Ֆրանսան եւ Գերմանիան կ՛ուզեն Ուաշինկթընի հետ բանակցիլ անբարեխիղճ մրցակցութեան շուրջ եւ պատրաստ են անհրաժեշտութեան պարագային հակահարուած տալ: Այս մասին կը հաղորդէ «Փոլիթիքօ»-ն:
Հանրային վիճաբանութենէն ետք, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցն ու Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը ընդհանուր բան գտան` աճող մտահոգութիւններ Միացեալ Նահանգներու անբարեխիղճ մրցակցութեան եւ Եւրոպայի կողմէ պատասխան հարուած հասցնելու հաւանական անհրաժեշտութեան վերաբերեալ:
Անոնք եկած են եզրայանգման, որ Միացեալ Նահանգներու ծրագիրները պետական նպաստներու վերաբերեալ, որոնք կը խրախուսեն արտադրութեան Միացեալ Նահանգներ տեղափոխութիւնը, ազդեցութիւն ունին շուկային վրայ:
Փարիզի եւ Պերլինի միջեւ բազմաթիւ տարակարծութիւններ կան առանցքային քաղաքական հարցերու շուրջ, ինչպիսիք են ուժանիւթը եւ պաշտպանութիւնը, կը յիշեցնեն հեղինակները: Բայց եւ այնպէս կայ նաեւ հասարակաց բան: Երկու ղեկավարներն ալ համաձայնած են, որ Եւրոպական Միութիւնը չի կրնար անմասն մնալ, եթէ Ուաշինկթըն յառաջ մղէ գնաճի նուազեցման հրամանագիրը, որ կը ներառէ հարկերու կրճատում եւ ուժանիւթային խթաններ Միացեալ Նահանգներու մէջ ներդրումներ կատարող ընկերութիւններու համար:
Մասնաւորաբար, Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջերս ստորագրուած օրէնքները կը խրախուսեն սպառողները «ամերիկեանը գնելու», երբ խօսքը կը վերաբերի ինքնաշարժ ընտրելուն: Քայլ մը, որ յատկապէս մտահոգիչ է այնպիսի երկիրներու ինքնաշարժի մեծ արդիւնաբերութեան համար, ինչպիսիք են Ֆրանսան եւ Գերմանիան:
Հեղինակները կ՛եզրակացնեն, որ եթէ Միացեալ Նահանգներ հաշուի չառնեն Եւրոպական Միութեան պահանջները, ատիկա կրնայ առեւտրական նոր պատերազմի յանգեցնել: