Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ Անգարան թերեւս Քիեւին աւելի շատ կ՛աջակցի, քան ՕԹԱՆ-ի բազմաթիւ դաշնակիցներ:
«Մենք Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան կ՛աջակցինք: Թերեւս մենք Ուքրանիոյ աւելի շատ կ՛աջակցինք, քան ՕԹԱՆ-ի բազմաթիւ դաշնակիցներ: Սակայն մենք նաեւ երկխօսութեան մէջ ենք Ռուսիոյ հետ, եւ այդ երկխօսութիւնը իր պտուղները կու տայ: Ուստի մենք արդէն երկու անգամ կազմակերպած ենք անոնց հանդիպումը, եւ այդ հացահատիկային համաձայնագիրը գործեց», թրքական «Սթար» օրաթերթը կը մէջբերէ Չաւուշօղլուի խօսքերը:
Անոր համաձայն, Թուրքիան Պոլսոյ մէջ կազմակերպեց ռուսական կողմի եւ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ղեկավարի հանդիպումը` Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ հետ հաստատուած երկխօսութեան շնորհիւ. փորձագէտները պիտի այցելեն Զափորոժիէի հիւլէական կայան:
«Փորձագէտները կրկին պիտի երթան շրջան: Նոյն ատեն մենք պիտի փորձենք այստեղ անվտանգութեան երաշխիքներ ապահովել», ընդգծած է ան:
Զափորոժիէի հիւլէական կայանը կը գտնուի Տնեփր գետի ձախ ափին` Էներկոտարի մօտ: Անիկա Եւրոպայի մեծագոյն հիւլէական կայանն է արտադրամասերու քանակով եւ տեղադրուած հզօրութեամբ: Հիւլէական կայանը մարտէն ի վեր կը գտնուի ռուսական բանակի պաշտպանութեան տակ: