Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՕԹԱՆ Հաստատեց Իր Ռազմավարական Նոր Հայեցակարգը, Ռուսիան Անվտանգութեան Գլխաւոր Սպառնալիք Յայտարարեց Եւ Շուէտի Ու Ֆինլանտայի Անդամակցութեան Մեքանիզմը Որդեգրեց

June 30, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Մատրիտի մէջ ընթացող ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ընթացքին որդեգրուած է դաշինքի նոր ռազմավարական հայեցակարգը, որուն մէջ Ռուսիան յայտարարուած է անվտանգութեան գլխաւոր սպառնալիք:

«ՕԹԱՆ-ը Ռուսիոյ հետ ճակատում չի փնտռեր եւ Մոսկուայի համար վտանգ չի ներկայացներ», կը նշուի ռազմավարական հայեցակարգին մէջ: «Մենք պաշտպանական գոյացութիւն ենք եւ ոչ ոքի կը սպառնանք, յանձնառու ենք ժողովրդավարութեան, ազատութիւններուն եւ ՕԹԱՆ-ի հիմնարար ուխտին», նշեց ՕԹԱՆ-ը:

Ատոր մէջ կը նշուի նաեւ, որ ՕԹԱՆ-ը կ՛ակնկալէ պահպանել Մոսկուայի հետ կապի ուղիները` վտանգները նուազեցնելու եւ մագլցումը կանխարգիլելու համար:

Ըստ հայեցակարգի, ՕԹԱՆ-ը զգալիօրէն պիտի ամրապնդէ զսպման եւ պաշտպանական կարողութիւնները` ի պատասխան Ռուսիոյ գործողութիւններուն:

Հայեցակարգին մէջ նաեւ կը նշուի, որ ՕԹԱՆ-ը չի կրնար Ռուսիան գործընկեր նկատել, սակայն պատրաստ է բաց պահել հաղորդակցութեան ուղիները:

ՕԹԱՆ պաշտօնապէս ընթացք տուաւ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` դաշինքին անդամակցութեան մեքանիզմին` նշելով. «Որոշեցինք Շուէտն ու Ֆինլանտան հրաւիրել ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու»: Նշեալ երկիրները դաշինքի անդամ պիտի դառնան ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ անոնց անդամակցութիւնը հաւանութեան արժանանալէ ետք:

ՕԹԱՆ դատապարտեց «Քիեւի վրայ Մոսկուայի յարձակումին շարունակութիւնը` նշելով. «Ռուսիան պատասխանատու է մարդասիրական աղէտին ու սննդեղէնի եւ ուժանիւթի տագնապին համար»:

«Չինաստան մեր շահերուն, անվտանգութեան ու արժեչափերուն մարտահրաւէր կ՛ուղղէ եւ կը ջանայ ոտնահարել կանոններու վրայ հիմնուած միջազգային  համակարգը», յայտարարեց ՕԹԱՆ-ը:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն երէկ առաւօտեան ՕԹԱՆ-ի կեդրոն հասնելով դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Փութին կ՛ուզէր Եւրոպայի դաշնակցայնացում, սակայն մենք պիտի ստանանք Եւրոպայի ՕԹԱՆ-ականացում: Եւ ճիշդ այդ էր, ինչ որ ան չէր ուզեր` ատիկա ճիշդ այդ է, ինչ որ պէտք է ընել` Եւրոպայի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար: Եւ ես կը կարծեմ, որ ատիկա անհրաժեշտ է, եւ ես անհամբեր կը սպասեմ, որ ատիկա տեղի ունենայ»:

«Ուրախ եմ յայտարարելու, որ մենք այժմ ունինք համաձայնագիր, որ Ֆինլանտայի եւ Շուէտի համար  ճամբայ կը հարթէ ՕԹԱՆ-ին միանալու համար», ըսաւ ան:

Պայտըն նաեւ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի աւելցնեն իրենց ռազմական ներկայութիւնը ամբողջ Եւրոպայի մէջ: Ան մասնաւորաբար նշած է, որ դաշինքը պէտք է կարենայ ետ մղել սպառնալիքները բոլոր ուղղութիւններով` թէ՛ օդի մէջ, թէ՛ ցամաքի մէջ, թէ՛ ծովուն մէջ:

Պայտըն աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ «Էֆ-35» հալածիչներու երկու լրացուցիչ գունդ պիտի ուղարկէ Եւրոպա, իսկ օդանաւակիրներուն թիւը, որոնք կը գտնուին Սպանիոյ մէջ ամերիկեան ռազմակայանին մէջ, չորսէն պիտի աւելնայ վեցի: Բացի ատկէ, Ուաշինկթըն Լեհաստանի մէջ պիտի տեղակայէ Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու բանակի ցամաքային ուժերու 5-րդ ստորաբաժանումի հրամանատարութիւնը:

Միացեալ Նահանգներ նաեւ մտադիր են մեծցնել Պալթեան երկիրներուն մէջ իրենց զօրքերուն թիւը: «Մենք կը պատրաստուինք լրացուցիչ հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներ տեղակայել Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ մէջ», ըսած է Պայտըն:

 

Նախորդը

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին Հետ

Յաջորդը

Թուրքիան Զօրակցեցաւ Ֆինլանտայի Եւ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Դիմումին

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.