Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ պէտք է Սուրիոյ հարցին «վարչակարգին ու ընդդիմութեան միջեւ հաղորդակցութեան միջոցով» քաղաքական լուծում գտնել:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը, յղում կատարելով թրքական լրատուամիջոցներու, կը հաղորդէ, որ Չաւուշօղլու այս մասին ըսած է Ալեքսանտրեթ նահանգին մէջ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու եւ գործարարներու հետ հանդիպումի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ:
«Պէտք է վարչակարգին ու ընդդիմութեան միջեւ հաղորդակցութիւնը շարունակուի` համաձայնութիւն գոյացնելու համար սահմանադրութեան ու ճամբու քարտէսի շուրջ, որ կը ներառէ ընտրական հոլովոյթ մը, ըստ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումին», յայտնած է Չաւուշօղլու` աւելցնելով. «Այս թեզէն նեղացողներ կան, մեզի ըսէք, եթէ այլ լուծում կայ. կ՛ընդունի՞ք, որ այս պատերազմը յաւելեալ 50 տարի շարունակուի»:
«Սուրիոյ միասնականութեան ու անվտանգութեան շարունակման համար պէտք է չափաւորական ընդդիմութիւնն ու կառավարութիւնը հասնին համաձայնութեան մը ճամբու քարտէսի շուրջ, որ կը բացառէ ահաբեկիչները», ըսաւ թրքական դիւանագիտութեան պետը` նշելով. «Ասիկա միակ ուղին է Սուրիոյ մէջ միասնականութիւն ու յարակցութիւն հաստատելու, եւ միայն այս ձեւով կարելի է սուրիացիները, ներառեալ Թուրքիոյ մէջ վերադառնալ ուզող սուրիացիները, ապահով կերպով իրենց երկիրը վերադարձնել»:
Չաւուշօղլու յայտնեց, որ իր երկիրը կը զօրակցի Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան եւ պէտք չէ անոր մասնատումը արտօնել` շեշտելով. «Թուրքիան իր ամբողջ ջանքը կը թափէ երաշխաւորելու համար, որ տառապանքը չխորանայ, եւ կանխարգիլելու համար, որ այլ երկիրներ եւս այս կացութեան մէջ յայտնուին»:
«Պէտք չէ արտօնել, որ Սուրիան Թուրքիոյ դէմ ուղղուած ահաբեկչութեան որջ դառնայ, եւ պէտք չէ նաեւ անոր մասնատումը արտօնել», նշեց ան:
Չաւուշօղլու ըսաւ, որ իր երկիրը տեղեակ է Արեւմուտքին` Սուրիոյ մէջ ՔԱԿ-ի եւ անոր թեւերուն տրամադրած աջակցութենէն, որուն նպատակը «այդ կազմակերպութեան Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ իր անջատողական օրակարգը շարունակելուն երաշխաւորումն է»:


