Միջազգային

Ալիեւ Ընդունած Է Ռուսիոյ  Առաջին Փոխվարչապետը

Ալիեւ Ընդունած Է Ռուսիոյ Առաջին Փոխվարչապետը

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ Պաքուի մէջ ընդունած է Ռուսիոյ առաջին փոխվարչապետ Անտրէյ Պելոուսովը: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն ձայնասփիւռի կայանը: Ազրպէյճանի նախագահական պալատին համաձայն, հանդիպումի մասնակիցները քննարկած են երկկողմանի առեւտրատնտեսական, փոխադրամիջոցային, ելեւմտական հարցեր: Բացի ատկէ, քննարկուած է Հիւսիս-հարաւ փոխադրամիջոցային միջանցքի նախագիծը: Միջազգային այս միջանցքը նախատեսուած է ապահովելու Իրանի միջոցով Պալթեան երկիրներու եւ Հնդկաստանի միջեւ փոխադրամիջոցային կապը:

Մոսկուա Պիտի Չմասնակցի  Վենեզուելայի Շուրջ Միջազգային Ժողովին

«Ամերիկեան Արբանեակները Կրնան Օրինական Թիրախներու Վերածուիլ, Եթէ Ուքրանիոյ Տագնապին Մէջ Օգտագործուին» Կ՛ըսէ Մոսկուա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ զէնքերու եւ հիւլէական զէնքերու տարածման արգիլման հարցերու բաժանմունքի տնօրէն Քոսթանթին Վորոնցով յայտարարեց. «Ամերիկեան արբանեակները կրնան օրինական թիրախներու վերածուիլ, եթէ Ուքրանիոյ տագնապին մէջ օգտագործուին»: Ան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի առաջին յանձնախումբի նիստի ընթացքին նշեց. «Մենք չենք ուզեր կեդրոնանալ շատ վտանգաւոր ուղղուածութեան վրայ, որ յստակօրէն կ՛երեւի Ուքրանիոյ իրադարձութիւններու ընթացքին մէջ: Մենք կը խօսինք Միացեալ Նահանգներու եւ դաշնակիցներու անջրպետի...

Ալիեւն Ու Օվերչուքը Քննարկած Են Հարաւային  Կովկասի Մէջ Հաղորդակցութիւններու  Ապաշրջափակման Հարցը

Ալիեւն Ու Օվերչուքը Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Մէջ Հաղորդակցութիւններու Ապաշրջափակման Հարցը

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման եւ Հիւսիս-հարաւ միջազգային փոխադրամիջոցային միջանցքի եռակողմ աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը: «Զրոյցի ընթացքին քննարկուած են փոխադրամիջոցային-տնտեսական կապերու ապաշրջափակման նպատակով ստեղծուած եռակողմ աշխատանքային խումբի գործունէութեան հարցերը», յայտնած է Ալիեւի մամլոյ ծառայութիւնը: Բացի ատկէ, կողմերը միտքեր փոխանակած են Հիւսիս-հարաւ միջազգային փոխադրամիջոցային միջանցքի եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու...

«Ռուսիան Տեղեակ Է Ուքրանիոյ «Կեղտոտ Ռումբ»  Օգտագործելու Ծրագիրներէն»  Կ՛ըսէ Փութին

«Ռուսիան Տեղեակ Է Ուքրանիոյ «Կեղտոտ Ռումբ» Օգտագործելու Ծրագիրներէն» Կ՛ըսէ Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիան կը զինեն ծանր սպառազինութեամբ` միեւնոյն ժամանակ անտեսելով հիւլէական զէնք ձեռք բերելու Քիեւի ցանկութիւնը: Ան ընդգծած է, որ Ռուսիան տեղեակ է «կեղտոտ ռումբ» (ցած թողունակութեամբ հիւլէական զէնք) կիրարկելու ուքրանական կողմի մտադրութեան մասին: Այս մասին հաղորդեց «Քոմերսանթ»-ը: «Այժմ անոնք զէնք կու տան, ներառեալ ծանր, կ՛անտեսեն Քիեւի վարչակարգի հիւլէական զէնք ստանալու ցանկութեան մասին...

ԱՊՀ-ի Մէջ Օտարերկրեայ Հասարակական  Կազմակերպութիւններու` Շրջանին Մէջ  Կացութեան Ապակայունացման Փորձերը  Դիմակայելու Միջոցներ Կը Ստեղծուին

ԱՊՀ-ի Մէջ Օտարերկրեայ Հասարակական Կազմակերպութիւններու` Շրջանին Մէջ Կացութեան Ապակայունացման Փորձերը Դիմակայելու Միջոցներ Կը Ստեղծուին

ԱՊՀ-ի երկիրներու գաղտնի սպասարկութիւններու ղեկավարներու նիստի ընթացքին մշակուած են օտարերկրեայ հասարակական կազմակերպութիւններու` շրջանին մէջ կացութիւնը ապակայունացնելու փորձերը դիմակայելու լրացուցիչ միջոցներ: Այս մասին նշուած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան` «Էֆ.Էս.Պի.»-ի Հանրային կապերու կեդրոնի հաղորդագրութեան մէջ: «Նիստի ընթացքին մշակուած են լրացուցիչ միջոցներ` դիմակայելու համար ապակառուցողական գործունէութիւնը օտարերկրեայ ոչ կառավարական ոչ առեւտրական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու, որոնք «փափուկ ուժ» կ՛օգտագործեն ԱՊՀ-ի տարածքին մէջ կացութեան...

«Թուրքիան Կրնայ Բաւարարել Ազրպէյճանի  Պաշտպանական Կարիքները»  Կ՛ըսէ Աքար

«Թուրքիան Կրնայ Բաւարարել Ազրպէյճանի Պաշտպանական Կարիքները» Կ՛ըսէ Աքար

Նախանցեալ օր Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած է պաշտպանական, օդանաւային եւ տիեզերական ճարտարագիտութեան արտադրութեան «ՍԱՀԱ ԷՔՍՓՕ-2022» միջազգային ցուցահանդէսը, որուն բացման ընթացքին Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար իր խօսքին մէջ յայտնած է, որ շրջանին եւ աշխարհի մէջ կայունութիւն ապահովող երկրի վերածուելու գրաւականներէն մէկը այն է, որ Թուրքիան կրցած է ազգային պաշտպանական արդիւնաբերութիւն զարգացնել: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: «Մենք արդէն դարձած...

Չարլզ Գ. Թագաւորը Ռիշի Սունաքը  Նշանակած Է Բրիտանիոյ Վարչապետ

Չարլզ Գ. Թագաւորը Ռիշի Սունաքը Նշանակած Է Բրիտանիոյ Վարչապետ

Բրիտանիոյ Չարլզ Գ. թագաւորը երկրի նոր վարչապետ նշանակած է Ռիշի Սունաքը եւ անոր յանձնարարած նոր կառավարութիւն կազմել: Թագաւորը նախքան այդ պաշտօնապէս ընդունած էր Լիզ Թրասի հրաժարականը: Ռիշի Սունաք Չարլզ Գ. թագաւորին հետ հանդիպումէ ետք Տաունինկ Սթրիթի մէջ խօսք մը արտասանեց` կոչով դիմելով Բրիտանիոյ ժողովուրդին: Ան ըսաւ, որ բրիտանական նոր նախարարաց խորհուրդը պիտի կեդրոնանայ տնտեսական խնդիրներու լուծման վրայ, կառավարութիւնը պատրաստ է...

Ռիչի Սունաք` Բրիտանիոյ  Նոր Վարչապետ

Ռիչի Սունաք` Բրիտանիոյ Նոր Վարչապետ

Բրիտանական իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ Ռիչի Սունաք դարձած է իշխող Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար, ուստի եւ Բրիտանիոյ նոր վարչապետ: Ան Պորիս Ճոնսընի կառավարութեան մէջ կը վարէր ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնը: Սունաք Բրիտանիոյ ամէնէն հարուստ անձերէն մէկն է, ծագումով հնդիկ է, իսկ կրօնով` հինտու:

Ուաշինկթըն, Լոնտոն Եւ Փարիզ Կը Մերժեն  Մոսկուայի` Քիեւի Կողմէ «Կեղտոտ Ռումբ»-ի  Օգտագործման Փորձի Ամբաստանութիւնը

Ուաշինկթըն, Լոնտոն Եւ Փարիզ Կը Մերժեն Մոսկուայի` Քիեւի Կողմէ «Կեղտոտ Ռումբ»-ի Օգտագործման Փորձի Ամբաստանութիւնը

Միացեալ Նահանգները, Բրիտանիան եւ Ֆրանսան մերժեցին «Ռուսիոյ պնդումները, թէ Ուքրանիան կը պատրաստուի «կեղտոտ ռումբ» օգտագործելու»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի հետ միացեալ յայտարարութիւնը` նշելով. «Մեր երկիրները յայտնեցին, որ մենք բոլորս կը մերժենք Ռուսիոյ ամբաստանութիւնը, թէ Ուքրանիան կը պատրաստուի իր հողերուն վրայ «կեղտոտ ռումբ» օգտագործելու»: «Մենք` Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարներս, կը վերահաստատենք Ուքրանիոյ...

«Առանց Չափաւորական Ընդդիմութեան`  Սուրիոյ Վարչակարգին Հետ Հաղորդակցութեան,  Պատերազմին Լուծում Չկայ»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Առանց Չափաւորական Ընդդիմութեան` Սուրիոյ Վարչակարգին Հետ Հաղորդակցութեան, Պատերազմին Լուծում Չկայ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ պէտք է Սուրիոյ հարցին «վարչակարգին ու ընդդիմութեան միջեւ հաղորդակցութեան միջոցով» քաղաքական լուծում գտնել: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը, յղում կատարելով թրքական լրատուամիջոցներու, կը հաղորդէ, որ Չաւուշօղլու այս մասին ըսած է Ալեքսանտրեթ նահանգին մէջ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու եւ գործարարներու հետ հանդիպումի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ: «Պէտք է վարչակարգին ու ընդդիմութեան միջեւ հաղորդակցութիւնը շարունակուի`...

Իրանի Արեւմտեան Ազրպէյճան  Նահանգին Մէջ  Մոսատի Հետ Կապ Ունեցող  10 Անձեր Ձերբակալուած Են

Իրանի Արեւմտեան Ազրպէյճան Նահանգին Մէջ Մոսատի Հետ Կապ Ունեցող 10 Անձեր Ձերբակալուած Են

Իրանի հիւսիսարեւմտեան Արեւմտեան Ազրպէյճան նահանգին մէջ Մոսատի հետ կապ ունեցող 10 անձեր ձերբակալուած են: Այս մասին հաղորդեց իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը: Լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ ձերբակալուած անձերը տեսերիզի ճամբով ուղղակի կապ հաստատած են Մոսատի մէջ գործող սպայի հետ եւ Արեւմտեան Ազրպէյճանի, Թեհրանի ու Հարմազղանի մէջ գործած են: Ձերբակալուած անձերը իրանեան ապահովական մարմիններուն առնչակից անձերու ինքնաշարժներ ու բնակարաններ հրկիզած են եւ...

«Ազրպէյճանի Սահմանին Վրայ Իրանի  Յեղափոխական Պահակագունդի Ռազմափորձերը  Վճռական Պատասխան Են Իսրայէլին»  Կ՛ըսէ Իրանցի Երեսփոխան Մը

«Ազրպէյճանի Սահմանին Վրայ Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդի Ռազմափորձերը Վճռական Պատասխան Են Իսրայէլին» Կ՛ըսէ Իրանցի Երեսփոխան Մը

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի երկրի հիւսիս-արեւմուտքին մէջ` Ազրպէյճանի հետ սահմանին վրայ կատարած ռազմափորձերը «վճռական պատասխան» են Իսրայէլին: Այս մասին իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Իրանի խորհրդարանի անդամ Մոհամետ Սաֆային: Անոր համաձայն, Յեղափոխական պահակագունդի ռազմափորձերը պատասխան էին Ազրպէյճանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ իսրայէլեան ազդեցութեան, ինչպէս նաեւ Իրանի դէմ որոշ «դաւադրութիւններու» ծրագիրներուն: Անդրադառնալով Ազրպէյճանի մէջ Իսրայէլի ներկայութեան` երեսփոխանը ըսած...

«Սէուտական Արաբիոյ Հետ Բանակցութիւններու Նոր Փուլ Կը Պատրաստենք»  Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

«3 Օր Առաջ Ստացանք Ամերիկեան Պատգամ Մը, Թէ Ուաշինկթըն Կ՛ուզէ Արագացնել Հիւլէական Համաձայնութեան Հասնելու Կշռոյթը» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

«Արեւմտեան երկիրները պէտք է հեռանան Իրանի մէջ ներկայ զարգացումներուն վերաբերեալ իրենց դիրքորոշումներէն», շաբաթ օր ըսաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան` նշելով. «Մեր անվտանգութեան եւ կայունութեան դէմ որեւէ եւրոպական քայլի համահունչ կերպով պիտի հակադարձենք»: Իրանի դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտարարեց. «Երեք օր առաջ ստացանք ամերիկեան պատգամ մը, թէ Ուաշինկթըն կ՛ուզէ արագացնել հիւլէական համաձայնութեան հասնելու կշռոյթը: «Մենք պատրաստ չենք որեւէ համաձայնութիւն...

Մելոնի Իտալիոյ Առաջին Կին Եւ Համաշխարհային  Բ. Պատերազմէն Ի Վեր Ծայրայեղ Աջակողմեան  Առաջին Կառավարութեան Վարչապետ

Մելոնի Իտալիոյ Առաջին Կին Եւ Համաշխարհային Բ. Պատերազմէն Ի Վեր Ծայրայեղ Աջակողմեան Առաջին Կառավարութեան Վարչապետ

Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլայի նստավայրին մէջ, Ճիորճիա Մելոնին շաբաթ օր հանդիսաւոր երդումով ստանձնեց Իտալիոյ վարչապետի պաշտօնը: Ան այդպիսով դարձաւ Իտալիոյ պատմութեան ընթացքին առաջին կին վարչապետը: Աւելի՛ն, 45 տարեկան Մելոնին պիտի ղեկավարէ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր առաջին ծայրայեղ աջակողմեան կառավարութիւնը: «Մելոնին «Իտալիոյ եղբայրներ» ազգայնական կուսակցութեան ղեկավարն է: Անոր կուսակցութիւնը նախընտրական դաշինք կնքած է նախկին վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնիի ղեկավարած «Ֆորցա Իթալիա»...

Պայտըն. «Ռուսիան Պէտք Չէ  Ուքրանիոյ Մէջ Յաջողութեան Հասնի»

Պայտըն. «Ռուսիան Պէտք Չէ Ուքրանիոյ Մէջ Յաջողութեան Հասնի»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն «Էմ.Էս.Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիան պէտք չէ Ուքրանիոյ մէջ յատուկ զինուորական գործողութեան մէջ յաջողի: Պայտըն խոստովանած է, որ Միացեալ Նահանգներ բաւական մեծ գումարներ տրամադրած են ուքրանացիներուն օգնելու համար, սակայն այդ բոլորը կատարուած է Ռուսիոյ յաջողութիւնը կանխարգիլելու համար: «Ասիկա շատ աւելին է, քան ուքրանացիները: Ասիկա ՕԹԱՆ-ի մասին է, Արեւմտեան Եւրոպայի մասին...

Պարսելոնայի Եւ Մարսէյի Միջեւ Կազի  Խողովակաշարի Կառուցման Շուրջ  Սպանիա-Ֆրանսա-Փորթուգալ Համաձայնութիւն

Պարսելոնայի Եւ Մարսէյի Միջեւ Կազի Խողովակաշարի Կառուցման Շուրջ Սպանիա-Ֆրանսա-Փորթուգալ Համաձայնութիւն

Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզ յայտարարեց, որ Սպանիան, Ֆրանսան եւ Փորթուգալը համաձայնութիւն գոյացուցած են կառուցելու խողովակաշար մը, որ Իպերիական թերակղզին կը կապէ մնացեալ Եւրոպային` այդպիսով գործադրելով ծրագիր մը, որուն մնայուն կերպով դէմ եղած էր Ֆրանսան: «Կանաչ ուժանիւթի միջանցք» ծրագիրը կը փոխարինէ «Մետքաթ» անունը կրող նախկին ծրագիր մը, որ տասնամեակ մը առաջ շրջանառութեան մէջ դրուած էր, սակայն 2019-ին անտեսուած էր կազմակերպչական ու...

Միացեալ Նահանգներ Յայտարարած Են,  Որ ՕԹԱՆ-ը Պէտք Չէ Անմիջականօրէն  Մասնակից Դառնայ Ուքրանիոյ Տագնապին

Միացեալ Նահանգներ Յայտարարած Են, Որ ՕԹԱՆ-ը Պէտք Չէ Անմիջականօրէն Մասնակից Դառնայ Ուքրանիոյ Տագնապին

ՕԹԱՆ-ը պէտք չէ անմիջականօրէն մասնակից դառնայ Ուքրանիոյ տագնապին: Այս մասին գերմանական ԶՏՖ պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է ՕԹԱՆ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Ճուլիանա Սմիթ: «ՕԹԱՆ-ը սկիզբէն ի վեր որոշում տուած է չդառնալու պատերազմի կողմ, եւ այդ դիրքորոշումը կը կիսեն դաշինքի բոլոր 30 անդամները: Գոյութիւն ունի Միացեալ Նահանգներու եւ Գերմանիոյ անհատական աջակցութիւնը: Կայ զինուորական եւ տնտեսական աջակցութիւն, սակայն ՕԹԱՆ-ը պէտք չէ...

Խերսոնի Շրջանին Մէջ Տնեփր Գետը Անցնելու  Ընթացքին Ուքրանական Հրթիռային  Հարուածէն 4 Մարդ Զոհուած Է

Խերսոնի Շրջանին Մէջ Տնեփր Գետը Անցնելու Ընթացքին Ուքրանական Հրթիռային Հարուածէն 4 Մարդ Զոհուած Է

Ռուսիոյ միացած ուքրանական Խերսոն շրջանի իշխանութիւնները հաղորդեցին, որ Տնեփր գետը անցնելու ընթացքին ուքրանական հրթիռային հարուածի պատճառով չորս մարդ զոհուած է: Ռուսական պետական լրատուամիջոցներու համաձայն, նախորդ գիշեր ուքրանական ուժերը արձակած են ՀԱՅՄԱՐՍ տիպի 12 հրթիռներ, որոնցմէ մէկը ինկած է Անթոնովսքի կամուրջի տարածքին մէջ. կամուրջը նախորդ հրետակոծութենէն ետք քանի մը ամիսէ ի վեր չի գործեր: Անթոնովսքի կամուրջի գնդակոծութեան մասին կը հաղորդեն նաեւ...

Քոլիպա Լափիտէն Իսրայէլեան Հակաօդային  Պաշտպանութեան Համակարգեր ու  Ճարտարագիտութիւն Կը Խնդրէ

Քոլիպա Լափիտէն Իսրայէլեան Հակաօդային Պաշտպանութեան Համակարգեր ու Ճարտարագիտութիւն Կը Խնդրէ

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քոլիպա յայտարարեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Եայիր Լափիտի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին խօսած է Քիեւի իսրայէլեան հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր ու ճարտարագիտութիւն ստանալու խնդրանքին մասին: Քոլիպա ընկերային ցանցի վրայ գրած է. «Զինք տեղեակ պահեցի ռուսական հրթիռներուն եւ իրանեան անօդաչու թռչող սարքերու պատճառով աննկարագրելի տառապանքէն, կեանքերու կորուստէն ու քանդումէն»: Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը հաղորդեց, որ...

Բրիտանիոյ Վարչապետ  Լիզ Թրաս Հրաժարեցաւ

Բրիտանիոյ Վարչապետ Լիզ Թրաս Հրաժարեցաւ

Բրիտանիոյ վարչապետ Լիզ Թրաս երէկ յայտարարեց, որ կը հրաժարի իշխող Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի եւ Բրիտանիոյ վարչապետի պաշտօններէն: Ան այդ պաշտօնը ստանձնած էր 6 սեպտեմբերին, այսինքն` հրաժարեցաւ պաշտօնը ստանձնելէ 44 օր ետք: Ան այսպիսով դարձաւ Բրիտանիոյ պատմութեան մէջ վարչապետի պաշտօնը ամէնէն կարճ ժամանակ վարած անձնաւորութիւնը: Թրաս մերժած էր հրաժարիլ, երբ պաշտօնազրկեց ելեւմուտքի նախարար Քուասի Քուարթենկը, որ ներկայացուցած էր պետական սեղմ ամավարկ...

Page 238 of 882 1 … 237 238 239 … 882

Արխիւներ