Միացեալ Նահանգները, Բրիտանիան եւ Ֆրանսան մերժեցին «Ռուսիոյ պնդումները, թէ Ուքրանիան կը պատրաստուի «կեղտոտ ռումբ» օգտագործելու»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի հետ միացեալ յայտարարութիւնը` նշելով. «Մեր երկիրները յայտնեցին, որ մենք բոլորս կը մերժենք Ռուսիոյ ամբաստանութիւնը, թէ Ուքրանիան կը պատրաստուի իր հողերուն վրայ «կեղտոտ ռումբ» օգտագործելու»:
«Մենք` Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարներս, կը վերահաստատենք Ուքրանիոյ գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան մեր աջակցութիւնը ընդդէմ Ռուսիոյ, եւ կը շարունակենք յանձնառու ըլլալ Ուքրանիոյ` իր հողերը կարելի ամէնէն երկար տեւողութեամբ պաշտպանելու Ուքրանիոյ ջանքերուն աջակցութեան նկատմամբ», աւելցուց երեք երկիրներու հաղորդագրութիւնը:
Բացի ատկէ, երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները նաեւ ընդգծած են, որ նման յայտարարութիւնները կ՛որակեն մեղադրանքը իբրեւ մագլցումի պատրուակ օգտագործելու փորձ:
Բացի ատկէ, անոնք նաեւ քննարկած են Ուքրանիոյ հետագայ զինուորական եւ տնտեսական օգնութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութիւնը:
Նշենք, որ «կեղտոտ ռումբ»-ը կը ծառայէ ընդարձակ շրջան մը, առանց հիւլէական պայթումի, շողարձակ նիւթով ապականելու, ինչ որ զայն քաղաքայիններուն համար վտանգաւոր կը դարձնէ:
Նշենք, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու կիրակի օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած էր Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարներուն հետ` խօսելով Ուքրանիոյ կողմէ «կեղտոտ ռումբ»-ի օգտագործումով հաւանական սադրանքներու մասին:
Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի կիրակի գիշեր իր տեսաուղերձին մէջ ըսած էր, որ միայն Մոսկուան կրնայ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ հիւլէական զէնք օգտագործել: Անոր համաձայն, «աշխարհը պէտք է կարելի եղածին չափ կարծր արձագանգէ» զանգուածային ոչնչացման զէնքի որեւէ օգտագործման:
«Եթէ Ռուսիան պատրաստած է գրաւներու եւս մէկ բարձրացում եւ մագլցումի հերթական քայլ, ապա ան պէտք է տեսնէ, որ աշխարհը ատիկա պիտի չկլլէ», ըսած է Զելենսքի:
Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպա իր կարգին յայտարարեց, որ Քիեւ չի պատրաստուիր «կեղտոտ ռումբ» օգտագործելու: Ան անհեթեթ կոչած է այն մեղադրանքները, թէ Ուքրանիան կրնայ նման զէնք օգտագործել:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտարարեց, որ Մոսկուա Ուքրանիոյ կողմէ «կեղտոտ ռումբ»-ի պատրաստման հարցը պիտի արծարծէ ՄԱԿ-ի մէջ` նշելով. «Կան տեղեկութիւններ, զորս մենք համապատասխան խողովակներով քանի մը անգամ ստուգած ենք, որ ատիկա սոսկ կասկած չէ, լուրջ հիմքեր կան ենթադրելու, որ նման բաներ կարելի է ծրագրել»:


