Թայուանի զինեալ ուժերը առաջին անգամ ըլլալով ոչնչացուցած են Չինաստանի կողմէ կղզիի օդային տարածք մուտք գործած քաղաքային անօդաչու թռչող սարք մը: Յայտնի չէ անօդաչու թռչող սարքին պատկանելիութիւնը:
Կը հաղորդուի, որ Թայուանի զինեալ ուժերը նման քայլի դիմած են կղզիի կառավարութեան յայտարարութենէն ետք, թէ այդպիսի ներխուժումներու պարագային կարծր քայլերու պիտի ձեռնարկէ:
Կղզին Չինաստանի անքակտելի մասը նկատող Փեքինը նախորդ ամիս ռազմափորձերու սկսած էր Թայուանի յարակից տարածքներուն եւ ջուրերուն մէջ` ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիի կղզի կատարած այցելութեան:
Թայուանի կառավարութիւնը յայտարարած է, թէ նպատակ չունի սրել լարուածութիւնը, սակայն վճռական է` կանխարգիլելու Չինաստանի կողմէ անօդաչու թռչող սարքերու ներխուժումները, որոնք վերջին շրջանին յաճախակի դարձած են:


