Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապտոլլահեան. «Իրան Սուրիոյ Մէջ Որեւէ Զինուորական Քայլի Դէմ Է Եւ Ջանք Պիտի Թափէ Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Տագնապ Մը Կանխարգիլելու Համար»

July 4, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յայտնեց, որ շաբաթ օր Դամասկոս իր այցելութեան ընթացքին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին ներկայացուցած է «ապահովական մտավախութիւնները, որ քանի մը օր առաջ Անգարա այցելութեանս ընթացքին ինծի յայտնեցին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն ու արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն»:

Ապտոլլահեան «Ինսթակրամ»-ի վրայ գրեց. «Անկեղծօրէն յայտնեցինք, թէ Իրանի իսլամական հանրապետութեան դիրքորոշումը խնդիրները երկխօսութեան ու գործակցութեան ճամբով լուծելն է, եւ կը մերժենք ուժի կիրարկումն ու Սուրիոյ դէմ որեւէ զինուորական արարքի գործադրումը»:

«Սուրիա այցելութեանս ընթացքին հանդիպում ունեցայ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Անոր ըսի. «Ձեր Թեհրան վերջին այցելութիւնը երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ եւ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները յառաջ մղելու մէջ շրջադարձ մըն է»: Այս առումով Ասատ այն կարծիքը յայտնեց, որ իրանեան-սուրիական յարաբերութիւնները աւելի քան 40 տարիէ ի վեր կը զարգանան, եւ Իրան-Սուրիա կապը երկկողմանի յարաբերութիւնները շրջանցող ռազմավարական դաշինք է»:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ այդ հանդիպումին ընթացքին դատապարտած է Սուրիոյ վրայ իսրայէլեան յարձակումները` Ասատին ըսելով. «Արեւմուտքցիներուն այս բացայայտ յարձակումին նկատմամբ լուռ մնալը այդ երկիրներուն մէջ երկակի չափանիշներու ցուցանիշ է»:

Ասատ շեշտած է «ներկայ կացութեան մէջ այս այցելութեան կարեւորութիւնը» եւ այն կարծիքը յայտնած, թէ «շրջանային ու միջազգային ներկայ պայմաններուն պատճառով, շրջանին մէջ հաւասարակշռութիւնը փոխող կացութիւն կը գոյանայ»:

Նշենք, որ Ապտոլլահեան շաբաթ օր Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Շրջանին մէջ որեւէ օտարերկրեայ միջամտութիւն սխալ է եւ կացութիւնը կը բարդացնէ»` աւելցնելով. «Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ որեւէ թրքական զինուորական քայլ շրջանին կայունութիւնը կը քայքայէ»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ թուրք պաշտօնատարներուն հետ խօսած է եւ անոնց վստահեցուցած, որ «լուծումը երկու երկիրներու անվտանգութեան պատասխանատուներու միջեւ երկխօսութիւնն է»` շեշտելով. «Իրան ջանք պիտի թափէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ զինուորական տագնապը կանխարգիլելու համար»:

«Պատրաստ ենք որեւէ քաղաքական լուծում ներկայացնելու եւ Սուրիոյ մէջ որեւէ զինուորական քայլի դէմ ենք», աւելցուց իրանեան դիւանագիտութեան պետը` նշելով, որ Թեհրան «կը զօրակցի Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ խնդիրներու դիւանագիտական միջոցներով լուծումին»:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտնեց. «Իրան ջանք կը թափէ Թուրքիոյ հետ խնդիրները, առանց պատերազմի փող հնչեցնելու, լուծելու համար»` յայտարարելով, որ իր երկիրը կ՛ողջունէ «այս ուղղութեամբ իրանեան դերակատարութիւնը»:

Մըքտատ դատապարտեց «շրջանին մէջ ահաբեկչութեան եւ պատերազմի շրջագիծը ընդլայնելու արեւմտեան փորձերը», եւ իր խօսքը Իսրայէլին ուղղելով յայտարարեց. «Մենք չափ ու սահման ունինք, եւ կրնանք իսրայէլեան յարձակումներուն դէմ դնել»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը Դամասկոս ուղղուելէ առաջ յայտարարած էր. «Դամասկոս այցելութեանս նպատակը Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ խաղաղութեան կայունութեան հոլովոյթին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու ջանք թափելն է` նկատի ունենալով, որ անոնք Իրանի հետ կարեւոր յարաբերութիւններ ունեցող պետութիւններ են»` աւելցնելով. «Շրջանին մէջ բազմաթիւ զարգացումներ տեղի կ՛ունենան եւ մեզ կը պարտաւորեցնեն նոր տագնապներու յառաջացումը կանխարգիլելու համար շինիչ քայլեր կատարելու»:

Ապտոլլահեան երէկ Դամասկոսի մէջ պաղեստինեան խմբաւորումներու ղեկավարներու հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց. «Եգիպտոսը իսլամական աշխարհին մէջ կարեւոր երկիր է»` նշելով. «Կ՛ողջունենք Թեհրանի  եւ Գահիրէի միջեւ յարաբերութիւններու հզօրացումն ու ամրապնդումը, որ ի շահ շրջանի պետութիւններուն ու երկու երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ է»:

Անդրադառնալով Պաղտատի մէջ Իրան-Եգիպտոս-Յորդանան բանակցութիւններու մասին լուրերուն յայտնեց, որ «Եգիպտական կողմին հետ ներկայիս ուղղակի բանակցութիւններ չկան»` աւելցնելով, որ Թեհրանի եւ Գահիրէի միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար ջանքեր գոյութիւն ունին:

 

 

Նախորդը

Ուքրանիան «Թոչքա-Ու» Թեւաւոր Հրթիռներով Եւ Անօդաչու Թռչող Սարքերով Հարուածած Է Ռուսիոյ Տարածքը

Յաջորդը

Ինթեր Միլան Ներկայացուց Հենրիխ Մխիթարեանը

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.