Ռուսիան «Կրնայ Վերատեսութեան Ենթարկել» ՄԱԿ-ի Հետ Համագործակցութիւնը, Եթէ ՄԱԿ-ը Անօդաչու Թռչող Սարքերու Հարցով Ուքրանիա Փորձագէտներ Ուղարկէ
Ռուսիոյ եւ ՄԱԿ-ի համագործակցութիւնը կրնայ վերատեսութեան ենթարկուիլ, եթէ կազմակերպութիւնը իր փորձագէտները ուղարկէ Ուքրանիա` ուսումնասիրելու համար վար առնուած անօդաչու թռչող սարքերը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչի տեղակալ Տմիթրի Փոլիանսքի: Անոր համաձայն, Ռուսիան Ուքրանիոյ մէջ միայն սեփական արտադրութեան անօդաչու թռչող սարքեր կ՛օգտագործէ: «Մենք ունինք անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութեան մեր արդիւնաբերութիւնը, ուստի բոլոր...




















