Իտալիոյ նախկին վարչապետ եւ «Յառաջ Իտալիա» կուսակցութեան ղեկավար Սիլվիօ Պերլուսքոնի ըսած է, որ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ յատուկ գործողութեան մեկնարկը Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի յարաբերութիւնները տարած է 2002 թուականի վիճակին:
2002 թուականի մայիսին Ռուսիան եւ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրները Փրաթիքա տի Մարէ ռազմակայանին մէջ համաձայնագիրներ կնքեցին հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու մէջ աշխատանքի ուժեղացման եւ ընդհանուր մարտահրաւէրները դիմակայելու վերաբերեալ:
Պերլուսքոնիի համաձայն, վարչապետ եղած ժամանակ ան ծրագրած է մերձեցնել Ռուսիան ու Եւրոպան, որպէսզի իբրեւ «ամրացուած Արեւմուտք», անոնք միասին «հակադրուին 21-րդ դարու գլխաւոր մարտահրաւէրին` չինական ծաւալապաշտութեան»:
«Ցաւօք, Ուքրանիա ներխուժումը չքացուց մեր ծրագիրը, որովհետեւ մենք վերադարձանք 2002 թուականի վիճակին, երբ Ռուսիան Եւրոպայէն մեկուսացուած էր, իսկ Եւրոպան եւ Արեւմուտքը միաւորուեցան ընդդէմ Ռուսիոյ», ըսած է ան` Ծերակոյտին մէջ արտասանած խօսքին ընթացքին:
«Ի հարկէ, այս կացութեան մէջ մենք կրնանք միայն Արեւմուտքին հետ ըլլալ` պաշտպանելու այնպիսի ազատ եւ ժողովրդավարական երկրի իրաւունքները, ինչպիսին Ուքրանիան է: Այս հարցին մէջ մեր դիրքորոշումը հաստատուն է եւ յստակ», ըսած է Պերլուսքոնի:


