Իրանի հիւսիսարեւմտեան Արեւմտեան Ազրպէյճան նահանգին մէջ Մոսատի հետ կապ ունեցող 10 անձեր ձերբակալուած են: Այս մասին հաղորդեց իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը:
Լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ ձերբակալուած անձերը տեսերիզի ճամբով ուղղակի կապ հաստատած են Մոսատի մէջ գործող սպայի հետ եւ Արեւմտեան Ազրպէյճանի, Թեհրանի ու Հարմազղանի մէջ գործած են:
Ձերբակալուած անձերը իրանեան ապահովական մարմիններուն առնչակից անձերու ինքնաշարժներ ու բնակարաններ հրկիզած են եւ գումարի դիմաց այդ առնչութեամբ Մոսատի սպաներու տեսերիզներ ուղարկած:


