կ՛իջնէ: «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը: «Ինչ կը վերաբերի «երկաթէ վարագոյր»-ին, ապա ես համաձայն եմ Վլատիմիր Վլատիմիրովիչի (Մաքէյ, Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար, «Ա.») հետ, ատիկա գործնականին մէջ արդէն կ՛իջնէ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ Ռուսիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւնները...

«Շուէտը Մեզի Խոստացաւ 73 Ահաբեկիչներ Արտայանձնել»   Կ՛ըսէ Էրտողան

«Շուէտը Մեզի Խոստացաւ 73 Ահաբեկիչներ Արտայանձնել» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Թուրքիան մօտէն պիտի հետեւի Շուէտի եւ Ֆինլանտայի հետ ստորագրուած եռակողմ յուշագիրին մէջ արձանագրուած հարցերու գործադրութեան` ատոր հիմամբ ՔԱԿ-ի, Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու, Ժողովրդային միութիւն կուսակցութեան ու Կիւլենի ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պէտք եղած քայլերու որդեգրման եւ այդ առնչութեամբ իրաւական ցուցակները ամբողջացնելու համար»: «Այն, ինչ որ տեսանք Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան հոլովոյթի ընթացքին, Թուրքիոյ ահաբեկչութեան թղթածրարին...

Փութին. «Մեր Զինուորական Գործողութիւնը  Պիտի Շարունակուի Մինչեւ Լուկանսքի Եւ Տոնեցքի Բնակիչներու Ամբողջական  Անվտանգութեան Ապահովումը»

Փութին Կը Յայտարարէ` Ուքրանիոյ Պատերազմին Նպատակը Չէ Փոխուած

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Մոսկուայի` Ուքրանիոյ պատերազմին առնչուած նպատակը չէ փոխուած, մարտավարութիւնը կրնայ այլ ըլլալ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: «Ոչինչ փոխուած է: Ես 24-ի (Փետրուարի) առաւօտեան` հրապարակային, ամբողջ երկրին ուղղած ուղերձիս մէջ ըսի: Ես աւելցնելիք բան չունիմ: Ոչինչ փոխուած է: Մարտավարութիւնը առաջարկուած է պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ` ո՛ւր տեղակայել զօրքը, ինչպիսի՛ թիրախներ խոցել», ըսած է Քրեմլինի...

«ՕԹԱՆ Պատրաստ Չէ Վրաստանին Դաշինք Մուտք Գործելու Ժամկէտներու Վերաբերեալ Որեւէ Խոստում Տալու»  Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

«ՕԹԱՆ Պատրաստ Չէ Վրաստանին Դաշինք Մուտք Գործելու Ժամկէտներու Վերաբերեալ Որեւէ Խոստում Տալու» Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

ՕԹԱՆ տակաւին պատրաստ չէ Վրաստանին Հիւսիսատլանտեան դաշինք մուտք գործելու ժամկէտներու վերաբերեալ որեւէ խոստում տալու: Այս մասին Մատրիտի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի երկրորդ օրուան յաջորդած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ: «Ինչ կը վերաբերի անդամակցութեան հարցին, ապա մենք չենք պատրաստուիր որեւէ ժամկէտ նշելու», ըսած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը:  

«Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Բանակցութիւնները Կրնան Մէկ Տարի Տեւել» Կ՛ըսէ Շուէտի Վարչապետը

«Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Բանակցութիւնները Կրնան Մէկ Տարի Տեւել» Կ՛ըսէ Շուէտի Վարչապետը

Շուէտի վարչապետ Մակտալենա Անտերսոն յայտնեց, որ իր երկրին` ՕԹԱՆ-ին անդամակցիլը կրնայ մէկ տարի տեւել: Ան Մատրիտի մէջ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ յստակ դարձուցած է, որ իր երկիրը որոնուող անձերու արտայանձնման հարցին մէջ յանձնառու պիտի մնայ միջազգային օրէնքին: Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրը «ահաբեկչութեան նկատմամբ Թուրքիոյ մտավախութիւնները լուրջի առած է»` շեշտելով, որ իր երկիրն ու...

Իրան. «Տոհայի Մէջ Հիւլէական Համաձայնագիրի Վերականգնման Շուրջ Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին Արհեստավարժ Մթնոլորտի Մէջ»

Իրան. «Տոհայի Մէջ Հիւլէական Համաձայնագիրի Վերականգնման Շուրջ Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին Արհեստավարժ Մթնոլորտի Մէջ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հերքեց այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, հիւլէական համաձայնագիրի վերականգնման շուրջ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանակցութիւնները վերջ գտած են` ընդգծելով, որ անոնք արհեստավարժ եւ լուրջ մթնոլորտի մէջ տեղի կ՛ունենան: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քանաանի երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Տոհայի մէջ երկու օրէ ի վեր ընթացող բանակցութիւնները տակաւին չեն աւարտած, եւ այս գիշեր Իրանի...

Թուրքիան Զօրակցեցաւ Ֆինլանտայի Եւ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Դիմումին

Թուրքիան Զօրակցեցաւ Ֆինլանտայի Եւ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Դիմումին

Ֆինլանտայի նախագահ Սաուլի Նիինիսթօ յայտնեց, որ Թուրքիան համաձայն գտնուած է Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դիմումին աջակցելու: Նշենք, որ Ֆինլանտայի նախագահը երեքշաբթի օր ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի նախօրեակին հանդիպում ունեցած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Շուէտի վարչապետ Մակտալենա Անտերսոնի հետ: Ֆինլանտայի նախագահական պալատին հրապարակած հաղորդագրութիւնը նշեց. «Այդ հանդիպումին հիմամբ երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները ստորագրեցին եռակողմ արձանագրութիւն մը, որ կը հաստատէ Թուրքիոյ...

ՕԹԱՆ Հաստատեց Իր Ռազմավարական Նոր Հայեցակարգը, Ռուսիան Անվտանգութեան Գլխաւոր Սպառնալիք Յայտարարեց Եւ Շուէտի Ու Ֆինլանտայի Անդամակցութեան Մեքանիզմը Որդեգրեց

ՕԹԱՆ Հաստատեց Իր Ռազմավարական Նոր Հայեցակարգը, Ռուսիան Անվտանգութեան Գլխաւոր Սպառնալիք Յայտարարեց Եւ Շուէտի Ու Ֆինլանտայի Անդամակցութեան Մեքանիզմը Որդեգրեց

Երէկ Մատրիտի մէջ ընթացող ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ընթացքին որդեգրուած է դաշինքի նոր ռազմավարական հայեցակարգը, որուն մէջ Ռուսիան յայտարարուած է անվտանգութեան գլխաւոր սպառնալիք: «ՕԹԱՆ-ը Ռուսիոյ հետ ճակատում չի փնտռեր եւ Մոսկուայի համար վտանգ չի ներկայացներ», կը նշուի ռազմավարական հայեցակարգին մէջ: «Մենք պաշտպանական գոյացութիւն ենք եւ ոչ ոքի կը սպառնանք, յանձնառու ենք ժողովրդավարութեան, ազատութիւններուն եւ ՕԹԱՆ-ի հիմնարար ուխտին», նշեց ՕԹԱՆ-ը: Ատոր մէջ կը...

Page 257 of 882 1 … 256 257 258 … 882

Արխիւներ