Միջազգային

Ուաշինկթըն. «Հիւլէական Գործարքի  Վերականգնման Վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան  Առաջարկին Թեհրանի Պատասխանը Կառուցողական Չէ»

Ուաշինկթըն. «Հիւլէական Գործարքի Վերականգնման Վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան Առաջարկին Թեհրանի Պատասխանը Կառուցողական Չէ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վետանթ Փաթել յայտարարեց, որ հիւլէական գործարքի վերականգնման վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան առաջարկին Թեհրանի պատասխանը «կառուցողական չէ»: «Կրնանք հաստատել, որ Եւրոպական Միութեան ճամբով ստացանք Իրանի պատասխանը, եւ զայն կը սերտենք, ու անոր պիտի պատասխանենք Եւրոպական Միութեան ճամբով, սակայն դժբախտաբար անիկա կառուցողական չէ»: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի մէկ օր առաջ յայտնած էր, որ իր...

Եօթներու Խմբակը Որոշեց «Անմիջական Կերպով»  Ռուսական Քարիւղի Գինի Նշաձող Հաստատել

Եօթներու Խմբակը Որոշեց «Անմիջական Կերպով» Ռուսական Քարիւղի Գինի Նշաձող Հաստատել

Եօթներու խմբակը որոշեց «անմիջական կերպով ռուսական քարիւղի գինի նշաձող հաստատել», ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց այդ քայլին մասնակից երկիրներու «լայն դաշինք» մը կազմելու: «Եօթներու խմբակ»-ի տնտեսութեան նախարարները հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Գինի նշաձողը պիտի ճշդուի հիմնուելով թեքնիք տուեալներու շարքի մը վրայ, եւ զայն պիտի որոշէ ամբողջ դաշինքը` նախքան զայն գործադրութեան դնելը»: Նախքան այդ, Քրեմլին երէկ յայտարարեց. «Մոսկուան պիտի դադրի քարիւղ վաճառել...

Պայտըն Թրամփի Համախոհները Ամերիկեան  Ժողովրդավարութեան Սպառնալիք Որակած Է

Պայտըն Թրամփի Համախոհները Ամերիկեան Ժողովրդավարութեան Սպառնալիք Որակած Է

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ կանգնած են իրենց ժողովրդավարութեան դէմ սպառնալիքի առջեւ, որուն պատճառը նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Հանրապետական կուսակցութեան մէջ ունեցած համախոհներն են: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Միացեալ Նահանգներու նախագահի արտասանած խօսքին, որուն մէկ հատուածը հրապարակած է Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութիւնը: «ՄԱԿԱ-ի (Թրամփի եւ անոր համակիրներու հիմնական կարգախօս «Մէյք Ամերիքա...

«Թող Աշխարհն Իմանայ,  Որ Հիւլէական Ուժանիւթի  Միջազգային Գործակալութիւնը  Կը Մնայ Զափորոժիէի Մէջ»  Կ՛ըսէ Կրոսի

«Թող Աշխարհն Իմանայ, Որ Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութիւնը Կը Մնայ Զափորոժիէի Մէջ» Կ՛ըսէ Կրոսի

Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան տեսուչներու խումբի որոշ անդամներ յառաջիկայ քանի մը օրերուն պիտի մնան Զափորոժիէի հիւլէական կայանին մէջ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին հիւլէական կայան այցելութենէն ետք ըսած է գործակալութեան ղեկավար Ռաֆայէլ Կրոսի: «Թող աշխարհը իմանայ, որ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը կը մնայ Զափորոժիէի մէջ», «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հրապարակած տեսանիւթին մէջ կը յայտարարէ Կրոսի` աւելցնելով, որ...

«Եւրոպական Պետութիւնները Իրենք Զիրենք  Իրենց Ստեղծած Կացութենէն Դուրս  Բերելու Երկու Ելք Ունին»  Կ՛ըսէ Վոլոտին

«Եւրոպական Պետութիւնները Իրենք Զիրենք Իրենց Ստեղծած Կացութենէն Դուրս Բերելու Երկու Ելք Ունին» Կ՛ըսէ Վոլոտին

Ռուսիոյ Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտին յայտարարեց. «Եւրոպական Միութիւնը պէտք է ջնջէ ապօրինի պատժամիջոցները, որոնք Եւրոպայի մէջ ուժանիւթի տագնապ ստեղծեցին եւ անոր քաղաքացիներուն կեանքը բարդացուցին»: «Եւրոպական երկիրներու ղեկավարներուն համար ճշմարտութեան ժամը հասած է: Անոնք իրենք զիրենք իրենց իսկ ստեղծած կացութենէն դուրս բերելու երկու ելք ունին. առաջին` ջնջել մեր երկրին դէմ հաստատուած ապօրինի պատժամիջոցները եւ «Հիւսիսային Հոսք-2»-ը գործի լծել: Երկրորդը ամէն ինչ...

Մահափորձ Արժանթինի Փոխնախագահ  Քիրշների Դէմ

Մահափորձ Արժանթինի Փոխնախագահ Քիրշների Դէմ

Զինուած տղամարդ մը փորձած է սպաննել Արժանթինի փոխնախագահ Քրիսթինա Քիրշները, ոստիկանութիւնը զայն ձերբակալած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինֆոպաէ»-ն: «Ձերբակալուած է զինուած տղամարդ, որ փորձած է սպաննել Քրիսթինա Քիրշները անոր տան մօտ», կը նշուի հրապարակումին մէջ: «Տղամարդը ատրճանակ ուղղած էր Քրիսթինա Քիրշների վրայ», նշած է «Թի.Էն.» պատկերասփիւռի կայանը եւ հրապարակած լուսանկար մը, որուն մէջ կ՛երեւի փոխնախագահը` զինք դիմաւորող մարդոց ամբոխի...

«Մեր Նպատակը Ազատագրելն Է Բոլոր Ռուսական  Քաղաքները, Որոնք Հիմնուած Են Ռուսական  Կայսրութեան Եւ Զարգացած  Խորհրդային Միութեան Օրերուն»  Կ՛ըսէ Տոնեցքի Ղեկավարը

«Մեր Նպատակը Ազատագրելն Է Բոլոր Ռուսական Քաղաքները, Որոնք Հիմնուած Են Ռուսական Կայսրութեան Եւ Զարգացած Խորհրդային Միութեան Օրերուն» Կ՛ըսէ Տոնեցքի Ղեկավարը

Տոնեցքի ժողովրդական հանրապետութեան ղեկավար Տենիս Փուշիլին ըսած է, որ անհրաժեշտ է «ազատագրել ռուսական բոլոր քաղաքները, որոնք հիմնադրուած են ռուս ժողովուրդին կողմէ»` նշելով, որ խօսքը միայն Նովոռոսիայի տարածքներուն մասին չէ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Մեր խնդիրը ազատագրելն է բոլոր ռուսական քաղաքները, զորս հիմնած է ռուս ժողովուրդը Ռուսական կայսրութեան օրերուն, եւ որոնք զարգացած են Խորհրդային Միութեան ժամանակ` մեր...

Պապի Զուիցերիական Պահակագունդը Կ՛ուզէ  25 Նոր Անդամներ Միացնել Իր Շարքերուն

Պապի Զուիցերիական Պահակագունդը Կ՛ուզէ 25 Նոր Անդամներ Միացնել Իր Շարքերուն

Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պապը եւ Վատիկանը պաշտպանող զուիցերիական պահակագունդին անդամներուն թիւը 110 է, սակայն 2025 թուականին նախօրեակին, իւրաքանչիւր 25 տարի կրկնուող Քաւութեան տարուան նախօրեակին անոնց թիւը պիտի աւելնայ 25-ով եւ հասնի 135-ի` նկատի ունենալով, որ կը նախատեսուի, որ միլիոնաւոր ուխտաւորներ այցելեն Վատիկան: Զուիցերիական պահակագունդը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, թէ նշեալ 25 անձերուն զինուորագրման համար Զուիցերիոյ մէջ տեղեկատուական գրասենեակ մը եւ հաղորդակցութեան...

«Յունաստան ՕԹԱՆ-ին Եւ Անոր  Դաշնակիցներուն Մարտահրաւէր Նետած Է»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Յունաստան ՕԹԱՆ-ին Եւ Անոր Դաշնակիցներուն Մարտահրաւէր Նետած Է» Կ՛ըսէ Էրտողան

Մենք գիտենք իրական մտադրութիւնները անոնց, որոնք օգտագործելով Յունաստանը, ինչպէս ատիկա մէկ դար առաջ ըրին, կը փորձեն վատնել մեր ժամանակն ու ներուժը: Յունաստանը մրցակից չէ` ո՛չ քաղաքական, ո՛չ տնտեսական, ո՛չ զինուորական առումով: «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: Ան նաեւ նշած է, որ Յունաստանի սադրիչ գործողութիւնները անընդունելի են: «Յունաստանը մարտահրաւէր նետած է ՕԹԱՆ-ին եւ...

Քուլեպա. «Եւրոպայի Մէջ Խաղաղութեան  Դարաշրջանը Աւարտած Է»

Քուլեպա. «Եւրոպայի Մէջ Խաղաղութեան Դարաշրջանը Աւարտած Է»

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպա Փրակայի մէջ «Ֆորում 2000» խորհրդաժողովի ընթացքին յայտնած է, որ Եւրոպայի մէջ խաղաղութեան դարաշրջանը աւարտած է: Ձեռնարկը հեռարձակուած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան դիմատետրեան էջով: «Յաղթանակի ճամբուն վրայ մենք միշտ պիտի բախինք դժուար ընտրութիւններու եւ միշտ պիտի գայթակղինք կիսատ միջոցներու ձեռնարկելով հաւասարակշռութիւն գտնելու համար… Սակայն դառն ճշմարտութիւնը այն է, որ Եւրոպայի մէջ խաղաղութեան դարաշրջանը աւարտած...

Ուքրանական Ուժերը Երէկ Առաւօտեան Փորձած Են  Գրաւել Զափորոժիէի Հիւլէական Կայանը

Ուքրանական Ուժերը Երէկ Առաւօտեան Փորձած Են Գրաւել Զափորոժիէի Հիւլէական Կայանը

Ուքրանական ուժերը երէկ առաւօտեան փորձած են գրաւել ռուսական բանակի վերահսկողութեան տակ գտնուող Զափորոժիէի հիւլէական կայանը: Այս մասին հաղորդեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ առաւօտեան շուրջ ժամը 6:00-ին ուքրանական բանակի 60 «խափանարարներ» նաւերով կտրած են Տնեփր գետը, որ իրարմէ կը բաժնէ պատերազմող երկու կողմերը, սակայն ռուսական ուժերը կրցած են յարձակողները ոչնչացնել` ներառեալ օդուժի կիրարկումով: Մոսկուան Քիեւը մեղադրած է...

«Մերձտնեսթրի Մէջ Ռուսիոյ Անվտանգութեան  Սպառնացող Գործողութիւնները Ռուսիոյ Վրայ  Յարձակում Պիտի Նկատուին»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Մերձտնեսթրի Մէջ Ռուսիոյ Անվտանգութեան Սպառնացող Գործողութիւնները Ռուսիոյ Վրայ Յարձակում Պիտի Նկատուին» Կ՛ըսէ Լաւրով

Որեւէ գործողութիւն, որ Մերձտնեսթրի մէջ ռուս զինուորներու անվտանգութեան կը սպառնայ, Ռուսիոյ վրայ յարձակում պիտի նկատուի: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: Ռուսիան ներկայիս անյայտ թիւով զինուորներ կը պահէ Մերձտնեսթրի չճանչցուած պետութեան մէջ: Ռուսական զինուորական ներկայութիւնը սկսած է 1992 թուականէն, երբ խորհրդային 14-րդ բանակը միջամտած է Մերձտնեսթրի պատերազմին` աջակցելով Մերձտնեսթրի ուժերուն:...

«Կռիւով Կամ Խաղաղութեամբ Պիտի Գանք  Իտլիպ, Եւ Մեր Ժողովուրդը Պիտի Սանձէ Քիւրտերը»  Կ՛ըսէ Մըքտատ

«Իսրայէլ Կրակի Հետ Կը Խաղայ. Պիտի Չլռենք Անոր Իրերայաջորդ Յարձակումներուն Նկատմամբ, Եւ Իսրայէլացիները Անոնց Գինը Պիտի Վճարեն» Կ՛ըսէ Մըքտատ

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ ընկերային ցանցերու ճամբով յայտարարեց, որ «Իսրայէլ կրակի հետ կը խաղայ, եւ շրջանին մէջ ապահովական ու զինուորական կացութիւնները պայթումի վտանգի կ՛ենթարկէ»` շեշտելով. «Սուրիան իսրայէլեան իրերայաջորդ յարձակումներուն նկատմամբ լուռ պիտի չմնայ, եւ իսրայէլացիները ուշ կամ կանուխ գինը պիտի վճարեն»: «Միացեալ Նահանգներն ու արեւմտեան պետութիւնները պէտք է պատասխանատուութիւն կրեն (Իսրայէլի) յարձակումին մէջ չափ ու սահման անցնելուն եւ...

Թայուանի Բանակը Չինաստանի Կողմէ Կղզիի  Օդային Տարածք Մուտք Գործած Անօդաչու  Թռչող Սարք Մը Ոչնչացուցած Է

Թայուանի Բանակը Չինաստանի Կողմէ Կղզիի Օդային Տարածք Մուտք Գործած Անօդաչու Թռչող Սարք Մը Ոչնչացուցած Է

Թայուանի զինեալ ուժերը առաջին անգամ ըլլալով ոչնչացուցած են Չինաստանի կողմէ կղզիի օդային տարածք մուտք գործած քաղաքային անօդաչու թռչող սարք մը: Յայտնի չէ անօդաչու թռչող սարքին պատկանելիութիւնը: Կը հաղորդուի, որ Թայուանի զինեալ ուժերը նման քայլի դիմած են կղզիի կառավարութեան յայտարարութենէն ետք, թէ այդպիսի ներխուժումներու պարագային կարծր քայլերու պիտի ձեռնարկէ: Կղզին Չինաստանի անքակտելի մասը նկատող Փեքինը նախորդ ամիս ռազմափորձերու սկսած էր Թայուանի...

Արժանթինեան Իշխանութիւնները Երկրին  Հիւսիսը Թոքի «Անծանօթ» Սուր Բորբոքումով  Վարակուած 2 Անձերու Մահը Յայտարարեցին

Արժանթինեան Իշխանութիւնները Երկրին Հիւսիսը Թոքի «Անծանօթ» Սուր Բորբոքումով Վարակուած 2 Անձերու Մահը Յայտարարեցին

Արժանթինեան իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ այս շաբաթ երկրին հիւսիսը երկու անձեր մահացած են, որոնք վարակուած են թոքի սուր բորբոքումով մը, որ «անծանօթ» է եւ բժիշկները շփոթի մատնած: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը: Թոքոման շրջանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ ընդհանուր առմամբ այս հիւանդութեամբ վարակուած են 6 անձեր` հիւանդ մը եւ շրջանի հիւանդանոցի արտակարգ խնամքի բաժինին մէջ աշխատող 5 հիւանդապահներ: Այդ...

«Մենք Պէտք Չէ Արտօնենք, Որ Փութին Ամէն Օր  Որոշէ Եւրոպայի Մէջ Ելեկտրականութեան Գինը»  Կ՛ըսէ Աւստրիոյ Վարչապետը

«Մենք Պէտք Չէ Արտօնենք, Որ Փութին Ամէն Օր Որոշէ Եւրոպայի Մէջ Ելեկտրականութեան Գինը» Կ՛ըսէ Աւստրիոյ Վարչապետը

Աւստրիոյ վարչապետ Քարլ Նեհամմեր կոչ ուղղած է «դադրեցնելու վառելանիւթի շուկաներուն մէջ տիրող խելագարութիւնը» եւ «Փութինին չարտօնելու ուժանիւթի գիները սահմանել»: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: «Մենք պէտք է վերջապէս դադրեցնենք այն խելագարութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ ուժանիւթային շուկաներուն մէջ: Եւ ատիկա կրնայ տեղի ունենալ միայն եւրոպական որոշումի շնորհիւ», ըսած է Աւստրիոյ կառավարութեան ղեկավարը: Նեհամմեր աւելցուցած է, որ շուկան ներկայ տեսքով ինքզինք...

Միխայիլ Կորպաչով Մահացաւ

Միխայիլ Կորպաչով Մահացաւ

Մոսկուայի կեդրոնական գործնական հիւանդանոցին մէջ 92 տարեկանին մահացած է Խորհրդային Միութեան Համայնավար կուսակցութեան վերջին ընդհանուր քարտուղար, Խորհրդային Միութեան առաջին եւ վերջին նախագահ Միխայիլ Կորպաչովը: Անոր կառավարման օրերուն Խորհրդային Միութեան մէջ սկիզբ առած է վերակառուցման եւ բազմակարծութեան քաղաքականութիւնը, հիմեր ստեղծուած են խօսքի եւ խիղճի ազատութեան, ինչպէս նաեւ ազատ ձեռներէցութեան գաղափարները կեանքի կոչելու համար: Կորպաչովեան ժամանակաշրջանին Խորհրդային Միութեան մէջ սկսած բարեփոխումներուն հետեւանքով...

Սատըրի Կոչէն Ետք Անոր Ղեկավարած Շարժումի  Համակիրները Հեռացան Փողոցէն

Սատըրի Կոչէն Ետք Անոր Ղեկավարած Շարժումի Համակիրները Հեռացան Փողոցէն

Իրաքի ազդեցիկ կրօնաւոր սէյիտ Մոքթատա Սատր իր հետեւորդներուն հրամայեց վերջ տալ կեդրոնական Պաղտատի մէջ իրենց ցոյցերուն` այդպիսով վերջ տալով իրաքեան մայրաքաղաքին մէջ տարիներէ ի վեր ընթացք առած մահաբեր բռնարարքներուն: Ներում հայցելով Իրանի աջակցութիւնը վայելող մրցակից շիի խմբաւորումներու հետ բախումներու ընթացքին շուրջ 33 իրաքցիներու սպանութեան համար` Սատըր դատապարտեց բախումները եւ իր հետեւորդներուն մէկ ժամուան պայմանաժամ ճշդեց փողոցներէն հեռանալու: «Ասիկա յեղափոխութիւն չէ,...

«Մենք Թերեւս Ուքրանիոյ Աւելի Շատ Կ՛աջակցինք,  Քան ՕԹԱՆ-ի Բազմաթիւ Դաշնակիցներ»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Մենք Թերեւս Ուքրանիոյ Աւելի Շատ Կ՛աջակցինք, Քան ՕԹԱՆ-ի Բազմաթիւ Դաշնակիցներ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ Անգարան թերեւս Քիեւին աւելի շատ կ՛աջակցի, քան ՕԹԱՆ-ի բազմաթիւ դաշնակիցներ: «Մենք Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան կ՛աջակցինք: Թերեւս մենք Ուքրանիոյ աւելի շատ կ՛աջակցինք, քան ՕԹԱՆ-ի բազմաթիւ դաշնակիցներ: Սակայն մենք նաեւ երկխօսութեան մէջ ենք Ռուսիոյ հետ, եւ այդ երկխօսութիւնը իր պտուղները կու տայ: Ուստի մենք արդէն երկու անգամ կազմակերպած ենք անոնց հանդիպումը, եւ այդ...

«Մոսկուան Թեհրանէն Անօդաչու  Թռչող Սարքեր Ստացած Է»  Կ՛ըսէ Սպիտակ Տան Մէկ Պաշտօնատարը

«Մոսկուան Թեհրանէն Անօդաչու Թռչող Սարքեր Ստացած Է» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տան Մէկ Պաշտօնատարը

Ռուսիոյ զինեալ ուժերը «բազմիցս ձախողած են» Ուքրանիոյ մէջ իրանեան անօդաչու թռչող սարքերու կիրարկման ժամանակ: Այս մասին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան ըսած է Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ տան բարձրաստիճան ներկայացուցիչը: Իր անունը հրապարակել չուզող պաշտօնատարը նշած է, որ այս ամիս տարբեր օրերու ընթացքին Մոսկուան Թեհրանէն ստացած է «Մոհաժեր-6» եւ «Շահետ» տեսակի անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք կրնան հարուածել ցամաքային թիրախներ, վարել ելեկտրոնային պատերազմ եւ...

Page 245 of 882 1 … 244 245 246 … 882

Արխիւներ