Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիա Կը Զգուշացնէ Իսրայէլը. «Կարմիր Գիծը Անցնիլը Հետեւանքներ Ունի»

Նոյեմբեր 7, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թել Աւիւ Մոսկուայէն ստացած է յստակ զգուշացում մը, որ եթէ փորձէ երրորդ երկրի ճամբով Ուքրանիոյ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր ուղարկել, ատիկա կարմիր գիծի անցում պիտի նկատուի եւ հետեւանքներ պիտի ունենայ: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը` յղում կատարելով իսրայէլեան լրատուամիջոցներու:

Իսրայէլեան անվտանգութեան արտադրութիւններու ընկերութիւն մը նախապէս Լեհաստանի ճամբով ուքրանական բանակին անօդաչու թռչող սարքերու դէմ համակարգեր ծախած է` «շրջանցելու համար Իսրայէլի` Ուքրանիոյ արդիական զէնքեր ծախելու արգելքը»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանի արտաքին յարաբերութիւններու մեկնաբան Կիլի Թամարի այդ առնչութեամբ յայտնած է. «Ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնը հաստատեց Զելենսքիի անցեալ շաբթուան պնդումը, երբ Իսրայէլին կոչ ուղղեց` Քիեւին օգնելու»` ընդդէմ «Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ զինուորական համագործակցութեան»:

Զելենսքի օրին նշած էր. «Իրանի` Ռուսիոյ տրամադրած զինուորական օժանդակութեան դիմաց, իրանցիները պահանջած են սարքեր ու հիւլէական վառելանիւթ` արագացնելու համար իրենց հիւլէական ծրագիրը»:

Թամարի այդ խօսքը մեկնաբանելով ըսաւ. «Ամերիկացիներուն համար հիմա յստակ չէ Ռուսիոյ պատասխանը: Յամենայն դէպս, եթէ ռուսերը ընդառաջեն, ապա ատիկա խախտում պիտի ըլլայ հիւլէական համաձայնութեան, եւ ռուսերը զայն ստորագրած են եւ յանձնառու են ատոր»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանի զինուորական մեկնաբան Նիր Տվուրի իր կարգին շաբաթ օր յայտնած է. «Իրան-Ռուսիա-Իսրայէլ այս եռանկիւնը վերջին օրերուն սկսած է շիկանալ, եւ Իսրայէլ շատ մտահոգ է, որ ռուսերը իրանեան օժանդակութեան դիմաց ի՛նչ պիտի տան»:

Իսրայէլեան «Քան» պատկերասփիւռի կայանը իր զեկուցումին մէջ յայտնած է, որ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը այժմ «քուլիսներու ետին կ՛օգտագործուի իբրեւ Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ բախումի հարթակ»:

Իրան Պաշտօնապէս Հաստատած Է,
Որ Ռուս–Ուքրանական Պատերազմէն Առաջ Ռուսիոյ
Մատակարարած Է Անօդաչու Թռչող Սարքեր

Իրան առաջին անգամ ըլլալով հաստատած է, որ Ռուսիոյ մատակարարած է անօդաչու թռչող սարքեր: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` մէջբերելով Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի խօսքը:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը յայտնած է, որ Թեհրան Մոսկուային մատակարարած է «փոքր քանակով անօդաչու թռչող սարքեր», իսկ մատակարարումը կատարուած է ռուս-ուքրանական պատերազմէն քանի մը ամիս առաջ:

Ապտոլլահեան նաեւ ընդգծած է, որ Իրան ինքզինք չի նկատեր Ուքրանիոյ մէջ տագնապի կողմ, եւ եթէ Թեհրանին ներկայացուին պատերազմի մէջ անօդաչու թռչող սարքերու կիրարկման ապացոյցներ, երկիրը «անտարբեր պիտի չմնայ»:

Ան նշած է, որ Իրանն ու Ուքրանիան համաձայնութիւն ունին նման ապացոյցներ ներկայացնելու վերաբերեալ:

Իրանի իշխանութիւնները նախապէս հերքած են այդ գործարքի մասին յայտարարութիւնները, հակառակ այն հանգամանքին, որ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերը բազմիցս յայտնած են իրանեան արտադրութեան անօդաչու թռչող սարքերու ոչնչացման մասին:

Նախորդը

Շուէտ Այլեւս Պիտի Չաջակցի Սուրիոյ Քրտական Խմբաւորումներուն

Յաջորդը

Իրան Ջուղայի Սահմանամերձ Շրջանին Մէջ Մեծ Քանակով Ամերիկեան Զինամթերք Գրաւած Է

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?