ՕԹԱՆ տակաւին պատրաստ չէ Վրաստանին Հիւսիսատլանտեան դաշինք մուտք գործելու ժամկէտներու վերաբերեալ որեւէ խոստում տալու: Այս մասին Մատրիտի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի երկրորդ օրուան յաջորդած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ:
«Ինչ կը վերաբերի անդամակցութեան հարցին, ապա մենք չենք պատրաստուիր որեւէ ժամկէտ նշելու», ըսած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը:


