Տոնեցքի ժողովրդական հանրապետութեան ղեկավար Տենիս Փուշիլին ըսած է, որ անհրաժեշտ է «ազատագրել ռուսական բոլոր քաղաքները, որոնք հիմնադրուած են ռուս ժողովուրդին կողմէ»` նշելով, որ խօսքը միայն Նովոռոսիայի տարածքներուն մասին չէ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
«Մեր խնդիրը ազատագրելն է բոլոր ռուսական քաղաքները, զորս հիմնած է ռուս ժողովուրդը Ռուսական կայսրութեան օրերուն, եւ որոնք զարգացած են Խորհրդային Միութեան ժամանակ` մեր ամբողջ հզօր երկրի օգնութեան շնորհիւ… Եւ ասիկա ո՛չ միայն Նովոռոսիայի տարածքն է, այլ նաեւ շատ աւելի լայն տարածք. մենք տակաւին շատ ընելիքներ ունինք: Իսկ թէ ի՛նչ տեսքով անոնք տուն պիտի վերադառնան, պիտի տեսնենք: Աւելի՛ն, մենք պիտի մասնակցինք ատոր: Այլ կերպ պիտի չըլլայ», ըսած է Փուշիլին` «Գիտելիք» դաշնակցային կրթական մարաթոնի եթերէն: