Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղի Ունեցաւ «Բազմաբեւեռ Աշխարհի Ճամբուն Վրայ» Նիւթով Արեւելեան Տնտեսական 7-րդ Խորհրդաժողովի Լիագումար Նիստը

September 8, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ Վլատիվոսթոք քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Բազմաբեւեռ աշխարհի ճամբուն վրայ» նիւթով Արեւելեան տնտեսական 7-րդ խորհրդաժողովի լիագումար նիստը, որուն մասնակցեցան Չինաստանի խորհրդարանի նախագահ Լի Ժանշուն, Միանմարի ղեկավար Մին Օնկ Հլայնկը եւ Վիեթնամի վարչապետ Ֆամ Մին Չինը. տեսակապով մասնակցեցաւ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր արտասանած խօսքին մէջ, մեկնաբանելով Լիզ Թրասի Բրիտանիոյ նոր վարչապետի պաշտօնին ընտրութիւնը, յայտնեց. «Բրիտանիոյ մէջ պետութեան ղեկավարի ընտրութեան կարգը հեռու է ժողովրդավարական սկզբունքներէն: Անոնք տեղի կ՛ունենան նախորդ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ յաղթած կուսակցութեան ծիրին մէջ: Բրիտանիոյ ժողովուրդը այս պարագային կառավարութեան փոփոխութեան չի մասնակցիր: Իշխող վերնախաւը այնտեղ իր դրուածքը ունի: Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները ինչպէս կառուցելը իրենց գործն է, մեր գործը սեփական շահերը պաշտպանելն է: Եւ մենք ատիկա պիտի ընենք հետեւողականօրէն, թող ոչ ոք կասկածի»:

Ռուսիոյ նախագահը յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է վաղն իսկ վերսկսելու «Հիւսիսային հոսք 1»-ի աշխատանքը, եթէ վերանորոգուած մղիչը իրեն վերադարձուի:

«Տուէք մեզի մղիչը, մենք վաղը կը միացնենք «Հիւսիսային հոսք 1»-ը: Իսկ անոնք ոչինչ կու տան: Կ՛ըսեն, թէ իբրեւ զէնք պիտի օգտագործեն: Ի՞նչ զէնք: Հերթական անհեթեթութիւն ու ցնորք: Ի՞նչ զէնք կ՛օգտագործենք: Մենք կը մատակարարենք այնքան, որքան մեր գործընկերներուն անհրաժեշտ է. ինչքան կը պատուիրեն, այնքան ալ կը կատարենք: Չէ որ օդ չենք մատակարարեր, այլ` ըստ դիմումներու: Դիմումը ներկայացուած է` կը կատարենք: Իրենք արգելք դրած են, հիմա ալ չեն գիտեր` ի՛նչ ընել ատոր հետ, իրենք զիրենք այսպէս կոչուած պատժամիջոցներու փակուղի մտցուցած են», ընդգծեց Փութին:

Ան նաեւ յայտնեց, որ Ռուսիան Ուքրանիոյ մէջ գործողութիւններու պատճառով կորուստներ չէ ունեցած:

«Համոզուած եմ, որ մենք ոչինչ կորսնցուցած ենք եւ պիտի չկորսնցնենք: Իսկ գլխաւոր ձեռքբերումը մեր գերիշխանութեան ամրապնդումն է: Ճիշդ է, թէ՛ աշխարհի մէջ, թէ՛ երկրին մէջ որոշակի բեւեռացում կայ: Ես, սակայն, կը կարծեմ, որ ատիկա միայն օգտակար կրնայ ըլլալ: Մենք պիտի հրաժարինք այն ամէնէն, ինչ որ մեզ կը խանգարէ, պիտանի չէ եւ վնասակար է, պիտի սկսինք թափ հաւաքել եւ զարգանալ, որովհետեւ ժամանակակից զարգացումը կարելի է բացառապէս գերիշխանութեան հիման վրայ», ըսաւ Փութին:

Խօսելով Ուքրանիոյ մէջ զինուորական յատուկ գործողութեան մասին` Փութին նշեց. «Զինուորական գործողութիւններու տեսանկիւնէն մենք Ուքրանիոյ մէջ ոչինչ սկսած ենք, մենք կը փորձենք վերջ տալ: Պատերազմը 2014 թուականին սկսած են այն մարդիկ, որոնք չէին ձգտեր բնականոն զարգացման եւ կ՛ուզէին ճնշել սեփական ժողովուրդը»:

Ռուսիոյ նախագահը մեկնաբանած է եւրոպական դիւանագիտութեան ղեկավար Ճոզեփ Պորելի հակառուս յայտարարութիւնները` ընդգծելով, որ ան պէտք է առերեսուի իրականութեան եւ ճիշդ եզրակացութիւններ ընէ:

«Ան կը դատարկաբանէ, ան այդ ոլորտին մէջ մեծ մասնագէտ է», ըսաւ Փութին:

«Տարօրինակ դիւանագիտական վերաբերմունք: Եթէ ան որեւէ երկրի պաշտպանութեան նախարար ըլլար, կարելի էր հասկնալ այս հռետորաբանութիւնը, իսկ Եւրոպական Միութեան գլխաւոր դիւանագէտին համար շատ տարօրինակ է, սակայն Աստուած է անոր դատաւորը», յայտնեց ան:

Նախորդը

Փութին Չի Բացառեր Ուքրանական Հացահատիկի Եւրոպական Միութիւն Արտածումը Սահմանափակելու Կարելիութիւնը

Յաջորդը

Անգարան Դամասկոսի Հետ Մերձեցման Թղթածրարը Հեռու Կը Պահէ «Տեղեկատուական Քաշքշուք»-ներէն

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.