Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիան Վերջին 100 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Դիմագրաւած Է Արտաքին Պարտքի Վճարման Անկարողութիւն

June 28, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

27 յունիսին աւարտած է Ռուսիոյ շուրջ 100 միլիոն տոլարի եւրապարտատոմսերու տոկոսներու վճարման արտօնեալ ժամկէտը, այդ պատճառով ալ արձանագրուած է վերջին հարիւր տարուան մէջ Ռուսիոյ համար «տիֆոլթ»-ի` արտաքին պարտքի վճարման անկարողութեան առաջին դէպքը:

Այս մասին հաղորդեց «Պլումպըրկ»-ը` վկայակոչելով պարտքային պարտաւորութիւններու պայմանները, որոնց համաձայն, 26 յունիսին աւարտած է շուրջ 100 միլիոն տոլարի եւրապարտատոմսերու տոկոսներու վճարման արտօնեալ ժամկէտը:

Մէկ օր առաջ հաղորդուած էր, որ եթէ ներդրողները գումարը մինչեւ վերջնաժամկէտ չստանան, ապա երկուշաբթի առաւօտեան տեղի կ՛ունենայ «տիֆոլթ»` պարտքի վճարման անկարողութեան արձանագրում: «Պլումպըրկ»-ի տուեալներով` Ռուսիոյ համար 1918-էն ի վեր` իշխանութեան հասած պոլշեւիկներու կողմէ Ռուսիոյ կայսրութեան պարտքերը վճարելէ հրաժարելէն ի վեր, ասիկա արտաքին պարտքի վճարման անկարողութեան առաջին պարագան է:

Լրատու գործակալութեան տուեալներով` «ասիկա երկրի` տնտեսական, ֆինանսական եւ քաղաքական վտարանդիի արագ վերածման նշան է», որովհետեւ «Կեդրոնական դրամատան արժոյթային պահեստները սառեցուած են, իսկ մեծագոյն դրամատուները կտրուած են համաշխարհային ֆինանսական համակարգէն»:

«Պլումպըրկ», սակայն, կ՛ընդունի, որ «հաշուի առնելով տնտեսութեան եւ շուկաներուն արդէն հասցուած վնասը, պարտքը վճարելու անկարողութիւնը առայժմ հիմնականին մէջ խորհրդանշական բնոյթ կը կրէ եւ ռուսերուն համար քիչ նշանակութիւն ունի»:

«Պլումպըրկ» կը գրէ, որ Մոսկուան «տիֆոլթ»-ի մօտեցած է Ուքրանիա զօրքեր մտցնելէն անմիջապէս ետք, սակայն կրցած է խուսափիլ ատկէ` անցնելով վճարման այլ եղանակի, սակայն արդէն մայիսին Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները փակած են Մոսկուայի խուսանաւելու կարելիութիւն տուող սողանցքը»:

Այժմ համաշխարհային շուկաները կը բախին «եզակի կացութեան», երբ վարկառուն պատրաստ է եւ ունի վարկատուներուն վճարելու գումարները, սակայն պատժամիջոցներուն պատճառով չի կրնար ատիկա ընել:

Տեսականօրէն միջազգային վարկանշային գործակալութիւնները պէտք է «տիֆոլթ» յայտարարեն Ռուսիոյ նկատմամբ, սակայն պատժամիջոցները անոնց չեն արտօներ երկրին մէջ գործառնութիւններ կատարել, կը նշէ «Պլումպըրկ»:

Ռուսիոյ ելեւմուտքի նախարար Անթոն Սիլուանով այս շաբթուան սկիզբը հրաժարած է Ռուսիոյ պետական պարտքի օտար դրամանիշով վճարումներու դադրեցումը նկատել իբրեւ «տիֆոլթ»` ըսելով, որ Մոսկուան «կը ձեռնարկէ բոլոր հաւանական քայլերը` բոլոր ներդրողներուն գումարները ամբողջութեամբ վճարելու համար»:

«Բոլոր հիմքերը կան կարծելու, որ Ռուսիոյ համար պետական արտաքին պարտքը սպասարկելու համար արհեստական խոչընդոտներու ստեղծումը անհրաժեշտ է` «տիֆոլթ» պիտակը կախելու համար: Դուք կրնաք որեւէ բան յայտարարել եւ փորձել պիտակ կապել: Սակայն բոլոր անոնք, որոնք կը հասկնան, կը հասկնան, որ ասիկա «տիֆոլթ» չէ», ըսած է նախարարը:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց, որ Քրեմլին համաձայն չէ, որ Ռուսիան «տիֆոլթ»-ի բախած է:

 

Նախորդը

Հիւլէական Համաձայնութեան Վերականգնման Բանակցութիւններու Յաջորդ Փուլը Տոհայի՞ Մէջ

Յաջորդը

Այսօր Մատրիտի Մէջ Թուրքիոյ, Շուէտի, Ֆինլանտայի Եւ ՕԹԱՆ-ի Միջեւ Քառակողմ Վեհաժողով

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.