Միջազգային

Ռուսիան Անուղղակի Հիմնաւորումներ  Ունի Ենթադրելու, Որ Թրասի` Պլինքընին  Ուղարկած «Էս. Էմ. Էս.»-ը Վերաբերած Էր «Հիւսիսային Հոսք»-երու Պայթումին

Ռուսիան Անուղղակի Հիմնաւորումներ Ունի Ենթադրելու, Որ Թրասի` Պլինքընին Ուղարկած «Էս. Էմ. Էս.»-ը Վերաբերած Էր «Հիւսիսային Հոսք»-երու Պայթումին

Ռուսիան անուղղակի հիմնաւորումներ ունի ենթադրելու, որ Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Լիզ Թրասի` «ամէն ինչ կատարուած է» հաղորդագրութիւնը, որ ուղարկուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին, վերաբերած է «Հիւսիսային հոսք»-երու ականահարման: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքին: «Ես միայն անուղղակի կը հաստատեմ, որ այս ամէնը հիմնաւորումներ ունի», ըսած է...

Իրաքն Ու Ռուսիան Կը Պատրաստուին Հիւլէական  Համագործակցութեան Յուշագիր Ստորագրելու

Իրաքն Ու Ռուսիան Կը Պատրաստուին Հիւլէական Համագործակցութեան Յուշագիր Ստորագրելու

Մոսկուան եւ Պաղտատը կը պատրաստուին համագործակցութեան յուշագիր ստորագրելու` խաղաղ կիրարկման նպատակներով հիւլէական ճարտարագիտութիւններու շուրջ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի թղթակիցին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Իրաքի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան տնտեսական խորհրդական Իլիա Լոպով: «Նախապտրաստական աշխատանքներ կը տարուին խաղաղ նպատակներով հիւլէական ճարտարագիտութիւններու ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրութեան համար», ըսած է դիւանագէտը` նշելով, որ կողմերը կը քննարկեն...

Ըստ «Տը Թայմզ»-ի.  Փաթրուշեւն Ու Պորթնիքովը Փութինը  Համոզած Են Ուքրանիա Ներխուժել

Ըստ «Տը Թայմզ»-ի. Փաթրուշեւն Ու Պորթնիքովը Փութինը Համոզած Են Ուքրանիա Ներխուժել

Բրիտանական «Տը Թայմզ» օրաթերթին համաձայն, Ուքրանիոյ մէջ զինուորական յատուկ գործողութիւն կատարելու գաղափարի ամէնէն վճռական ջատագովները եղած են Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւը եւ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան` «Էֆ.Էս.Պի.»-ի տնօրէն Նիքոլայ Պորթնիքովը: Ըստ «Տը Թայմզ»-ին անոնք են, որոնք Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը համոզած են յատուկ զինուորական գործողութիւնը սկսելու: Օրաթերթը հրապարակած է հատուած մը լրագրող Օուըն Մեթիուզի գիրքէն, որ յառաջիկային լոյս պիտի...

«Մենք Պիտի Ազատենք Իրանը», Յայտարարած Է  Պայտըն. Ռայիսի Պատասխանած Է

«Մենք Պիտի Ազատենք Իրանը», Յայտարարած Է Պայտըն. Ռայիսի Պատասխանած Է

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած է, որ Իրան շուտով «ազատ» պիտի ըլլայ: «Պլումպըրկ» կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտնած է նախընտրական հանրահաւաքի ընթացքին, սակայն չէ յստակացուցած, թէ «ազատ» ըսելով ի՛նչ նկատի ունի: Աղբիւրը կը գրէ, որ Պայտըն վեթերաններու խնամքը բարելաւելու նպատակով իր վարչակազմի ջանքերը ներկայացնելու ժամանակ կանգ առած է եւ ըսած. «Մի՛ մտահոգուիք, մենք պիտի ազատենք Իրանը»: Ապա...

Փութինն Ու Էրտողանը Համաձայնած Են  Հացահատիկը Անվճար Ուղարկել Ափրիկէ

Փութինն Ու Էրտողանը Համաձայնած Են Հացահատիկը Անվճար Ուղարկել Ափրիկէ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւններու ընթացքին որոշուած է հացահատիկը Ափրիկէին անվճար մատակարարել: Այս մասին կը հաղորդէ «Քոմերսանթ»-ը: Թուրքիոյ նախագահը մէկ օր առաջ յայտնած էր, որ հացահատիկի նորացուած գործարքի ծիրին մէջ հացահատիկի առաջին քանակը ուղարկուած է Սոմալի, Սուտան եւ Ճիպութի: «Փութինի հետ մեր բանակցութիւններուն ընթացքին մենք համաձայնած ենք անվճար հացահատիկ ուղարկել աղքատ...

Քալըն. «Եւրոպան Կրնայ Թուրքիոյ  Տարածքով Ռուսական Կազ Ստանալ»

Քալըն. «Եւրոպան Կրնայ Թուրքիոյ Տարածքով Ռուսական Կազ Ստանալ»

Եւրոպան կրնայ Թուրքիոյ «կազային հանգոյց»-ին միջոցով ռուսական կազ ստանալ, նման անհրաժեշտութիւն կայ: Այս մասին յայտնեց Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն: Փութին եւ Էրտողան նախապէս յանձնարարած էին մանրամասն եւ արագ մշակել Թուրքիոյ կազային հանգոյց ստեղծելու հարցը, որով, մասնաւորաբար, Ռուսիան կրնայ կազի տարանցումը «Հիւսիսային հոսք»-էն դէպի Սեւ ծովու շրջան եւ Թուրքիա տեղափոխել: «Եւրոպայի կողմէ ռուսական կազէն հրաժարիլը դիւրին հոլովոյթ պիտի չըլլայ, ատիկա...

«Շուէտն Ու Ֆինլանտան ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան  Շուրջ Համաձայնութեան Հիմամբ Իրենց Բոլոր  Յանձնառութիւնները Չկատարեցին»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Շուէտն Ու Ֆինլանտան ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Շուրջ Համաձայնութեան Հիմամբ Իրենց Բոլոր Յանձնառութիւնները Չկատարեցին» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ Շուէտն ու Ֆինլանտան ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան իրենց դիմումի ընդունումը արտօնող համաձայնութեան ծիրին մէջ իրենց բոլոր յանձնառութիւնները չկատարեցին եւ պէտք է շօշափելի քայլեր որդեգրեն: Չաւուշօղլու Պոլսոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ հանդիպումի ընթացքին ըսաւ, որ Թուրքիան նշմարած է, որ Ուլֆ Քրիսթերսոնի ղեկավարութեամբ Շուէտի նոր կառավարութիւնը իր յանձնառութիւններու կատարման հարցին մէջ վճռական գործելաոճ...

«Ռուսիան Իրեն Իրաւունք Կը Վերապահէ  Դուրս Գալու Հացահատիկային Համաձայնութենէն,  Եթէ Ուքրանիան Խախտէ Իր Իսկ Տուած Երաշխիքները»  Կ՛ըսէ Փութին

«Ռուսիան Իրեն Իրաւունք Կը Վերապահէ Դուրս Գալու Հացահատիկային Համաձայնութենէն, Եթէ Ուքրանիան Խախտէ Իր Իսկ Տուած Երաշխիքները» Կ՛ըսէ Փութին

Մոսկուան իրեն իրաւունք կը վերապահէ դուրս գալու հացահատիկային համաձայնութիւններէն, եթէ Քիեւ խախտէ մարդասիրական միջանցքը զինուորական նպատակներով չօգտագործելու խոստումները: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդին հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին: Ան բացատրած է, որ Ուքրանիան երաշխիքներ տուած է, որ հացահատիկի միջանցքը զինուորական նպատակներով պիտի չօգտագործուի: «Այդ առնչութեամբ ես յանձնարարական տուած եմ պաշտպանութեան...

Ռուսիոյ Եւ Իրանի Արտաքին  Գործոց Նախարարները  Քննարկած Են Հարաւային  Կովկասի Մէջ Տիրող Կացութիւնը

Ռուսիոյ Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Մէջ Տիրող Կացութիւնը

Ռուսիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովն ու Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին այլ հարցերու կողքին քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ կացութեան զարգացման վերաբերող հարցեր: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի ռուսական կողմի հաղորդագրութեան մէջ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն, երկու երկիրներու դիւանագիտութեան պետերը միտքեր փոխանակած են շրջանային խնդիրներու շուրջ` շեշտը դնելով...

Թեհրան Մտադիր Է Վերսկսիլ Հիւլէական  Գործարքի Վերականգնման Շուրջ Քննարկումները

Թեհրան Մտադիր Է Վերսկսիլ Հիւլէական Գործարքի Վերականգնման Շուրջ Քննարկումները

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտուլլահեան յայտարարած է, որ մտադիր է յառաջիկային Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելի հետ քննարկել Թեհրանի եւ «5+1»-ի (Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Չինաստան, Ֆրանսա, Բրիտանիա+Գերմանիա) միջեւ 2015 թուականի հիւլէական համաձայնագիրի վերականգնման ուղղուած փակուղիի մէջ յայտնուած բանակցութիւնները: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Իրանի դիւանագիտութեան պետին համաձայն, Թեհրան նաեւ մտադիր է պաշտօնական պատուիրակութիւն գործուղել...

Մեկնաբանելով Սէուտական Արաբիոյ Վրայ  Իրանի Մօտալուտ Յարձակումի Մասին  Տեղեկութիւնները`  Ուաշինկթըն. «Պիտի Չտատամսինք  Միջին Արեւելքի Մէջ Մեր Շահերն Ու  Գործընկերները Պաշտպանելու»

Մեկնաբանելով Սէուտական Արաբիոյ Վրայ Իրանի Մօտալուտ Յարձակումի Մասին Տեղեկութիւնները` Ուաշինկթըն. «Պիտի Չտատամսինք Միջին Արեւելքի Մէջ Մեր Շահերն Ու Գործընկերները Պաշտպանելու»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս, մեկնաբանելով Իրանի կողմէ Սէուտական Արաբիոյ վրայ մօտալուտ յարձակումի մը մասին տեղեկութիւնները, ըսաւ, որ իր երկիրը պիտի չտատամսի Միջին Արեւելքի մէջ իր շահերն ու գործընկերները պաշտպանելու: Ան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին մտահոգութիւն յայտնեց «(իրանեան) սպառնալիքներուն վերաբերեալ, մենք զինուորական, դիւանագիտական եւ գաղտնի սպասարկական խողովակներով մնայուն կապի մէջ ենք սէուտցիներուն հետ, եւ պիտի չտատամսինք շրջանին մէջ...

Պաքուն Կը Յայտարարէ Իրանի  Վերահսկողութեան  Տակ Գործող Զինեալ Խմբաւորման  Բացայայտման Մասին

Պաքուն Կը Յայտարարէ Իրանի Վերահսկողութեան Տակ Գործող Զինեալ Խմբաւորման Բացայայտման Մասին

Ազրպէյճանի անվտանգութեան պետական ծառայութիւնը յայտարարած է երկրին մէջ Իրանի գաղտնի սպասարկութեան վերահսկողութեան տակ գործող զինեալ խմբաւորումի բացայայտման մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով գերատեսչութեան պաշտօնական հաղորդագրութիւնը: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ խմբաւորումի պարագլուխները, որոնք հետախուզութեան կ՛ենթարկուին Ազրպէյճանի իրաւապահներու կողմէ, գործած են կրօնական գաղափարախօսութեան քարոզչութեան քողի տակ եւ այժմ թաքնուած են Իրանի մէջ: «Գերատեսչութիւնը բազմակողմանի քննութիւն կը կատարէ`...

Նեթանիահու Պիտի Վերստանձնէ  Իսրայէլի Վարչապետի Պաշտօնը

Նեթանիահու Պիտի Վերստանձնէ Իսրայէլի Վարչապետի Պաշտօնը

Իսրայէլեան խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէներու 97 առ հարիւրի արդիւնքներուն համաձայն, «Լիքուտ» կուսակցութեան ղեկավար, նախկին վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ապահոված է Քնեսեթի 120 աթոռներէն 65-ը: Ըստ գրեթէ վերջնական արդիւնքներուն, անոր ղեկավարած «Լիքուտ»-ը ապահոված է 31 աթոռ, իսկ կուսակցութեան բնական դաշնակիցները` 65, մինչ Իսրայէլի գործող վարչապետ Եայիր Լափիտի գլխաւորած դաշինքը` 50: Նեթանիահուի «Լիքուտ»-ը, Հրէական ազգայնական կրօնական սիոնականութիւն-Հրէական ուժ դաշինքը, Շասը եւ Միացեալ Թորա Հրէութիւնը...

Թուրքիան Մէկ Տարիով Երկարաձգած Է Ակնայի  Ռուս-Թրքական Մշտադիտարկման  Միացեալ Կեդրոնին Մէջ  Իր Զինուորներու Ներկայութիւնը

Թուրքիան Մէկ Տարիով Երկարաձգած Է Ակնայի Ռուս-Թրքական Մշտադիտարկման Միացեալ Կեդրոնին Մէջ Իր Զինուորներու Ներկայութիւնը

Թուրքիոյ խորհրդարանը մէկ տարիով երկարաձգած է 2020-ին 44-օրեայ պատերազմէն ետք Լեռնային Ղարաբաղ ուղարկուած զօրքերու տեղակայումը: «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ կառավարութեան համապատասխան միջնորդութեան երկարաձգումը պիտի սկսի 17 նոյեմբերին` «զինադադարի պահպանման, խախտումները կանխարգիլելու, շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ 44-օրեայ տագնապէն ետք Թուրքիոյ շահերու արդիւնաւէտ պաշտպանութեան եւ յառաջխաղացման համար»: «Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ կողմէ ստեղծուած մշտադիտարկման միացեալ կեդրոնը,...

Ուքրանիայէն Գրաւոր Երաշխիքներ  Ստանալէ Ետք`  Ռուսիան Վերականգնեց Ուքրանիայէն  Հացահատիկի Արտածման  Համաձայնութեան Իր Մասնակցութիւնը

Ուքրանիայէն Գրաւոր Երաշխիքներ Ստանալէ Ետք` Ռուսիան Վերականգնեց Ուքրանիայէն Հացահատիկի Արտածման Համաձայնութեան Իր Մասնակցութիւնը

Ռուսիան վերականգնեց Ուքրանիայէն հացահատիկի արտածման համաձայնութեան իր մասնակցութիւնը: Մոսկուա այդ քայլին դիմեց Քիեւէն ստանալէն ետք գրաւոր երաշխիքներ, թէ ապահով միջանցքը միայն հացահատիկի արտածման համար պիտի օգտագործուի: Համաձայնութեան մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը ողջունեց Ռուսիոյ մասնակցութեան վերականգնումն ու այդ մէկը իրագործելու համար Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ջանքերը:

«Փութինն Ու Պայտընը Կրնան Վերադառնալ  Ռուսիոյ Անվտանգութեան Երաշխիքներու Քննարկման»  Կ՛ըսէ Փեսքով

«Փութինն Ու Պայտընը Կրնան Վերադառնալ Ռուսիոյ Անվտանգութեան Երաշխիքներու Քննարկման» Կ՛ըսէ Փեսքով

Ռուսիոյ մտահոգութիւնները, ներառեալ անվտանգութեան առնչուած մտահոգութիւնները լսելու Միացեալ Նահանգներու ցանկութիւնը կրնայ հարթակ դառնալ երկիրներու ղեկավարներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ճօ Պայտընի միջեւ զրոյցի համար: Այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Միացեալ Նահանգներու ցանկութիւնը` լսելու մեր մտահոգութիւնները, այսինքն` իրականութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու ցանկութիւնը` վերադառնալու դեկտեմբեր-յունուար ամիսներուն գոյութիւն ունեցած կացութեան եւ հարցումներ ուղղելու: Այն, ինչ ռուսերը կ՛առաջարկեն, կրնայ բոլորին հաճելի չըլլալ,...

Ռուսիան Կը Շարունակէ Զանգուածային  Հարուածներ Հասցնել Ուքրանիոյ  Ենթակառոյցներուն

Ռուսիան Կը Շարունակէ Զանգուածային Հարուածներ Հասցնել Ուքրանիոյ Ենթակառոյցներուն

Ուքրանիոյ ենթակառոյցներու զանգուածային հրետակոծութիւնը ելեկտրական հոսանքի անջատումներ պատճառած է: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը հաղորդէ երկրի նախագահի գրասենեակը: «Եասնօ» ընկերութիւնը հաստատած է ելեկտրական հոսանքի հաւանական անջատումները: Ատիկա տեղի ունեցած է Ռուսիոյ կողմէ երէկ առաւօտեան հրետակոծութենէն ետք: Տարբեր մարզերէն կը հաղորդեն ուժանիւթի կայաններու վրայ հարուածներու մասին: Քիեւի քաղաքապետ Վիթալի Քլիչքօ ըսած է, որ, քաղաքին մէջ շուրջ 350...

Սեւասթոփոլի Վրայ Ուքրանական  Յարձակումէն Ետք.  Ռուսիան Առկախեց Հացահատիկի  Մատակարարման Շուրջ  Համաձայնութեան Իր Մասնակցութիւնը

Սեւասթոփոլի Վրայ Ուքրանական Յարձակումէն Ետք. Ռուսիան Առկախեց Հացահատիկի Մատակարարման Շուրջ Համաձայնութեան Իր Մասնակցութիւնը

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը շաբաթ օր յայտարարեց, որ Ռուսիան կ՛առկախէ ուքրանական նաւահանգիստներէն հացահատիկի արտածման իր մասնակցութիւնը` «այսօր Քիեւի` Սեւասթոփոլի ջուրերուն մէջ բրիտանացի մասնագէտներու մասնակցութեամբ Սեւ ծովու նաւատորմիղին ու հացահատիկներու անցքի անվտանգութեան երաշխաւորման համար աշխատող քաղաքային նաւերու վրայ շղթայազերծած ահաբեկչական յարձակումին պատճառով»: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը շաբաթ օր նախքան այդ յայտարարեց, որ ռուսական ուժերը դէմ դրած են Սեւասթոփոլի արտաքին ճամբուն վրայ յարձակումին եւ...

Ուաշինկթըն Կը Սպառնայ Ռուսիոյ Կողմէ  Իր Արբանեակներու Որեւէ Յարձակումի  «Պատշաճ Պատասխան» Տալ

Ուաշինկթըն Կը Սպառնայ Ռուսիոյ Կողմէ Իր Արբանեակներու Որեւէ Յարձակումի «Պատշաճ Պատասխան» Տալ

Մոսկուայի` «ամերիկեան արբանեակները կրնան օրինական թիրախներու վերածուիլ, եթէ Ուքրանիոյ տագնապին մէջ օգտագործուին» յայտարարելէն մէկ օր ետք, Ուաշինկթըն Ռուսիոյ սպառնաց Միացեալ Նահանգներու քաղաքային արբանեակներուն դէմ որեւէ յարձակումի «յարմար պատասխան» տալ: Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի համակարգող Ճոն Քըրպի յայտնեց. «Ամերիկեան ենթակառոյցին դէմ որեւէ յարձակում ներկայացուցած վտանգին պատշաճող պատասխանի պիտի արժանանայ»: Քըրպի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ «Ռուսիոյ` Ուքրանիոյ դէմ պատերազմը սադրիչ...

Փենթակոն. «Միացեալ Նահանգներ  Չեն Պատրաստուիր Հրթիռային  Հարուած Հասցնելու Սուրիոյ»

«Միացեալ Նահանգներու Թիւ Մէկ Մրցակիցը Չինաստանն Է, Իսկ Ռուսիան Սուր Սպառնալիք Է» Կ՛ըսէ Փենթակոն

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է 2022 թուականի Ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան հայեցակարգի ամբողջական տարբերակը, որուն համաձայն, անհրաժեշտ է պահպանել Ռուսիոյ հետ կապի խողովակները: Փենթակոն Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ կողմէ հիւլէական զէնք կիրարկելու մտադրութեան մասին վկայող նշաններ չի տեսներ եւ անոր կը մտահոգէ «Ռուսիոյ եւ Իրանի դաշինքի շարունակուող ամրապնդումը»: Ըստ Փենթակոնի հրապարակած փաստաթուղթին, Միացեալ Նահանգներու համար թիւ մէկ սպառնալիքը Չինաստանն է: «Չինաստանը...

Page 237 of 882 1 … 236 237 238 … 882

Արխիւներ