Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ զէնքերու եւ հիւլէական զէնքերու տարածման արգիլման հարցերու բաժանմունքի տնօրէն Քոսթանթին Վորոնցով յայտարարեց. «Ամերիկեան արբանեակները կրնան օրինական թիրախներու վերածուիլ, եթէ Ուքրանիոյ տագնապին մէջ օգտագործուին»:
Ան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի առաջին յանձնախումբի նիստի ընթացքին նշեց. «Մենք չենք ուզեր կեդրոնանալ շատ վտանգաւոր ուղղուածութեան վրայ, որ յստակօրէն կ՛երեւի Ուքրանիոյ իրադարձութիւններու ընթացքին մէջ: Մենք կը խօսինք Միացեալ Նահանգներու եւ դաշնակիցներու անջրպետի մէջ քաղաքային, ներառեալ առեւտրական ենթակառոյցներու զինեալ տագնապի մէջ օգտագործման մասին»:
«Կիսաքաղաքային ենթակառոյցները կրնան օրինական թիրախներու վերածուիլ, եւ Արեւմուտքի արարքներուն պատճառով, անջրպետի խաղաղ աշխատանքներն ու աշխարհի վրայ ընկերային ու տնտեսական գործողութիւնները, որոնցմէ կախեալ է նախ եւ առաջ զարգացած երկիրներու բնակիչներու բարօրութիւնը, անտեղի վտանգի ենթակայ են», նշեց ան:


