Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալիվըն Հիւլէական Լարուածութեան Լոյսին Տակ Ռուս Պաշտօնատարներու Հետ Բանակցած Է

November 8, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվըն լուսարձակներէ հեռու բանակցած է ռուս բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ` Ուքրանիոյ պատերազմի ընդարձակման կամ հիւլէական տագնապի վերաճման վտանգները կանխարգիլելու յոյսով: Այս մասին հաղորդեց «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ը:

Ամերիկեան օրաթերթը ամերիկացի եւ դաշնակից պաշտօնատարներ մէջբերելով հաղորդեց, որ Սալիվըն անցնող ամիսներուն գաղտնի հաղորդակցութիւններ ունեցած է իր ռուս պաշտօնակից Նիքոլայ Փաթրուշեւի եւ Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովի հետ:

Բանակցութիւնները տեղի ունեցած են այն պահուն, երբ Արեւմուտքը Մոսկուան ամբաստանած է հիւլէական ուժի կիրարկման վերաբերեալ յաճախակի խօսելու յանցանքով: Անոնցմէ վերջինը առանց ապացոյցերու ներկայացման Քիեւը իրերայաջորդ կերպով «կեղտոտ ռումբ»-ի օգտագործման պատրաստուելու յանցանքով ամբաստանելն էր:

Սալիվըն անցեալ ուրբաթ այցելած էր Քիեւ եւ Ուաշինկթընի «հաստատ եւ ուժեղ» աջակցութիւնը խոստացած:

Ամերիկեան այլ ազդեցիկ օրաթերթ մը` «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ը, վկայակոչելով Սպիտակ տան անանուն պաշտօնատարները, հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը Ուքրանիոյ ղեկավարները յորդորած էր Ռուսիոյ հետ բանակցելու պատրաստակամութիւն դրսեւորելու:

Առաջարկի նպատակը ոչ թէ Քիեւին բանակցութիւններու սեղան նստիլ ստիպելն է, այլ ապահովել աջակցութիւնը Ուքրանիոյ այն երկիրներուն մէջ, ուր քաղաքացիներուն կրնայ մտահոգել ընթացիկ պատերազմի երկար տարիներու հեռանկարը:

Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի, խօսքը ո՛չ միայն եւրոպական, այլ նաեւ ափրիկեան ու հարաւ ամերիկեան երկիրներու մասին է, որովհետեւ այնտեղ աւելի սուր կերպով դրսեւորուած են այս պատերազմի մեկնարկէն ետք ի յայտ եկած ուժանիւթային եւ պարենային ճգնաժամերը:

Միեւնոյն ժամանակ ամերիկացի պաշտօնատարներու կարծիքով, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին անլուրջ կը վերաբերի բանակցային հոլովոյթին:

Օրաթերթի զրուցակիցները կ՛ենթադրեն, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի կրնայ որոշակի զիջումներու դիմել եւ սատարել բանակցութիւններու գաղափարին:

Ուքրանական կողմը չէ արձագանգած այդ խնդիրը մեկնաբանելու ամերիկեան օրաթերթի խնդրանքին:

Ռուս-ուքրանական բանակցութիւնները դադրեցուած են այս տարուան մայիսին: Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ ներկայացուցիչներու վերջին դէմ առ դէմ հանդիպումը տեղի ունեցած է մարտի վերջաւորութեան, Պոլսոյ մէջ:

Նախորդը

Ազրպէյճանի Նախագահի Զինուորական Հարցերով Օգնականը Այցելած Է Նախիջեւան

Յաջորդը

Շիրազի Մէջ Ահաբեկչութեան Կազմակերպիչը Ազրպէյճանի Քաղաքացի Է

RelatedPosts

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ  Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին»  Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի
Գլխաւոր լուրեր

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին» Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի

October 6, 2026
Եմէնի Կառավարական Ուժերը Պապ Մանտեպի Մէջ  Հուսիներուն Դէմ Զինուորական «Վճռական»  Գործողութիւն Մը Շղթայազերծեցին
Միջազգային

Եմէնի Կառավարական Ուժերը Պապ Մանտեպի Մէջ Հուսիներուն Դէմ Զինուորական «Վճռական» Գործողութիւն Մը Շղթայազերծեցին

October 6, 2026
Փեսքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է  Ուքրանիոյ Մէջ Խաղաղութեան Հասնելու»
Միջազգային

Փեսքով. «Ռուսիան Միացեալ Նահանգներու Հետ Կը Քննարկէ Ուժանիւթի Ոլորտին Մէջ Հաւանական Համագործակցութիւնը»

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.