Ռուսիոյ Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտին յայտարարեց. «Եւրոպական Միութիւնը պէտք է ջնջէ ապօրինի պատժամիջոցները, որոնք Եւրոպայի մէջ ուժանիւթի տագնապ ստեղծեցին եւ անոր քաղաքացիներուն կեանքը բարդացուցին»:
«Եւրոպական երկիրներու ղեկավարներուն համար ճշմարտութեան ժամը հասած է: Անոնք իրենք զիրենք իրենց իսկ ստեղծած կացութենէն դուրս բերելու երկու ելք ունին. առաջին` ջնջել մեր երկրին դէմ հաստատուած ապօրինի պատժամիջոցները եւ «Հիւսիսային Հոսք-2»-ը գործի լծել: Երկրորդը ամէն ինչ ձգելն է այնպէս, ինչպէս հիմա է: Այս ելքը եւրոպացիներուն կեանքը պիտի բարդացնէ եւ տնտեսական յաւելեալ խնդիրներ ստեղծէ: Առանց Ռուսիոյ Եւրոպական ուժանիւթի անվտանգութիւնը անկարելի է», ըսաւ Վոլոտին:
«Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները Եւրոպայի մէջ ուժանիւթի տագնապի ստեղծման յանգեցաւ», յայտնեց ան` աւելցնելով. «Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն չյաջողեցաւ Ալճերիա իր այցելութեան ընթացքին կազի պակասի խնդիրը լուծել»: