Միջազգային

«Ուքրանիան Կրնայ Յաղթել Վիշապին,  Որ Դողացուցած Է Աշխարհին Կէսը»  Կ՛ըսէ Զելենսքի

«Ուքրանիան Կրնայ Յաղթել Վիշապին, Որ Դողացուցած Է Աշխարհին Կէսը» Կ՛ըսէ Զելենսքի

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի հրապարակած է կարճ տեսանիւթ մը, որուն մէջ յայտնած է, որ Ուքրանիան «կրնայ յաղթել վիշապին, որ աշխարհի կէսին ստիպած է դողալ»: Այս մասին հաղորդեց ուքրանական «Նվ» կայքը: Նախագահը տեսանիւթին մէջ նշած է, որ Ուքրանիան եւ ուքրանացիները ամբողջ աշխարհի համար գերմարդկային հերոսներ դարձած են, սակայն ատոր համար «ստիպուած եղած են մեծ գին վճարել»: Երկրին նախագահը վստահ է, որ...

Յունաստանի Եւ Պուլկարիոյ Բացած Նոր Խողովակաշարով  Պուլկարիոյ Ազրպէյճանէն Կազ Պիտի Մատակարարուի

Յունաստանի Եւ Պուլկարիոյ Բացած Նոր Խողովակաշարով Պուլկարիոյ Ազրպէյճանէն Կազ Պիտի Մատակարարուի

Յունաստանի եւ Պուլկարիոյ վարչապետները բացած են նոր խողովակաշար մը, որով Պուլկարիոյ Ազրպէյճանէն կազ պիտի մատակարարուի: Այս մասին կը հաղորդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ը: Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս ընդգծած է նոր գիծին կարեւորութիւնը` իբրեւ Պուլկարիոյ մատակարարումներուն համար այլընտրանք: «Ասիկա պարզապէս կազի խողովակ չէ, այլ հարաւի եւ հիւսիսի միջեւ ուժանիւթային կարեւոր կամուրջ», Յունաստանի հիւսիս-արեւելքին մէջ արարողութեան ժամանակ ըսած է Միցոթաքիս: Պուլկարիոյ վարչապետի պաշտօնակատար Քիրիլ...

Յայտնի Է Էրտողանի` Իրան Կատարելիք  Այցելութեան Օրակարգը

Յայտնի Է Էրտողանի` Իրան Կատարելիք Այցելութեան Օրակարգը

Յայտնի դարձած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` 19 յուլիսին Իրան կատարելիք այցելութեան օրակարգը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ թրքական «Սապահ» օրաթերթը: Տեղեկութեան համաձայն, Էրտողանի Թեհրան այցելութեան ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ Էրտողանի եւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հանդիպումը, որմէ ետք կը նախատեսուի նաեւ փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրութիւն: Ըստ թրքական մամուլին մէջ տարածուած տեղեկութիւններուն, հանդիպումի օրակարգին վրայ ընդգրկուած...

Պունտըսթակը Ճանչցաւ Սինճարի Եզիտիներու  2014 Թուականի Ցեղասպանութիւնը

Պունտըսթակը Ճանչցաւ Սինճարի Եզիտիներու 2014 Թուականի Ցեղասպանութիւնը

Գերմանիոյ Պունտըսթակը ճանչցած է 2014 թուականին ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Սինճարի եզիտիներուն դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը: Այս մասին հաղորդեց «Ռուտաու»-ը: Բանաձեւը նաեւ միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ` «աշխատանք տանելու եզիտի ժողովուրդի տառապանքը թեթեւցնելու ուղղութեամբ»:  

Ճոնսըն Հրաժարեցաւ Բրիտանիոյ Իշխող  Պահպանողական Կուսակցութեան  Ղեկավարի Պաշտօնէն

Ճոնսըն Հրաժարեցաւ Բրիտանիոյ Իշխող Պահպանողական Կուսակցութեան Ղեկավարի Պաշտօնէն

Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն յայտարարեց, որ կը հրաժարի Բրիտանիոյ իշխող Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնէն` նշելով. «Քաղաքականութեան մէջ ոչ ոք անփոխարինելի է»: «Յստակ է, որ Պահպանողական կուսակցութեան կամքը նոր ղեկավար եւ նոր վարչապետ մը ըլլալն է», նշեց Ճոնսըն` աւելցնելով. «Պիտի շարունակեմ իմ պաշտօնի պարտականութիւնները կատարել, մինչեւ որ նոր ղեկավար մը ընտրուի»: «Մինչեւ նոր ղեկավարի մը ընտրութիւնը վարչապետի պաշտօնակատարութիւնը շարունակելով նոր կառավարութիւն...

Լաւրով Եւ Չաւուշօղլու Պալիի Մէջ Քննարկած Են  Ուքրանիոյ, Սուրիոյ Եւ Պարենային  Անվտանգութեան Վերաբերող Հարցեր

Լաւրով Եւ Չաւուշօղլու Պալիի Մէջ Քննարկած Են Ուքրանիոյ, Սուրիոյ Եւ Պարենային Անվտանգութեան Վերաբերող Հարցեր

Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրով եւ Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ Ինտոնեզիոյ Պալի կղզիին վրայ «Քսաններու խմբակ»-ի ժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած են: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` նշելով, որ նախարարները քննարկած են միջազգային եւ շրջանային օրակարգին վերաբերող շարք մը հարցեր` հիմնական շեշտը դնելով ուքրանական զարգացումներուն վրայ: «Հանդիպումի ընթացքին վերահաստատուած է Ռուսիոյ սկզբունքային դիրքորոշումը, ըստ որուն,...

«Էֆ. Պի. Այ.». «Արեւմուտքի Համար  Լրջագոյն Սպառնալիքը Չինաստանն Է»

«Էֆ. Պի. Այ.». «Արեւմուտքի Համար Լրջագոյն Սպառնալիքը Չինաստանն Է»

Ամերիկեան եւ բրիտանական գաղտնի սպասարկութիւններու ղեկավարները վստահ են, որ Արեւմուտքին սպառնացող լրջագոյն երկարաժամկէտ վտանգը չինականն է: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Լոնտոնի մէջ Բրիտանիոյ Անվտանգութեան ծառայութեան (Էմ.Այ.5) ղեկավարին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Հետաքննութիւններու դաշնակցային գրասենեակի (ԷՖ.Պի.Այ.) տնօրէն Քրիսթըֆըր Ռայ: «Մենք շարունակաբար կը տեսնենք, որ չինական կառավարութիւնն է, որ լրջագոյն երկարաժամկէտ սպառնալիք կը հանդիսանայ մեր...

ՀԱՊԿ. «Շրջանին Մէջ Բարդութիւններ  Կը Կանխատեսուին»

ՀԱՊԿ. «Շրջանին Մէջ Բարդութիւններ Կը Կանխատեսուին»

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) կը կանխատեսէ շրջանին մէջ բարդութիւններ` Ուզպեքիստանի մէջ ստեղծուած կացութեան պատճառով: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին «Իֆոֆորում-Սոչի» Հարաւային տեղեկատուական անվտանգութեան 9-րդ համախմբումի ընթացքին յայտարարած է ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութեան ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Քուզնեցով: «Ուզպեքիստանը ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան շրջաններէն մէկուն մէկ մասը կը կազմէր... Կ՛ընթանայ զարգացման կանխատեսում, ինչէն կ՛եզրակացուի, որ այս բոլորը չափազանց անկայուն է, կը սպասուին բարդութիւններ:...

Խօսելով Փութին-Մաքրոն Գաղտնի Բանակցութիւններու  Բնագիրին Արտահոսքի Մասին.  «Մենք Միշտ Այնպէս Կը Բանակցինք, Որ Յետոյ Չամչնանք»  Կ՛ըսէ Լաւրով

Խօսելով Փութին-Մաքրոն Գաղտնի Բանակցութիւններու Բնագիրին Արտահոսքի Մասին. «Մենք Միշտ Այնպէս Կը Բանակցինք, Որ Յետոյ Չամչնանք» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիան պատրաստ է պատասխանատուութիւն կրելու իր դիրքորոշման համար եւ միշտ այնպէս կը բանակցի, որ «յետոյ չամչնայ»: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` մեկնաբանելով Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Էմանուէլ Մաքրոնի միջեւ գաղտնի բանակցութիւններու բնագիրի` ֆրանսական կողմին կազմակերպած արտահոսքը: «Սկզբունքօրէն մենք այնպէս կը բանակցինք, որ երբեք չամչնանք, մենք միշտ...

Ուզպեքիստանի Նախագահը Քարաքալփաքիստանի  Դէպքերուն Համար Կը Մեղադրէ «Արտաքին Ուժեր»

Ուզպեքիստանի Նախագահը Քարաքալփաքիստանի Դէպքերուն Համար Կը Մեղադրէ «Արտաքին Ուժեր»

Ուզպեքիստանի նախագահ Շաւքաթ Միրզիոյեւ «արտաքին ուժերը» մեղադրած է Քարաքալփաքիստանի ինքնավար հանրապետութեան մէջ անկարգութիւններ հրահրելու մէջ: Այնտեղ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած բախումներուն պատճառով արձանագրուած է 18 զոհ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: «Ի հարկէ, այդ իրադարձութիւնները մէկ օրուան մէջ կամ 10 օրուան մէջ չեն կազմակերպուած: Այդ գործողութիւնները տարիներ շարունակ նախապատրաստուած են արտաքին չարամիտ ուժերու կողմէ», ըսած է Միրզիոյեւ: «Անոնց հիմնական...

«Ներկայ Փուլին Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ  Խաղաղութեան Համաձայնութեան Հասնելու  Կարելիութիւն Չենք Տեսներ»  Կ՛ըսէ Ամերիկեան Ազգային Տեղեկահաւաքի Տնօրէնը

«Ներկայ Փուլին Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնութեան Հասնելու Կարելիութիւն Չենք Տեսներ» Կ՛ըսէ Ամերիկեան Ազգային Տեղեկահաւաքի Տնօրէնը

Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին մէջ Ազգային տեղեկահաւաքի տնօրէն Աւրիլ Հէյնզ նշեց. «Ներկայ փուլին Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ խաղաղութեան համաձայնութեան հասնելու կարելիութիւն չենք տեսներ, եւ կը կարծեմ` ասիկա բոլորին համար յստակ է»: Ուաշինկթընի մէջ համախմբումի մը ընթացքին Ուքրանիոյ մէջ կացութիւնը երկու կողմերուն ներկայ դիրքերը պահպանելով մինչեւ տարեվերջ լուծելու կարելիութիւնը մեկնաբանելով ըսաւ. «Կը կարծեմ, որ գաղտնի սպասարկութիւններու կարծիքով հարցը այն է, թէ Ռուսիոյ...

Սէուտական Արաբիան Իրանի Հետ Բանակցութիւններուն Նկատմամբ Լուրջ Տրամադրուած Է

Ըստ Իրաքեան «Մատա» Օրաթերթին. Պաղտատ Կը Նախապատրաստէ Ռիատի Եւ Թեհրանի Միջեւ Կարեւոր Ժողով Մը, Որուն Ընթացքին Երկու Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւններու Վերականգնման Յայտարարութիւնը Կը Նախատեսուի

Իրաքեան «Մատա» օրաթերթը հաղորդեց. «Պաղտատ կը նախապատրաստէ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ ժողով մը, որուն ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ տարիներէ ի վեր խզուած յարաբերութիւններու վերականգնման յայտարարութիւնը կը նախատեսուի»: Ռիատ Թեհրանի հետ իր յարաբերութիւնները խզեց, երբ 2016-ին իրանցի ցուցարարներ իրանեան մայրաքաղաքին մէջ սէուտական դեսպանատուն ներխուժեցին` բողոքելով Սէուտական Արաբիոյ մէջ շիի հոգեւորականի մը մահապատիժի ենթարկուելուն դէմ: Իրան առանց պատճառները նշելով Սէուտական Արաբիոյ...

«Ռուսական Ուժերը Լուկանսքի Վերջին Գիւղերուն Տիրելէ Ետք Դէպի Տոնեցք Կ՛արշաւեն»  Կ՛ըսէ Լուկանսքի Կառավարիչը

«Ռուսական Ուժերը Լուկանսքի Վերջին Գիւղերուն Տիրելէ Ետք Դէպի Տոնեցք Կ՛արշաւեն» Կ՛ըսէ Լուկանսքի Կառավարիչը

Լուկանսքի կառավարիչ Սերկէյ Ճայտէյ յայտնեց. «Ռուսական ուժերը բուռն մարտեր կը մղեն եւ Լուկանսքի մէջ վերջին երկու գիւղերուն տիրելէ ետք դէպի Տոնեցքի շրջան կ՛արշաւեն»: «Ռուսական ուժերը Սեւերոտոնեցքին եւ Լիսիչանսքին տիրելու երկարատեւ գործողութեան ընթացքին մեծ կորուստներ կրեցին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այժմ այդ ուժերը «իրենց ջանքերը դէպի հարաւ շարժելու կ՛ուղղեն»: «Լուկանսքի մերձակայքին մէջ բուռն կռիւները կը շարունակուին: Ռուսական ուժերը մեծ կորուստներ կրելէ...

«Թուրքիան Չի Դադրիր Յարձակողական Վարմունք Ցուցաբերելէ»  Կ՛ըսէ Յունաստանի Վարչապետը

«Թուրքիան Չի Դադրիր Յարձակողական Վարմունք Ցուցաբերելէ» Կ՛ըսէ Յունաստանի Վարչապետը

Թուրքիան չի դադրիր յարձակողական վարմունք ցուցաբերելէ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնած է Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս: Յունական կառավարութեան ղեկավարին համաձայն, թրքական իշխանութիւնները թէեւ Աթէնքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ կը շարունակեն ռազմաշունչ հռետորաբանութիւն կիրարկել, սակայն յունական կողմը չի պատրաստուիր Անգարայի ճնշումներուն տեղի տալու: «Մենք ո՛չ վերաքննողականութեան, ո՛չ ալ կայսերական պատրանքներու վերածնունդի...

Ամերիկեան Պատուիրակութիւն Մը Հասաքէ Կ՛այցելէ Թուրքիոյ Եւ Քիւրտերուն Միջեւ Միջնորդութիւն Կատարելու Համար

Ամերիկեան Պատուիրակութիւն Մը Հասաքէ Կ՛այցելէ Թուրքիոյ Եւ Քիւրտերուն Միջեւ Միջնորդութիւն Կատարելու Համար

Ծերակուտական Լինտսի Կրահամի գլխաւորութեամբ ամերիկեան պատուիրակութիւն մը այցելած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածք` Թուրքիոյ եւ քրտական ղեկավարութեամբ այդ ուժերուն միջեւ միջնորդութիւն կատարելու եւ երկու կողմերուն միջեւ հաշտութեան նոր պատկերացում ներկայացնելու համար: Այցելութիւնը կատարուած է այն պահուն, երբ Թուրքիան մեծաթիւ յաւելեալ ուժեր կ՛ուղղէ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հետ շփման գիծ, իսկ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական զինուորական...

Թուրքիոյ Մեծ Քաղաքներուն Մէջ Սկսած Է «Դուրս Գանք ՕԹԱՆ-էն» Արշաւին

Թուրքիոյ Մեծ Քաղաքներուն Մէջ Սկսած Է «Դուրս Գանք ՕԹԱՆ-էն» Արշաւին

Թրքական «Հայրենիք» կուսակցութիւնը Թուրքիոյ շարք մը մեծ քաղաքներուն մէջ լայնածաւալ արշաւի մը սկսած է երկիրը ՕԹԱՆ-էն դուրս բերելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Այտընլըք» օրաթերթը: Կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Տողու Փերինչեքի կարծիքով` Թուրքիոյ Հիւսիսատլանտեան դաշինքէն դուրս գալը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ երկրին տնտեսական ապագային վրայ: «Հայրենիք» կուսակցութեան կողմէ ամբողջ երկրին մէջ ձեռնարկուած «Դուրս գանք ՕԹԱՆ-էն» արշաւը հետաքրքրութեամբ ընդունուած է հասարակութեան...

Թել Աւիւ Թուրքիոյ Հետ Իր Տնտեսական Եւ Առեւտրական Գրասենեակը Պիտի Վերաբանայ

Թել Աւիւ Թուրքիոյ Հետ Իր Տնտեսական Եւ Առեւտրական Գրասենեակը Պիտի Վերաբանայ

Թել Աւիւ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ իր տնտեսական եւ առեւտրական գրասենեակը պիտի վերաբանայ: Այս մասին հաղորդեց թրքական «Զաման» օրաթերթը` յիշեցնելով, որ Անգարա ջանք կը թափէ Իսրայէլի հետ աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր լարուած դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերականգնելու: Օրաթերթը կը նշէ, որ 2018-ին երկու երկիրներու փոխադարձ վտարումներէն ետք, Իսրայէլ 2019-ին նուազեցուցած էր Թուրքիոյ մէջ իր տնտեսական ներկայացուցչութիւնը, «սակայն երկու երկիրները այսօր...

«Աշխարհի Վերաբաժանման Համար Յաջորդ Պայքարը Պիտի Ըլլայ Կեդրոնական Ասիոյ Մէջ. Ատոր Ախտանիշերը Արդէն Ի Յայտ Եկած Են»  Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

«Աշխարհի Վերաբաժանման Համար Յաջորդ Պայքարը Պիտի Ըլլայ Կեդրոնական Ասիոյ Մէջ. Ատոր Ախտանիշերը Արդէն Ի Յայտ Եկած Են» Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ յայտնած է, թէ աշխարհի վերաբաժանման համար պայքարի յաջորդ կռիւը պիտի ըլլայ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ, ատոր ախտանիշերը արդէն ի յայտ եկած են: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»: «Ամերիկացիները կ՛ուզեն գերիշխել... միաբեւեռ աշխարհ կ՛ուզեն, իսկ գլուխ բարձրացնողներուն կը ռմբակոծեն... պատճառը աշխարհի վրայ նոր յարաբերութիւններու ի յայտ գալն է, բազմաբեւեռութիւնը: Այսօր պայքար տեղի կ՛ունենայ ո՛չ միայն մեր յետխորհրդային...

ՊՐԻՔՍ-ը Կը Պատրաստուի Ընդլայնման

ՊՐԻՔՍ-ը Կը Պատրաստուի Ընդլայնման

ՊՐԻՔՍ-ի անդամ երկիրները` Պրազիլը, Ռուսիան, Հնդկաստանը, Չինաստանն ու Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութիւնը, արդէն սկսած են նախապատրաստական հոլովոյթին, որ կ՛ենթադրէ միաւորման ընդլայնում: Եւ թէեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքովի համաձայն, այդ հարցին մէջ չ՛արժեր արագ լուծումներու սպասել, սակայն նոր թեկնածութիւններու քննարկումը արդէն սկսած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` յղում կատարելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան: ՊՐԻՔՍ-ի անդամակցութեան դիմումներ ներկայացուցած են Արժանթինն ու...

«Ֆրանսան Վերջին Շրջանին Ամէնէն Շատ Ռուսական Բնական Կազ Գնող Երկիրը Դարձաւ»  Կը Գրէ «Տի Վելթ»-ը

«Ֆրանսան Վերջին Շրջանին Ամէնէն Շատ Ռուսական Բնական Կազ Գնող Երկիրը Դարձաւ» Կը Գրէ «Տի Վելթ»-ը

Գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Ֆրանսան վերջին շրջանին ռուսական բնական կազ գնող մեծագոյն երկիրը դարձաւ, երբ եւրոպական շարք մը երկիրներ այդ կազէն հրաժարեցան: «Գերմանիան յաճախ նախանձով կը նայէր Ֆրանսային եւ անոր 56 հիւլէական կայաններուն, սակայն վերջին ամիսներուն Ֆրանսան աշխարհի վրայ ռուսական կազի մեծագոյն ներածողը դարձաւ: Նոյնիսկ ածուխով բանող ուժանիւթի կայանը, որ փակուեցաւ, դարձեալ ցանցին պիտի միացուի: Այդ եւս Ֆրանսայի...

Page 256 of 882 1 … 255 256 257 … 882

Արխիւներ