ՕԹԱՆ-ը պէտք չէ անմիջականօրէն մասնակից դառնայ Ուքրանիոյ տագնապին: Այս մասին գերմանական ԶՏՖ պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է ՕԹԱՆ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Ճուլիանա Սմիթ:
«ՕԹԱՆ-ը սկիզբէն ի վեր որոշում տուած է չդառնալու պատերազմի կողմ, եւ այդ դիրքորոշումը կը կիսեն դաշինքի բոլոր 30 անդամները: Գոյութիւն ունի Միացեալ Նահանգներու եւ Գերմանիոյ անհատական աջակցութիւնը: Կայ զինուորական եւ տնտեսական աջակցութիւն, սակայն ՕԹԱՆ-ը պէտք չէ ուղղակիօրէն մասնակից ըլլայ, եւ ես չեմ տեսներ այս դիրքորոշման փոփոխութիւն», ըսած է Սմիթ:


