Պաղեստինեան Համաս շարժումի զինեալ թեւը` «Քասսամի փաղանգները» խմբաւորումը իր մօտ իբրեւ գերի գտնուող իսրայէլացի զինուորներէն մէկու մը` Հիշամ Սայետի վերաբերեալ տեսերիզ մը ցուցադրեց:
Մէկ օր առաջ «Քասսամի փաղանգները» խմբաւորումը յայտարարած էր, որ իր մօտ գտնուող գերիներէն մէկուն առողջական վիճակը վատթարացած է, «եւ քանի մը ժամէն» այդ մէկը հաստատող տեսերիզ մը պիտի ցուցադրէ:
Համասի մօտ կը գտնուին 2014-ի Կազայի պատերազմին ընթացքին գերեվարուած 4 իսրայէլացիներ, որոնցմէ 2-ը զինուորներ են: Համաս անոնց ճակատագիրին կամ առողջական վիճակին մասին որեւէ տեղեկութիւն չի հրապարակեր: Ասիկա առաջին անգամն է, որ այդ քայլին կը դիմէ:


