Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բրիտանական Գաղտնի Սպասարկութեան Համաձայն` Ռուսիան Լուկանսքին Տիրելէ Ետք Պիտի Կեդրոնանայ Տոնեցքի Վրայ

July 5, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը յայտնեց, որ ռուսական ուժերը Լուկանսք քաղաքին շուրջ մէկ շաբաթէ ի վեր մագլցում արձանագրած բախումներէ ետք յառաջխաղացք արձանագրած են:

«Ռուսիան Լուկանսքի վրայ վերահսկողութիւն հաստատելէ ետք պիտի կեդրոնանայ Տոնեցքի շրջան մուտք գործելուն վրայ», նշեց գաղտնի սպասարկութիւնը:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կիրակի օր յայտարարած էր, թէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու նախագահ Վլատիմիր Փութինին տեղեկացուցած է, թէ Լուկանսքի ժողովրդային հանրապետութեան հողերը ամբողջովին ազատագրուած են:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի իր կարգին կիրակի օր հաստատած էր, որ ուքրանական բանակը Լիսիչանսքէն նահանջած է, սակայն խոստացած էր վերականգնել այդ տարածքին նկատմամբ վերահսկողութիւնը զինուորական մարտավարութեան միջոցով` նոր, աւելի լաւ սպառազինութիւն ստանալու հեռանկարի լոյսին տակ:

Նախքան այդ, Ուքրանիոյ զինուորական հրամանատարութիւնը յայտարարած էր, որ որոշած է զօրքերը դուրս բերել քաղաքէն: «Քաղաքի ուքրանացի պաշտպաններուն կեանքը փրկելու համար որոշում տրուած է դուրս բերել զօրքերը», կը նշուէր հաղորդագրութեան մէջ:

Չեչենիոյ ղեկավար Ռամզան Քատիրով շաբաթ օր «Թելեկրամ»-ի իր էջին վրայ գրած էր.  «Յաղթանակի կարմիր դրօշը տեղադրուած է Լիսիչանսքի կեդրոնական այգիին մէջ»: Ուքրանիոյ ազգային պահակագունդի բանբեր Ռուսլան Մուզիչուք, սակայն, հերքած էր լուրը` նշելով. «Լիսիչանսքի մօտ կատաղի մարտեր տեղի կ՛ունենան, քաղաքը շրջապատուած չէ եւ կը գտնուի ուքրանական զօրքերուն վերահսկողութեան տակ»:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու երէկ յայտնեց, որ ուքրանական բանակը Լիսիչանսքի մէջ ունեցած է 2218 զոհ եւ 3251 վիրաւոր, ինչպէս նաեւ կորսնցուցած է 12 օդանաւ, 6 հակաօդային համակարգ եւ 39 հրասայլ:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ռուսական բանակին հրամայեց շարունակել իր յարձակումը:

Նախորդը

Քրեմլին Մեկնաբանած Է Ուզպեքիստանի Մէջ Վերջին Դէպքերը

Յաջորդը

Ռուսիոյ Ազգային Պահակագունդը ԵԱՀԿ-ի Պաշտօնատարներու` Ուքրանիոյ Գաղտնի Սպասարկութեան Հետ Գործակցութեան Մասին Փաստեր Յայտնաբերած Է

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.