Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց վստահեցուցած է, որ Գերմանիան Ուքրանիոյ զէնք պիտի մատակարարէ միայն իր քայլերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելով դաշնակիցներու հետ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Շոլց այս մասին յայտարարած է ԶՏՖ պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
«Մենք շատ արդիւնաւէտ զէնքեր կը մատակարարենք` միշտ համաձայնութիւն գոյացնելով մեր ընկերներուն եւ դաշնակիցներուն հետ», ըսած է Շոլց` նշելով, որ Գերմանիան Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ հետ միասին Քիեւին համազարկային կրակի համակարգեր կը տրամադրէ, իսկ Նետերլանտներու հետ` թնդանօթներ:
«Այսպիսով` բոլոր որոշումները լաւ մտածուած են, ես կ՛ուզեմ յստակ յայտարարել, որ ատոր հաւատարիմ եմ: Գերմանիոյ կողմէ միակողմանի քայլեր պիտի չըլլան», ընդգծած է վարչապետը:


