Միացեալ Նահանգներ անձամբ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին տեղեկացուցած են Ռուսիոյ կողմէ հիւլէական զէնքի կիրարկման հետեւանքներուն մասին: Այս մասին «Պլումպըրկ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն:
«Մենք ատիկա շատ յստակ եւ ուղղակիօրէն յայտնած ենք ռուսերուն, մասնաւորաբար` նախագահ Փութինին: Մենք մտահոգ ենք», ըսած է ան:
Պլինքըն չէ յստակացուցած, թէ ե՛րբ եւ ի՛նչ ձեւով Փութինին յայտնած են նախազգուշացումը հաւանական հետեւանքներու մասին, որոնք Ռուսիոյ պիտի սպասեն հիւլէական զէնք կիրարկելու պարագային:
Մեկնաբանելով ռուսական կողմի պնդումը, թէ Ուքրանիա «կեղտոտ ռումբ» կը պատրաստէ, Պլինքըն զայն կոչած է «հերթական յօրինուածք»` յիշեցնելով, որ Ռուսիան բազմիցս ուրիշներուն վերագրած է այն գործողութիւնները, զորս ինք կը պատրաստուի կատարել:


