Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուքրանական Ճգնաժամը Պարզապէս Նախնական Պատրաստութիւն Է. Մեծ Հակամարտութիւնը Հետագային Է» Կ՛ըսէ Ծովակալ Ռիչըրտ

November 8, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական հրամանատարութեան ղեկավար, ծովուժի ծովակալ Չարլզ Ռիչըրտ նախազգուշացուցած է, որ ուքրանական ճգնաժամը նախնական պատրաստութիւն է, եւ որ Միացեալ Նահանգները, ըստ բարձրաստիճան զինուորականին, պէտք է պատրաստ ըլլան Չինաստանի մասնակցութեամբ համաշխարհային հակամարտութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիուզուիք»-ը:

«Ուքրանական ճգնաժամը, որուն մէջ մենք այժմ կը գտնուինք, պարզապէս նախնական պատրաստութիւն է», ըսած է Ռիչըրտ` 2022 թուականի սուզանաւերու լիկայի տարեկան խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ:

«Մեծը (հակամարտութիւնը, «Ա.») կու գայ: Եւ շատ ժամանակ պիտի չանցնի, երբ մենք պիտի անցնինք այնպիսի փորձութենէ, որով երկար ժամանակ չէինք անցած: Մենք պէտք է արագ, հիմնարար փոփոխութիւն մը կատարենք ազգի պաշտպանութեան մեր մօտեցումներու հարցին մէջ… Երբ ես կը գնահատեմ Չինաստանի դէմ մեր զսպման մակարդակը, ապա կրնամ ըսել, որ նաւը կամաց-կամաց կը խորտակուի: Անիկա դանդաղ կը խորտակուի, սակայն կը խորտակուի, որովհետեւ սկզբունքօրէն անոնք աւելի արագ կը տեղակայեն իրենց ուժերը, քան մենք: Որովհետեւ այս տարբերութիւնը կը մեծնայ, նշանակութիւն պիտի չունենայ, թէ որքա՛ն լաւ են մեր հրամանատարները: Մենք գիտենք ինչպէ՛ս արագ շարժիլ, սակայն մենք կորսնցուցած ենք ատոր արուեստը», ըսած է Ռիչըրտ:

Ծովակալին համաձայն, Միացեալ Նահանգներ մոռցած են, թէ ինչպէ՛ս պէտք է «արագ գործել»:

Փենթակոն հոկտեմբերի վերջաւորութեան հրապարակած էր Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նոր ռազմավարութիւնը: Անիկա երկու շաբաթ առաջ Սպիտակ տան կողմէ հրապարակուած Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան շարունակութիւնն էր: Պաշտպանութեան նախարարութեան փաստաթուղթին մէջ իբրեւ հիմնական սպառնալիք կը նշուի ուժեղացող Չինաստանը եւ «տակաւին» վտանգաւոր եղող Ռուսիան:

 

 

Նախորդը

«Ուքրանիոյ Մէջ Խերսոնի Համար Կռիւը Վճռական Է, Սթալինկրատի Ճակատամարտ Կը Սպասուի» Կ՛ըսէ Վուչիչ

Յաջորդը

Պաքուի Մէջ Հակաիրանեան Ցոյց Տեղի Պիտի Ունենայ

RelatedPosts

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ  Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին»  Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի
Գլխաւոր լուրեր

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին» Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի

October 6, 2026
Եմէնի Կառավարական Ուժերը Պապ Մանտեպի Մէջ  Հուսիներուն Դէմ Զինուորական «Վճռական»  Գործողութիւն Մը Շղթայազերծեցին
Միջազգային

Եմէնի Կառավարական Ուժերը Պապ Մանտեպի Մէջ Հուսիներուն Դէմ Զինուորական «Վճռական» Գործողութիւն Մը Շղթայազերծեցին

October 6, 2026
Փեսքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է  Ուքրանիոյ Մէջ Խաղաղութեան Հասնելու»
Միջազգային

Փեսքով. «Ռուսիան Միացեալ Նահանգներու Հետ Կը Քննարկէ Ուժանիւթի Ոլորտին Մէջ Հաւանական Համագործակցութիւնը»

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.