Պաքու կը գործակցի աւելի քան հինգ տասնեակ երկիրներու յառաջատար ընկերութիւններու հետ` հզօրացնելու համար իր զինանոցը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
Ըստ Ալիեւի, սպառազինութեան ոլորտին մէջ աշխարհի յառաջատար երկիրներու հետ համագործակցութեան զարգացումէն բացի, Ազրպէյճան նաեւ կը հզօրացնէ սեփական կարելիութիւնները տեղական պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ:
Ալիեւ ընդգծած է, որ Ազրպէյճան պիտի շարունակէ ամրապնդել երկրին զինեալ ուժերն ու պաշտպանունակութիւնը` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով ժամանակակից զէնքի, սպառազինութեան, զինամթերքի, թեքնիք միջոցներու եւ նիւթական ներուժի արտադրութեան այլ կարելիութիւններու վրայ:


