Միջազգային

Սթոլթենպերկ Չ՛ուզեր Ուքրանիոյ Մէջ  Ռուսիոյ Պայմաններով Զինադադար Հաստատել

Սթոլթենպերկ Չ՛ուզեր Ուքրանիոյ Մէջ Ռուսիոյ Պայմաններով Զինադադար Հաստատել

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ խոստովանած է, որ դաշինքը չի ձգտիր Ուքրանիոյ մէջ ռուսական պայմաններով զինադադարի. ըստ անոր, ատիկա ազդանշան պիտի ըլլայ, որ ուժի կիրարկումը կը յանգեցնէ քաղաքական նպատակներու իրականացման: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Սթոլթենպերկ այս մասին յայտնած է Շարմ Շէյխի մէջ` կլիմայական խորհրդաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցող առցանց համախմբումի ժամանակ: «Եթէ Ուքրանիան ընդառաջէ Ռուսիոյ պահանջներուն եւ...

Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

Միացեալ Նահանգներու մէջ երէկ ընթացք առին Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւնները: Առաջին ընտրատեղամասերը բացուեցան Վերմանթի մէջ: Այս մասին հաղորդեց «ՖոքսՆիուզ»-ը: Ապա ընտրատեղամասերը բացուեցան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափի նահանգներու մեծ մասին մէջ: Քուէարկողները պիտի ընտրեն Ներկայացուցիչներու տան 435 անդամ եւ Ծերակոյտի 100 անդամներէն 35-ը: 36 նահանգներու մէջ պիտի ընտրեն նահանգապետներ: Ըստ նախատեսումներու, հանրապետականները կրնան մեծամասնութիւն դառնալ Քոնկրեսին մէջ: Հանրապետականները կրնան նաեւ մեծամասնութիւն ստանալ...

«Վրաստանը Հիասթափուած Է, Որ Մոլտովան  Եւ Ուքրանիան Ստացան Եւրոպական Միութեան  Անդամակցութեան Թեկնածուի Կարգավիճակ,  Իսկ Մենք Միայն` Հեռանկար»  Կ՛ըսէ Զուրապիշվիլի

«Վրաստանը Հիասթափուած Է, Որ Մոլտովան Եւ Ուքրանիան Ստացան Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Թեկնածուի Կարգավիճակ, Իսկ Մենք Միայն` Հեռանկար» Կ՛ըսէ Զուրապիշվիլի

Վրաստան հիասթափուած է, որ Մոլտովան եւ Ուքրանիան ստացած են Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ, իսկ Վրաստանը միայն` հեռանկար: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի` խօսք արտասանելով Սթրազպուրկի մէջ ժողովրդավարութեան համաշխարհային համախմբումի ընթացքին: «Վրաստանը մեծ հիասթափութիւն ապրեցաւ Ուքրանիոյ եւ Մոլտովային թեկնածուի կարգավիճակ տալու հոլովոյթին մէջ... Մենք այնքան եւրոպացի ենք եւ այնքան հինէն, որ...

Իրանն Ու Ռուսիան Միացեալ Քարիւղային  Խողովակաշար Պիտի Կառուցեն

Իրանն Ու Ռուսիան Միացեալ Քարիւղային Խողովակաշար Պիտի Կառուցեն

Իրանեան «Սինա Էնըրճի Կոսթար հոլտինկ»-ի գործադիր տնօրէնը ըսած է, որ ընկերութիւնը կը ծրագրէ ռուսական ընկերութիւններու աջակցութեամբ քարիւղի խողովակաշար կառուցել` քարիւղի մթերքներու տեղափոխման համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը: Մոհամետ Զիյար ներկայացուցած է մանրամասնութիւնները փաստաթուղթի մը, որ ստորագրուած է Իրանի քարիւղի նախարար Ժաւատ Օուճիի` վերջերս Ռուսիա կատարած այցելութեան ժամանակ` «Թապաշ» խողովակաշարի կառուցման վերաբերեալ: «Բանակցութիւններու հիման վրայ այս 948 քիլոմեթր...

ՀԱՊԿ-ի Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտերու  Պետերը Վաղը Պիտի Քննարկեն Զինուորական  Համագործակցութեան Հարցերը

ՀԱՊԿ-ի Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտերու Պետերը Վաղը Պիտի Քննարկեն Զինուորական Համագործակցութեան Հարցերը

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետերը 10 նոյեմբերին տեսաժողովի ձեւաչափով պիտի քննարկեն զինուորական համագործակցութեան հարցերը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին 8 նոյեմբերին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է ՀԱՊԿ-ի Միացեալ սպայակոյտի մամլոյ քարտուղար Վլատիսլաւ Շչեկրիքովիչ: «Ռուսիոյ զինեալ ուժերու զինուորական կոմիտէի նախագահ, սպայակոյտի պետ-Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, բանակի զօրավար Վալերի Կերասիմովի ղեկավարութեամբ նիստին պիտի մասնակցին...

«Ուքրանիոյ Տագնապը Եւրոպայի  Եւ Ռուսիոյ Յարաբերութիւնները  Վերադարձուց 2002 Թուական»  Կ՛ըսէ Պերլուսքոնի

«Ուքրանիոյ Տագնապը Եւրոպայի Եւ Ռուսիոյ Յարաբերութիւնները Վերադարձուց 2002 Թուական» Կ՛ըսէ Պերլուսքոնի

Իտալիոյ նախկին վարչապետ եւ «Յառաջ Իտալիա» կուսակցութեան ղեկավար Սիլվիօ Պերլուսքոնի ըսած է, որ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ յատուկ գործողութեան մեկնարկը Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի յարաբերութիւնները տարած է 2002 թուականի վիճակին: 2002 թուականի մայիսին Ռուսիան եւ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրները Փրաթիքա տի Մարէ ռազմակայանին մէջ համաձայնագիրներ կնքեցին հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու մէջ աշխատանքի ուժեղացման եւ ընդհանուր մարտահրաւէրները դիմակայելու վերաբերեալ: Պերլուսքոնիի համաձայն, վարչապետ եղած ժամանակ...

Մինչեւ 2035 Եւրոպական Միութեան Մէջ  Պիտի Արգիլուի Պենզինով Եւ Մազութով  Աշխատող Նոր Ինքնաշարժներու Վաճառքը

Մինչեւ 2035 Եւրոպական Միութեան Մէջ Պիտի Արգիլուի Պենզինով Եւ Մազութով Աշխատող Նոր Ինքնաշարժներու Վաճառքը

Չեխիոյ Հանրապետութիւնը, որ ներկայիս կը նախագահէ Եւրոպական Միութեան մէջ, յայտարարած է, որ անդամ պետութիւններու, Եւրոպական խորհրդարանի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի բանակցողները համաձայնած են, որ ինքնաշարժ արտադրողները պէտք է մինչեւ 2035 թուական հասնին փորոկածինի արտանետումներու 100 առ հարիւրնոց կրճատման: Ատիկա փաստօրէն պիտի արգիլէ պենզինով եւ մազութով աշխատող նոր ինքնաշարժներու եւ կցորդանիչով ինքնաշարժներու Եւրոպական Միութեան 27 երկիրներու մէջ վաճառքը: Արգելքը կլիմայի փոփոխութեան դէմ...

«Միացեալ Նահանգներ Անձամբ Փութինին  Տեղեկացուցած Են Հիւլէական Զէնքի  Կիրարկման Հետեւանքներուն Մասին»  Կ՛ըսէ Պլինքըն

«Միացեալ Նահանգներ Անձամբ Փութինին Տեղեկացուցած Են Հիւլէական Զէնքի Կիրարկման Հետեւանքներուն Մասին» Կ՛ըսէ Պլինքըն

Միացեալ Նահանգներ անձամբ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին տեղեկացուցած են Ռուսիոյ կողմէ հիւլէական զէնքի կիրարկման հետեւանքներուն մասին: Այս մասին «Պլումպըրկ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն: «Մենք ատիկա շատ յստակ եւ ուղղակիօրէն յայտնած ենք ռուսերուն, մասնաւորաբար` նախագահ Փութինին: Մենք մտահոգ ենք», ըսած է ան: Պլինքըն չէ յստակացուցած, թէ ե՛րբ եւ ի՛նչ ձեւով Փութինին յայտնած են...

Իսրայէլ Պատրաստ Է Ուքրանիոյ  Հակաօդային  Պաշտպանութեան «Որոշ»  Համակարգեր Մատակարարելու

Իսրայէլ Պատրաստ Է Ուքրանիոյ Հակաօդային Պաշտպանութեան «Որոշ» Համակարգեր Մատակարարելու

Իսրայէլ պատրաստ է Ուքրանիոյ հակաօդային պաշտպանութեան որոշ համակարգեր մատակարարելու, սակայն կան սահմանափակումներ, որոնք կը խոչընդոտեն այդ հոլովոյթը: «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկ: «Կան զէնքեր, որոնց նոյնիսկ արտածման տարբերակ չունինք, կան բաներ, որոնք պէտք չէ մեր թշնամիներու ձեռքը իյնան, կան գաղտնիքներ, որոնք մենք չենք կրնար յանձնել, սակայն հոն, ուր կրնանք օգնել, կը փորձենք օգնել», ըսած է...

Կլիմայի Փոփոխութեան Մասին  Շարմ Շէյխի Խորհրդաժողովին.  Կութիերես Յայտարարած Է, Որ Երկիր  Մոլորակը Դէպի «Կլիմայական Դժոխք» Կ՛ուղղուի

Կլիմայի Փոփոխութեան Մասին Շարմ Շէյխի Խորհրդաժողովին. Կութիերես Յայտարարած Է, Որ Երկիր Մոլորակը Դէպի «Կլիմայական Դժոխք» Կ՛ուղղուի

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես կարծիք յայտնեց, որ Երկիր մոլորակը կը շարժի դէպի «կլիմայական դժոխք», եւ կլիմայի փոփոխութիւնները կրնան անդառնալի դառնալ: Այս կարծիքը ան յայտնած Է` 7 նոյեմբերին Շարմ Շէյխի մէջ հանդէս գալով Կլիմայի փոփոխութեան մասին ՄԱԿ-ի պարփակ ուխտի կողմերու 27-րդ խորհրդաժողովին: «Ջերմոցային կազերու արտանետումները կը շարունակեն աճիլ, ընդհանուր ջերմաստիճանը կ՛աճի», ըսած Է ան` աւելցնելով. «Մեր մոլորակը արագօրէն կը մօտենայ...

Պաքուի Մէջ Հակաիրանեան  Ցոյց Տեղի Պիտի Ունենայ

Պաքուի Մէջ Հակաիրանեան Ցոյց Տեղի Պիտի Ունենայ

Ազրպէյճանական «Մուսաւաթ» կուսակցութիւնը 15 նոյեմբերին Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանատան առջեւ հակաիրանեան ցոյց պիտի կազմակերպէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը: Պաքուի գործադիր իշխանութեան ուղարկուած է համապատասխան ծանուցում: «Ցոյցը տեղի պիտի ունենայ ի նշան Իրանի հակաազրպէյճանական քաղաքականութեան եւ այդ երկրին մէջ խաղաղ ցոյցերու դաժան ճնշման դէմ բողոքի», նշած են «Մուսաւաթ» կուսակցութենէն: ասին:  

«Ուքրանական Ճգնաժամը Պարզապէս  Նախնական Պատրաստութիւն Է.  Մեծ Հակամարտութիւնը Հետագային Է»  Կ՛ըսէ Ծովակալ Ռիչըրտ

«Ուքրանական Ճգնաժամը Պարզապէս Նախնական Պատրաստութիւն Է. Մեծ Հակամարտութիւնը Հետագային Է» Կ՛ըսէ Ծովակալ Ռիչըրտ

Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական հրամանատարութեան ղեկավար, ծովուժի ծովակալ Չարլզ Ռիչըրտ նախազգուշացուցած է, որ ուքրանական ճգնաժամը նախնական պատրաստութիւն է, եւ որ Միացեալ Նահանգները, ըստ բարձրաստիճան զինուորականին, պէտք է պատրաստ ըլլան Չինաստանի մասնակցութեամբ համաշխարհային հակամարտութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիուզուիք»-ը: «Ուքրանական ճգնաժամը, որուն մէջ մենք այժմ կը գտնուինք, պարզապէս նախնական պատրաստութիւն է», ըսած է Ռիչըրտ` 2022 թուականի սուզանաւերու լիկայի տարեկան խորհրդաժողովի ընթացքին իր...

«Ուքրանիոյ Մէջ Խերսոնի Համար Կռիւը Վճռական Է,  Սթալինկրատի Ճակատամարտ Կը Սպասուի»  Կ՛ըսէ Վուչիչ

«Ուքրանիոյ Մէջ Խերսոնի Համար Կռիւը Վճռական Է, Սթալինկրատի Ճակատամարտ Կը Սպասուի» Կ՛ըսէ Վուչիչ

Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ «Փինք» պատկերասփիւռի կայանի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Ուքրանիոյ պատերազմին մէջ Խերսոնի համար ակնկալուող կռիւը վճռական նշանակութիւն պիտի ունենայ: Ան այդ սպասուող ճակատամարտը համեմատած է Համաշխարհային Բ. պատերազմի Սթալինկրատի ճակատամարտին հետ: «Մեր առջեւ ծանր ժամանակներ են, յաջորդ ձմեռը այս ձմրան համեմատութեամբ առաւել ծանր պիտի ըլլայ: Վճռականը Խերսոնի համար կռիւն է, թէ՛ մէկը եւ թէ՛...

Շիրազի Մէջ Ահաբեկչութեան  Կազմակերպիչը Ազրպէյճանի Քաղաքացի Է

Շիրազի Մէջ Ահաբեկչութեան Կազմակերպիչը Ազրպէյճանի Քաղաքացի Է

Իրանի Շիրազ քաղաքի Շահ Չըրաղ դամբարանին մէջ ահաբեկչական գործողութեան կազմակերպիչը Ազրպէյճանի քաղաքացի է: «Արմէնփրես», յղում կատարելով իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ 7 նոյեմբերին այս մասին յայտարարած է Իրանի իսլամական հանրապետութեան հետախուզութեան նախարարութիւնը: «Երկրին մէջ ահաբեկչական բջիջի գլխաւոր կազմակերպիչը եւ համակարգողը Ազրպէյճանի քաղաքացի է, որ, ժամանելով Թեհրան, անմիջապէս կապուած է Աֆղանիստանի մէջ ՏԱՀԵՇ խմբաւորման ներկայացուցիչներու հետ եւ անոնց տեղեկացուցած,...

Սալիվըն Հիւլէական Լարուածութեան  Լոյսին Տակ Ռուս  Պաշտօնատարներու Հետ Բանակցած Է

Սալիվըն Հիւլէական Լարուածութեան Լոյսին Տակ Ռուս Պաշտօնատարներու Հետ Բանակցած Է

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվըն լուսարձակներէ հեռու բանակցած է ռուս բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ` Ուքրանիոյ պատերազմի ընդարձակման կամ հիւլէական տագնապի վերաճման վտանգները կանխարգիլելու յոյսով: Այս մասին հաղորդեց «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ը: Ամերիկեան օրաթերթը ամերիկացի եւ դաշնակից պաշտօնատարներ մէջբերելով հաղորդեց, որ Սալիվըն անցնող ամիսներուն գաղտնի հաղորդակցութիւններ ունեցած է իր ռուս պաշտօնակից Նիքոլայ Փաթրուշեւի եւ Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովի...

Ազրպէյճանի Նախագահի Զինուորական  Հարցերով Օգնականը Այցելած Է Նախիջեւան

Ազրպէյճանի Նախագահի Զինուորական Հարցերով Օգնականը Այցելած Է Նախիջեւան

Ազրպէյճանի նախագահի զինուորական հարցերով օգնական Մագերամ Ալիեւ այցելած է Նախիջեւան եւ Ինքնավար շրջանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան հետ քննարկած Նախիջեւանի մէջ մնայուն կերպով տեղակայուած զօրամասերու նիւթական ու արհեստագիտական ապահովման, մարտական պայմաններու բարելաւման վերաբերող հարցեր: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: «Այցելութեան ծիրին մէջ իրականացուած է պետական սահմանի, սպայակոյտերու շէնքերու, զինուորականներու հանրակացարաններու, բժշկական կեդրոններու եւ այլ զինուորական վայրերու, ինչպէս նաեւ զրահապատ մեքենաներու,...

Մաքրոնն ու Շոլցը Պայտընին  Կը Սպառնան Առեւտրական Պատերազմով

Մաքրոնն ու Շոլցը Պայտընին Կը Սպառնան Առեւտրական Պատերազմով

Ֆրանսան եւ Գերմանիան կ՛ուզեն Ուաշինկթընի հետ բանակցիլ անբարեխիղճ մրցակցութեան շուրջ եւ պատրաստ են անհրաժեշտութեան պարագային հակահարուած տալ: Այս մասին կը հաղորդէ «Փոլիթիքօ»-ն: Հանրային վիճաբանութենէն ետք, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցն ու Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը ընդհանուր բան գտան` աճող մտահոգութիւններ Միացեալ Նահանգներու անբարեխիղճ մրցակցութեան եւ Եւրոպայի կողմէ պատասխան հարուած հասցնելու հաւանական անհրաժեշտութեան վերաբերեալ: Անոնք եկած են եզրայանգման, որ Միացեալ Նահանգներու ծրագիրները...

Իրան Ջուղայի Սահմանամերձ Շրջանին Մէջ  Մեծ Քանակով Ամերիկեան Զինամթերք Գրաւած Է

Իրան Ջուղայի Սահմանամերձ Շրջանին Մէջ Մեծ Քանակով Ամերիկեան Զինամթերք Գրաւած Է

Իրան յայտարարած է մեծ քանակով ամերիկեան արտադրութեան զէնքերու գրաւման մասին: Այս մասին հաղորդեց «Նիուզ»-ը: Արեւելեան Ազրպէյճան նահանգի սահմանապահ ծառայութեան հրամանատար զօր. Մոհամետ Ահմատին յայտնած է զէնքի գրաւման եւ զինավաճառի ձերբակալման մասին: Անոր խօսքով, վերոնշեալ զինամթերքը կարելի է օգտագործել երկրին մէջ խափանարարական գործողութիւններ կատարելու համար: Ահմատին յայտնած է, որ զէնք վաճառողը կը տեղափոխէ մեծ քանակով հում նիւթ, որ անհրաժեշտ է հրազէնի...

Ռուսիա Կը Զգուշացնէ Իսրայէլը.  «Կարմիր  Գիծը Անցնիլը Հետեւանքներ Ունի»

Ռուսիա Կը Զգուշացնէ Իսրայէլը. «Կարմիր Գիծը Անցնիլը Հետեւանքներ Ունի»

Թել Աւիւ Մոսկուայէն ստացած է յստակ զգուշացում մը, որ եթէ փորձէ երրորդ երկրի ճամբով Ուքրանիոյ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր ուղարկել, ատիկա կարմիր գիծի անցում պիտի նկատուի եւ հետեւանքներ պիտի ունենայ: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը` յղում կատարելով իսրայէլեան լրատուամիջոցներու: Իսրայէլեան անվտանգութեան արտադրութիւններու ընկերութիւն մը նախապէս Լեհաստանի ճամբով ուքրանական բանակին անօդաչու թռչող սարքերու դէմ համակարգեր ծախած է` «շրջանցելու համար Իսրայէլի`...

Շուէտ Այլեւս Պիտի Չաջակցի  Սուրիոյ Քրտական Խմբաւորումներուն

Շուէտ Այլեւս Պիտի Չաջակցի Սուրիոյ Քրտական Խմբաւորումներուն

Շուէտի նոր կառավարութիւնը այլեւս հանդէս չի գար ի պաշտպանութիւն Սուրիոյ մէջ գործող քրտական խմբաւորումներուն` Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն եւ Ժողովրդավարական միութեան: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին շուէտական ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Թոպիաս Պիլսթրիոմ: Ուշագրաւ է, որ այս յայտարարութիւնները կատարուած են Շուէտի վարչապետ Ուլֆ Քրիսթերսոնի` 8 նոյեմբերին Անգարա կատարելիք այցելութեան նախօրեակին: Այդ այցելութեան ծիրին...

Page 236 of 882 1 … 235 236 237 … 882

Արխիւներ