Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փենթակոն Ռուսիան Կ՛աամբաստանէ Հիւսիսային Քորէայէն Զէնք Գնելու Յանցանքով

September 8, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ Ռուսիան ամբաստանեցին Ուքրանիոյ մէջ օգտագործման համար Հիւսիսային Քորէայէն մեծաքանակ զէնք ու զինամթերք գնելու յանցանքով, ինչ որ ՄԱԿ-ի կողմէ Փիոնկիանկի դէմ հաստատուած արգելքի հաւանական ոտնահարում է:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` Փենթակոնի բանբեր զօր. Փաթ Ռայտըր լրագրողներուն յայտնեց. «Ունինք տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն` Ռուսիան Հիւսիսային Քորէայի հետ կապ հաստատած է անկէ զինամթերք խնդրելու համար»:

«Ասիկա ցոյց կու տայ այն կացութիւնը, որ Ռուսիան ինքզինք դրած է, ինչ կը վերաբերի գումակային աշխատանքի եւ մատակարարումներու ոլորտին», աւելցուց Ռայտըր:

«Կը կարծենք, որ այս առումով հարցերը Ռուսիոյ համար ժխտական կերպով կ՛ընթանան», ըսաւ Փենթակոնի բանբերը:

Նախքան այդ, ամերիկացի անանուն պաշտօնատար մը յայտնած էր. «Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը Հիւսիսային Քորէայէն միլիոնաւոր տոլարներով հրթիռներ ու հրետանիի ռումբեր կը ստանայ` զանոնք Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի դաշտին մէջ օգտագործելու համար»:

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը իր կարգին գաղտնի սպասարկական տեղեկութիւններ մէջբերելով հաղորդած էր, որ Ռուսիան Հիւսիսային Քորէայէն հրետանիի զինամթերք պիտի գնէ, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ Մոսկուայի դէմ հաստատուած միջազգային պատժամիջոցները արգելակած են ռուսական բանակի մատակարարման ուղիները եւ Մոսկուային ստիպած զինուորական մատակարարում ստանալու համար դիմելու «մեկուսացուած» պետութիւններու:

«Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Վասիլի Նիփենզիա յայտնած է. «Ռուսիոյ Հիւսիսային Քորէայէն զինամթերք ստանալուն վերաբերեալ յայտարարութիւնները կեղծ են»:

Նախորդը

Պաքուի Մէջ Թուրքիոյ Բանակի Սպայակոյտի Պետի Եւ Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարի Հանդիպում

Յաջորդը

Փութին Չի Բացառեր Ուքրանական Հացահատիկի Եւրոպական Միութիւն Արտածումը Սահմանափակելու Կարելիութիւնը

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.