Զինուած տղամարդ մը փորձած է սպաննել Արժանթինի փոխնախագահ Քրիսթինա Քիրշները, ոստիկանութիւնը զայն ձերբակալած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինֆոպաէ»-ն:
«Ձերբակալուած է զինուած տղամարդ, որ փորձած է սպաննել Քրիսթինա Քիրշները անոր տան մօտ», կը նշուի հրապարակումին մէջ:
«Տղամարդը ատրճանակ ուղղած էր Քրիսթինա Քիրշների վրայ», նշած է «Թի.Էն.» պատկերասփիւռի կայանը եւ հրապարակած լուսանկար մը, որուն մէջ կ՛երեւի փոխնախագահը` զինք դիմաւորող մարդոց ամբոխի մէջ, եւ անոր վրայ ուղղուած զէնքը: Կը նշուի, որ Քիրշներ չէ վնասուած:
Աւելի քան մէկ շաբաթէ ի վեր փոխնախագահի տան մօտ կը հաւաքուին մարդիկ` փտածութեան մէջ մեղադրանքներու լոյսին տակ անոր աջակցելու համար:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ յարձակողը 35 տարեկան պրազիլցի մըն է:


