Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիան Զօրակցեցաւ Ֆինլանտայի Եւ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Դիմումին

Յունիս 30, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆինլանտայի նախագահ Սաուլի Նիինիսթօ յայտնեց, որ Թուրքիան համաձայն գտնուած է Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դիմումին աջակցելու: Նշենք, որ Ֆինլանտայի նախագահը երեքշաբթի օր ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի նախօրեակին հանդիպում ունեցած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Շուէտի վարչապետ Մակտալենա Անտերսոնի հետ:

Ֆինլանտայի նախագահական պալատին հրապարակած հաղորդագրութիւնը նշեց. «Այդ հանդիպումին հիմամբ երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները ստորագրեցին եռակողմ արձանագրութիւն մը, որ կը հաստատէ Թուրքիոյ այս շաբաթ Մատրիտի մէջ գումարուելիք վեհաժողովի ընթացքին Ֆինլանտայի եւ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցելու հրաւէրին զօրակցութիւնը: Դաշնակիցները յառաջիկայ երկու օրուան ընթացքին պիտի համաձայնին ՕԹԱՆ-ին մեր անդամակցութեան համար որոշակի քայլերու շուրջ»:

Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ երեք երկիրները համաձայնած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ իրարու աջակցելու:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ իր կարգին նշեց, որ երեքշաբթի գիշեր կատարուած այս քայլը «պիտի փոխէ Պալթեան շրջանին մէջ անվտանգութեան կացութիւնը»` աւելցնելով. «Դաշինքին դուռը բաց պիտի մնայ, հակառակ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` անոր ընդլայնումը մերժելուն:

Թուրքիոյ նախագահական պալատը յայտարարեց, որ Էրտողան Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալներուն եւ անոր դաշնակիցներուն դէմ Ֆինլանտայի եւ Շուէտի «ամբողջական գործակցութիւն»-ը ստացած է: «Թուրքիան իր ուզածը ստացաւ», ընդգծեց Թուրքիոյ նախագահական պալատը:

Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան թեկնածու երկու երկիրները խոստացած են յանձնառու ըլլալ ՔԱԿ-ի եւ անոր առնչակից շարժումներուն դէմ պայքարին մէջ «Թուրքիոյ հետ ամբողջական գործակցութեան»:

Թուրքիոյ նախագահական պալատը աւելցուց, որ երկու երկիրները նաեւ պիտի արգիլեն ՔԱԿ-ի համար «դրամահաւաքի եւ զինուորագրման բոլոր գործունէութիւնները, ինչպէս նաեւ պիտի արգիլեն Թուրքիոյ դէմ ահաբեկչական քարոզչութիւնը»:

Հելսինքին ու Սթոքհոլմը նաեւ խոստացած են «ամէն տեսակի ահաբեկչութեան դէմ Թուրքիոյ պատերազմին մէջ Թուրքիոյ զօրակցութիւն ցուցաբերել»:

Երկու երկիրները ընդունած են զինուորական ճարտարարուեստի Թուրքիոյ արտածման որեւէ սահմանափակում կամ արգելք չհաստատել, ինչպէս 2019-ին ըրած էին Անգարայի` Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութենէն ետք:

Երկիրները յատուկ մեքանիզմ պիտի ստեղծեն` վերահսկելու համար յուշագիրին մէջ ամրագրուած համաձայնութիւններու կատարումը:

Նշենք, որ Էրտողանի բանբեր Իպրահիմ Քալըն եւ Շուէտի ու Ֆինլանտայի արտաքին գործոց փոխնախարարները մէկ օր առաջ` երկուշաբթի օր Պրիւքսելի մէջ հանդիպում ունեցած էին քառակողմ բանակցութիւններէն առաջ խորհրդակցելու համար, եւ թուրք պաշտօնատարներ եւ արեւմուտքցի դիւանագէտներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած էին, թէ Մատրիտի մէջ բեկում մը բացառուած է:

«Էսոշիէյթըտ Փրես»` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը, հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները Թուրքիոյ ոչ մէկ խոստում տուած են Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու հարցին նկատմամբ առարկութիւնները վերցնելու անոր որոշումին դիմաց:

«Պաշտօնատարը անանունութեան պայմանով ըսաւ, որ Թուրքիան այս նիւթին շուրջ բանակցութիւններու ընթացքին Միացեալ Նահանգներէն զիջումներ չէ խնդրած», կը նշուի հրապարակումին մէջ:

Լրատու գործակալութեան զրուցակիցը միեւնոյն ժամանակ վստահեցուցած է, որ Ուաշինկթընը առանցքային դեր խաղացած է Անգարայի, Հելսինքիի եւ Սթոքհոլմի միջեւ բանակցային հոլովոյթին մէջ:

 

 

Նախորդը

ՕԹԱՆ Հաստատեց Իր Ռազմավարական Նոր Հայեցակարգը, Ռուսիան Անվտանգութեան Գլխաւոր Սպառնալիք Յայտարարեց Եւ Շուէտի Ու Ֆինլանտայի Անդամակցութեան Մեքանիզմը Որդեգրեց

Յաջորդը

Իրան. «Տոհայի Մէջ Հիւլէական Համաձայնագիրի Վերականգնման Շուրջ Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին Արհեստավարժ Մթնոլորտի Մէջ»

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու,  Եւ Համասը Միջին Արեւելքի  Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու, Եւ Համասը Միջին Արեւելքի Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ  Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում
Միջազգային

Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 30, 2025
Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?