Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն դէմ արտայայտուած է Ռուսիոյ` ահաբեկչութեան հովանաւոր երկիրներու ցանկին վրայ ներառելուն: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան ղեկավարը այս մասին յայտնած է Ուաշինկթըն վերադառնալէ ետք լրագրողներու հետ կարճատեւ հանդիպումի ընթացքին:
«Ո՛չ», ըսած է Պայտըն` պատասխանելով լրագրողներու համապատասխան հարցումին, որմէ ետք ժպտացած է եւ այլեւս որեւէ այլ հարցումի չէ պատասխանած:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճիմ Օ՛Պրայըն նախապէս յայտարարած էր, որ Ռուսիոյ նման կարգավիճակ տալը կրնայ բացասաբար անդրադառնալ հացահատիկի շուրջ համաձայնութեան վրայ:
Յիշեցնենք, որ 28 յուլիսին, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը որդեգրած էր բանաձեւ մը, որով արտաքին գործոց նախարարութեան կոչ կ՛ուղղէր Ռուսիան ճանչնալ իբրեւ «ահաբեկչութեան հովանաւոր երկիր»: Իբրեւ համապատասխան նախաձեռնութեան գործօն կը նշուին Վրաստանի, Սուրիոյ եւ Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները: