Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին Կը Յայտարարէ` Ուքրանիոյ Պատերազմին Նպատակը Չէ Փոխուած

Յուլիս 1, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Մոսկուայի` Ուքրանիոյ պատերազմին առնչուած նպատակը չէ փոխուած, մարտավարութիւնը կրնայ այլ ըլլալ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

«Ոչինչ փոխուած է: Ես 24-ի (Փետրուարի) առաւօտեան` հրապարակային, ամբողջ երկրին ուղղած ուղերձիս մէջ ըսի: Ես աւելցնելիք բան չունիմ: Ոչինչ փոխուած է: Մարտավարութիւնը առաջարկուած է պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ` ո՛ւր տեղակայել զօրքը, ինչպիսի՛ թիրախներ խոցել», ըսած է Քրեմլինի ղեկավարը` պնդելով, որ ռուսական բանակը կը հասնի Ուքրանիոյ մէջ իր նպատակներուն:

Ռուսիոյ նախագահին համաձայն, «յատուկ զինուորական գործողութեան» վերջնական նպատակը Տոնպասի պաշտպանութիւնն է եւ Ռուսիոյ անվտանգութեան երաշխիքներու համար պայմաններու ստեղծումը:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիան Ուքրանիա ներխուժած է 24 փետրուարին, Փութին յարձակումը կոչած է «զինուորական յատուկ գործողութիւն», որուն նպատակը դրացի երկրի «ապանացիականացումն ու ապառազմականացումն է»:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ ռուսական զօրքը լքած է Զմէինի կղզին: Նախարարութեան հաւաստումով ռուսական զօրքը «Զմէինի կղզիին վրայ կատարած է իր առաջադրանքները եւ իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում հեռացուցած այնտեղ տեղակայուած կայազօրը»:

«Այսպիսով, համաշխարհային ընտանիքին ցոյց տրուած է, որ Ռուսիան չի խոչընդոտեր Ուքրանիոյ տարածքէն գիւղատնտեսական միջանցք կազմակերպելու ՄԱԿ-ի ջանքերը», նշած է պաշտպանութեան նախարարը:

Ուքրանական կողմը իր կարգին պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով պնդեց, որ ուքրանական զինեալ ուժերու հրթիռակոծութենէն ետք ռուսերը «երկու արագընթաց նաւերով շտապ հեռացուցած են կայազօրի մնացորդները»:

Զմէինի կղզին 24 փետրուարէն` պատերազմի առաջին օրէն, կը գտնուի ռուսական զօրքերուն վերահսկողութեան տակ: Սեւ ծովու հիւսիսարեւմտեան մասին մէջ գտնուող այդ տարածքին նկատմամբ վերահսկողութիւնը կարեւոր է Օտեսայի մարզի եւ Օտեսայի նաւահանգիստներու պաշտպանութեան տեսանկիւնէն:

Նախորդը

«ՕԹԱՆ Պատրաստ Չէ Վրաստանին Դաշինք Մուտք Գործելու Ժամկէտներու Վերաբերեալ Որեւէ Խոստում Տալու» Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

Յաջորդը

Ծանրաբարձութեան Միջազգային Ֆետերասիոնը Ունեցաւ Իր Նոր Նախագահը

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?