Թուրքիան Յունաստանը մեղադրած է ՕԹԱՆ-ի առաքելութիւն կատարող թրքական ծովային պարեկային օդանաւը որսալու փորձի համար: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով «Անատոլու»-ին:
«Անատոլու», յղում կատարելով Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ իր ունեցած աղբիւրներուն, կը գրէ, թէ «Յունաստան «կտրուկ կերպով աւելցուցած է Եգէական եւ Արեւելեան Միջերկրական ծովերուն մէջ իր յարձակողական վարմունքը», Թուրքիոյ օդային ու ջրային տարածքներուն մէջ խախտումներու դէպքերու քանակը նախորդ տարուան 1123-ին համեմատ զգալի աճ արձանագրած է` ընթացիկ տարուան միայն 8 ամսուան ընթացքին հասնելով 1616-ի:
Ըստ թրքական լրատու գործակալութեան, 15 օգոստոսէն արձանագրուած են յոյն օդաչուներու կողմէ պարեկային ծառայութիւն կատարող թրքական օդանաւերու հետապնդման 14 միջադէպեր, որոնցմէ վերջինը տեղի ունեցած էր 1 սեպտեմբերին:
«Յունական օդուժը փորձած է որսալ թրքական ծովային պարեկային օդանաւը, որ առաքելութիւն կը կատարէր ՕԹԱՆ-ի` Միջերկրական ծովու անվտանգութեան ապահովման ուղղուած «Սի Կարտիըն» առաքելութեան ծիրին մէջ: Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ ընդգծած են, որ օդանաւը զինուած չէ եղած: Նախարարութենէն յայտնած են, որ յունական կողմի գործողութիւններուն տրուած է համարժէք պատասխան», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:


