Իրաքի ազդեցիկ կրօնաւոր սէյիտ Մոքթատա Սատր իր հետեւորդներուն հրամայեց վերջ տալ կեդրոնական Պաղտատի մէջ իրենց ցոյցերուն` այդպիսով վերջ տալով իրաքեան մայրաքաղաքին մէջ տարիներէ ի վեր ընթացք առած մահաբեր բռնարարքներուն:
Ներում հայցելով Իրանի աջակցութիւնը վայելող մրցակից շիի խմբաւորումներու հետ բախումներու ընթացքին շուրջ 33 իրաքցիներու սպանութեան համար` Սատըր դատապարտեց բախումները եւ իր հետեւորդներուն մէկ ժամուան պայմանաժամ ճշդեց փողոցներէն հեռանալու: «Ասիկա յեղափոխութիւն չէ, որովհետեւ կորսնցուցած է իր խաղաղ բնոյթը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Իրաքեան արեան հեղումը արգիլուած է»:
Անոր կոչէն ետք, Սատըրական շարժումի համակիրները հեռացան փողոցներէն, եւ կեանքը վերադարձաւ իր բնականոն հունին:
Սատըր, որ հազարաւոր զինեալներ հաշուող միլիս մը կը ղեկավարէ եւ երկրի տարածքին միլիոնաւոր համակիրներ ունի, ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ ազգայնական մը, որ դէմ է բոլոր արտաքին միջամտութիւններուն` ըլլան անոնք Միացեալ Նահանգներու, Արեւմուտքին կամ Իրանի կողմէ:
Ան մէկ օր առաջ քաղաքական կեանքէն իր հեռացումը յայտարարած էր, որմէ ետք անոր համակիրները գրաւած էին նախագահական պալատն ու խորհրդարանի շէնքը: Այդ պատճառով ալ անոր շարժումին եւ մրցակից շիի զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ բուռն բախումներ ընթացք առած էին: