Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Քապուլի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան երկու պաշտօնեաներ մահացած են, երբ երէկ առտու դեսպանատան դարպասին մօտ պայթում տեղի ունեցած է:
«Անծանօթ զինեալ մը Քապուլի մէջ մեր դեսպանատան մօտ պայթեցուց ական մը, որուն պատճառով մեր դեսպանատան երկու պաշտօնեաներ մահացան», ըսաւ նախարարութիւնը:
Նախարարութիւնը շեշտեց. «Քապուլի մէջ մեր դեսպանատունը սերտ հաղորդակցութեան մէջ է աֆղանական ապահովական մարմիններուն հետ, որոնք յարձակումին շուրջ հետաքննութիւն կը կատարեն»:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ երկու ռուսեր, որոնցմէ մէկը` դիւանագէտ մը, իսկ միւսը` անվտանգութեան խումբի անդամ, վիրաւորուած են, երբ Քապուլի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան մօտ պայթում մը տեղի ունեցած է:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ յարձակումէն ետք դեսպանատան պաշտպանութիւնը ամրապնդուած է, եւ թալեպանները ապահովական մարմիններու յաւելեալ անդամներ բերած են շրջան:
«Մոսկուա կը յուսայ շուտով գտնել Քապուլի մէջ ռուսական դեսպանատան մօտ ահաբեկչական յարձակումի հեղինակները», նշեց Լաւրով:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով պայթումը կոչեց «ահաբեկչական արարք մը, որ բացարձակապէս անընդունելի է»:
Քապուլի ոստիկանապետ Խալիտ Զատրան յայտնեց, որ պայթումը անձնասպանական գործողութիւն մըն էր:


