Մենք գիտենք իրական մտադրութիւնները անոնց, որոնք օգտագործելով Յունաստանը, ինչպէս ատիկա մէկ դար առաջ ըրին, կը փորձեն վատնել մեր ժամանակն ու ներուժը: Յունաստանը մրցակից չէ` ո՛չ քաղաքական, ո՛չ տնտեսական, ո՛չ զինուորական առումով: «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
Ան նաեւ նշած է, որ Յունաստանի սադրիչ գործողութիւնները անընդունելի են: «Յունաստանը մարտահրաւէր նետած է ՕԹԱՆ-ին եւ անոր դաշնակիցներուն, այդ մարտահրաւէրը սկսած է մեր օդային տարածքին խախտումով եւ շարունակուած է մեր օդանաւերը «Էս-300»-ի ռատարներով որսալով»:
Թրքական պետութեան ղեկավարը անդրադարձած է «ԷՖ-35» մարտական օդանաւերու մատակարարման հարցին:
«Յունաստանին առաջարկելով «ԷՖ-35»-ներ, որոնք մեզի չտուին, Ամերիկան ճամբան բացաւ ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն համար, որովհետեւ անոնք այդ օդանաւերուն հետ նոյն համակարգին մէջ յայտնուեցան: Մեր գնած հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն պատճառով մեզի «ԷՖ-35»-ներ չտուին: Սակայն մեզի համար միեւնոյնն է: Մենք ունինք որեւէ արտադրութիւն արտադրելու կարելիութիւն, որուն համար մեզ կը մերժեն»:
Նախագահ Էրտողան եզրափակած է հետեւեալ խօսքերով. «2023 թուականը` մեր հանրապետութեան 100-ամեակը, մենք նոր բեկման սկիզբ պիտի դարձնենք. մեր հանրապետութեան 2-րդ հարիւրամեակը Թուրքիոյ 100-ամեակի պիտի վերածուի: 2053-ի նպատակներով, որոնց իրականացումը արդէն սկսած է, մենք նպատակ ունինք մեր երկիրը համաշխարհային լիկայի առաջին դիրքին հասցնել: Ատիկա այն է, ինչ որ յարիր է մեր հանրապետութեան 100-ամեակին»: