Բրիտանական իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ Ռիչի Սունաք դարձած է իշխող Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար, ուստի եւ Բրիտանիոյ նոր վարչապետ:
Ան Պորիս Ճոնսընի կառավարութեան մէջ կը վարէր ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնը: Սունաք Բրիտանիոյ ամէնէն հարուստ անձերէն մէկն է, ծագումով հնդիկ է, իսկ կրօնով` հինտու: