Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ Պաքուի մէջ ընդունած է Ռուսիոյ առաջին փոխվարչապետ Անտրէյ Պելոուսովը: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն ձայնասփիւռի կայանը:
Ազրպէյճանի նախագահական պալատին համաձայն, հանդիպումի մասնակիցները քննարկած են երկկողմանի առեւտրատնտեսական, փոխադրամիջոցային, ելեւմտական հարցեր:
Բացի ատկէ, քննարկուած է Հիւսիս-հարաւ փոխադրամիջոցային միջանցքի նախագիծը: Միջազգային այս միջանցքը նախատեսուած է ապահովելու Իրանի միջոցով Պալթեան երկիրներու եւ Հնդկաստանի միջեւ փոխադրամիջոցային կապը: