Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ արձագանգած է շարք մը ընդդիմադիր կուսակցութիւններու` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի 2023 թուականի ընտրութեան նախագահի պաշտօնին թեկնածու առաջադրուելու անօրինականութեան մասին յայտարարութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ճումհուրիեթ» օրաթերթը:
Անոր համաձայն, նման յայտարարութիւնները սխալ են, հակառակ այն հանգամանքին, որ երկրին ղեկավարը երրորդ անգամ ընտրութեան կը մասնակցի:
«Մեր թեկնածուն նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն է: Անոր յառաջիկայ ընտրութեան իբրեւ թեկնածու առաջադրումը օրինական է», աւելցուցած է Պոզտաղ:
Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Էրտողանը իբրեւ նախագահի թեկնածու առաջադրելու մասին յայտարարած էր յունիսի սկիզբը: Ընդդիմադիր կուսակցութիւնները այդ քայլը նկատած են անօրինական, որովհետեւ քաղաքական գործիչը արդէն երկու անգամ մասնակցած է նախագահական ընտրութեան եւ, անոնց պնդումով, երրորդ անգամ չի կրնար թեկնածու ներկայանալ: Սակայն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կը վստահեցնէ, որ գործող նախագահը կրնայ ամբողջովին օրինական կերպով յաւելեալ երկու անգամ առաջադրել իր թեկնածութիւնը:


