Ռուսիոյ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ռիատ Հատտատ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու, Արեւմուտքի եւ Թուրքիոյ` ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ եւ «Ժապհաթ Նուսրա» խմբաւորումներուն զինեալները Իտլիպէն Ուքրանիա տեղափոխելը մեզի համար անակնկալ չէ, որովհետեւ այդ խմբաւորումները տարբեր անուններ ունին, սակայն Արեւմուտքը զանոնք կ՛օգտագործէ իբրեւ խաղաղասէր ժողովուրդներու դէմ գործիքներ»:
Սուրիոյ դեսպանը ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Այս ձեւով, Ուքրանիան ահաբեկիչներու եւ վարձկաններու հաւաքման կեդրոնի կը վերածուի, ինչ որ իր կարգին աշխարհի անվտանգութեան համար հետեւանքներ պիտի ունենայ»: