Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան տեսուչներու խումբի որոշ անդամներ յառաջիկայ քանի մը օրերուն պիտի մնան Զափորոժիէի հիւլէական կայանին մէջ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին հիւլէական կայան այցելութենէն ետք ըսած է գործակալութեան ղեկավար Ռաֆայէլ Կրոսի:
«Թող աշխարհը իմանայ, որ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը կը մնայ Զափորոժիէի մէջ», «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հրապարակած տեսանիւթին մէջ կը յայտարարէ Կրոսի` աւելցնելով, որ Ուքրանիոյ վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածք վերադառնալէ ետք պիտի տրամադրեն կացութեան անաչառ, չէզոք եւ թեքնիքապէս հիմնաւորուած գնահատական:
Ըստ Կրոսիի, ակնյայտ է, որ հիւլէական կայանի «ֆիզիքական ամբողջականութիւնը» «քանի մը անգամ խախտուած է»: Թէեւ կը շարունակէ հիւլէական կայանի համար մտահոգուիլ, սակայն Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ղեկավարը նշած է, որ կացութիւնը այժմ «աւելի կանխատեսելի է»: